Կարդինալ Քևին Ֆարելի յայտարարութիւնը Կանանց նկատմամբ բռնութեան վերացման միջազգային օրուան առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր կը յիշատակուի Կանանց նկատմամբ բռնութեան վերացման միջազգային օրը, որուն առիթով Աշխարհականներու, Ընտանիքի և կեանքի Վերատեսչութեան Վերատեսուչը կարդինալ Քևին Ֆարել ընդգծած է Եկեղեցւոյ դերի կարևորութիւնը այս երևոյթի դէմ պայքարի և կանխարգիլման գործին մէջ։
«Եկեղեցին ունի. բռնութեան և շահագործման զոհ դարձած կանանց հետ մօտ ըլլալու խնդիրը և այդ մօտիկութիւնը կարող է արտայայտուիլ բազմաթիւ ձևերով՝ բռնութեան զոհերու համար ապահով տեղաւորման առաջարկէն մինչև հոգեբանական և հոգևոր աջակցութիւն՝ տուժածներուն օգնելու, որպէսզի յաղթահարեն ստացած հարուածի ծանրութիւնը եւ բողոքէն բռնութեան դէմ»։
«Հիմնական իրականութիւնը կանանց նկատմամբ յարգանքի կրթութիւնն է, որ ձեռք կը բերուի խնդրի մասին իրազեկումով նաև ընտանիքներու և քրիստոնէական համայնքներուն մէջ» կը հաստատէ Կարդինալ Ֆարելը եւ կոչ կ՛ուղղէ «ամբողջ աշխարհի եկեղեցական կառոյցներուն քայլեր ձեռնարկել՝ ընտանիքներուն, երիտասարդներուն, նշանուած զոյգերուն և համայնքներուն առաջարկելու կրթական ուղիներ՝ ուղղուած կանանց նկատմամբ բռնութեան կանխարգելման»:
«Ասիկա հովուական պատասխանատուութիւն է, որով կը բացայայտուի Եկեղեցւոյ կոչումը` ըլլալու խաղաղութեան գործիք» կը նշէ Աշխարհականներու, Ընտանիքի և կեանքի Վերատեսչութեան Վերատեսուչը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ