Յոբելենական Սուրբ Տարին եւ Քահանայապետական Տաճարներու Սուրբ Դուռերը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
24 Դեկտեմբեր 2024ին պիտի բացուի Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարի Սուրբ Դուռը, որով պիտի ազդարարուի 2025 թուականի Յոբելենական Սուրբ Տարուայ սկիզբը, որ՝ հիմնուելով Սրբազան Քահանայապետին «Spes non confundit» Կոնդակին վրայ կ’անուանուի նաեւ Յոյսի Յոբելենական տարի։
Պիտի յաջորդեն Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս, Սանթա Մարիա Մաճճորէ, Սուրբ Պօղոս Ֆուորի լը Մուրա․ Քահանայապետական Պազիլիքաներուն դռնբացէքի արարողութիւնները՝ համապատասխանաբար յառաջիկայ՝ 29 Դեկտեմբերին, 1 Յունուարին, 5 Յունուարին։
Յոբելեանին ընդառաջ վարը կը ներկայացնենք Քահանայապետական Տաճարներու Սուրբ Դուռերուն հայող հակիրճ պատմական անդրադարձ։
Սուրբ Պետրոսի Սուրբ Դուռի պատմութիւնը
Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային Սուրբ Դուռի ճշգրիտ ամսաթիւը յայտնի չէ։ Ամենայն հաւանականութեամբ ան կառուցուած է Սիքստոս Դ Տելլա Ռովերէի կողմէ 1475 թուականի Յոբելեանի համար։ նշենք թէ, մինչ այդ թուականը Յոբելեանները սկզբնական շրջանին կը կատարուէին ամէն 50 տարի անգամ մը իսկ 1475էն մինչ օրս իւրաքանչիւր 25 տարին։ Ընդհանուր առմամբ պատմութեան ընթացքին տօնախմբուած են 30 Սուրբ Տարիներ՝ ներառեալ 6 Արտակարգ Տարիները, որոնցմէ վերջինը՝ Ողորմութեան Սուրբ Տարին նշուած է 2015-16 թուականներուն։
Սուրբ Պետրոսի Սուրբ Դուռը ներկայիս բրոնզէ է, որու երկու փեղկերուն տասնվեց վահանակներուն վրայ ներկայացուած են մարդկային մեղքերուն եւ աստուածային ներումին հայող Աստուածաշնչական տեսարաններ։ Ան ունի 3,60 մեթր բարձրութիւն եւ 2,15 մեթր լայնութիւն եւ կառուցուած է 1950 թուականի Յոբելեանի առթիւ։ Իտալացի քանդակագործ Վիքօ Քոնսորթիի հեղինակած գործը՝ առաջնորդութեամբ աստուածաբան Մանլիօ Սավելլիին, փոխարինած է Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետի կողմէ 24 Դեկտեմբեր 1749 ին բացուած փայտէ դռանը։
Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Տաճարը եւ առաջին Սուրբ Դուռը
29 Դեկտեմբեր 2024ին Սրբազան Պապը պիտի բանայ Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Մայր Տաճարի Սուրբ Դուռը։
Կ’ենթադրուի, որ Յոբելեաններու պատմութեան մէջ առաջին Սուրբ Դուռին բացումը աս Տաճարինը եղած է, որ կատարուած է 1423ին ՝ ձեռամբ Մարթինօ Ե Քահանայապետին։
Սուրբ դուռերէն ամէնէ հինը գոյութիւն ունեցած է սակայն պատմութեան մէջ դեռեւս առաջին Յոբելեանէն առաջ՝ յայտարարուած 1300ին Պոնիֆացիոս Ը Քահանայապետի կողմէ։ Ան կառուցուած է Իտալիոյ Աքուիլա քաղաքի Քոլլեմաճօ Պազիլիքայի ձախ պատին՝ 1294 թուականին Չելեսթինօ Ե Պապի կողմէ եւ անգամ մինչ օրս ըստ աւանդոյթի կը բացուի միայն մէկ օր՝ օգոստոս 28-ի երեկոյեան մինչև 29ի երեկոյ:
Սանթա Մարիա Մաճճորէի պատմութիւնը
Հետաքրքրական է Հռոմի Պապական Պազիլիքաներէն Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէի պատմութիւնը, որու Սուրբ Դուռի բացումը յառաջիկայ Յոբելեանի առթիւ Պապը պիտի կատարէ 1 Յունուար 2025ին։
Կան վկայութիւններ, որ սկսած 1390 թուականէն Տաճարը ունեցած է Սուրբ դուռ, որով հաւատացեալները կարող էին անցնիլ լիակատար ներումի պարգեւը ստանալու համար:
Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը արեւմուտքի ամենէն հին մարեմեան տաճարն է, կառուցուած Սիքստոս Գ Քահանայապետի կողմէ, Եփեսոսի ժողովէն (431 թուական) քիչ յետոյ, ուր Մարիամ հռչակուած էր իբր «Աստուածամայր»։
Պազիլիքան կառուցուած է այն վայրին վրայ, որտեղ 359 թուականի 5 Օգոստոսին Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը ձիւն տեղացնել կու տայ։ Այս երեւոյթին դիմաց, Լիպերիոս Քահանայապետը սահմանագծել կու տայ հողը, որուն վրայ կը բարձրանայ Սրբուհի Մարիամին նուիրուած աւագ տաճարը, այդ պատճառով ժամանակին կոչուած էր Լիպերեան տաճար։
Իսկ հռոմէացիները նաեւ կը կոչեն Ձիւնի Տիրամօր տաճար։ Պազիլիքային մէջ պահպանուած է նաեւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն Տիրամօր սրբանկարը։
Սուրբ Պօղոսի Ֆուորի լէ Մուրա Պազիլիքան
Սուրբ Պօղոսի Ֆուորի Լէ Մուրա Պազիլիքայի Սուրբ Դուռը կառուցուած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ եւ նուիրաբերուած 1070 թուականին։
Որպէս քրիստոնեաներու միութեան Առաքեալ, Սուրբ Պօղոսի Սուրբ Դուռի բացումը՝ նախատեսուած 5 Յունուար 2025ին, առաջնային նշանակութիւն ունի։ Պօղոսի առաքելութիւնը հրեաներէն արագօրէն տարածուած էր Արաբիոյ, Փոքր Ասիոյ, Մակեդոնիայի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի ժողովուրդներու միջեւ, ուր Ան հիմնած էր բազմաթիւ քրիստոնէական համայնքներ:
«Պօղոս Առաքեալի վկայութեամբ հաւատացեալները, ուխտաւորներն ու զբօսաշրջիկները ողջ աշխարհէն եզակի հնարաւորութիւն ունին ապրելու խորը դարձի եւ հաւատքի, միութեան և Տիրոջ հետ շփման գեղեցիկ փորձառութիւնը», այս մասին յայտարարած է Սուրբ Պօղոսի Ֆուորի լէ Մուրա աբբայութեան նորընծաներու ուսուցիչ Հայր Լոտովիքօ Թորիզին։
Աւելցնենք, որ 2000ականներուն նոր հետաքրքրութիւն առաջացած էր Պօղոս Տարսոնացիի կերպարին շուրջ․ ծնունդէն երկու հազար տարի անց՝ Պօղոս Առաքեալի անունը կրող Քահանայապետական Տաճարի Խորանի վարը գտնուող դամբարանի մանրազնին գիտական ուսումնասիրութիւնները՝ յատուկ խորաչափի օգնութեամբ, հաստատած էին մասունքներուն անոր պատկանելութիւնը։
Քրիստոնէական յոյսի լոյսը թող հասնի իւրաքանչիւր մարդու
Ի վերջոյ նշենք, որ Յոբելենական Տարին իր աւարտը պիտի գտնէ 6 Յունուար 2026 թուականին՝ Տիրոջ Աստուածայայտնութեան օրը Սուրբ Պետրոսի Տաճարի Սուրբ Դռան փակմամբ։ Ուստի կ’ուզենք աւարտել Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերով․ «Քրիստոնէական յոյսի լոյսը թող հասնի իւրաքանչիւր մարդու՝ որպէս Աստուծոյ սիրոյ պատգամ՝ ուղղուած բոլորին: Եւ թող Եկեղեցին այս աւետումի հաւատարիմ վկան ըլլայ աշխարհի բոլոր վայրերու մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ