2024.06.25 obolo

Սուրբ Պետրոսի Գանձանակ նուիրաբերութիւնները կ’աւելնան

Համաձայն «Սուրբ Պետրոսի Գանձանակ»ի զեկոյցի՝ դրամական նպաստները շուրջ 5 միլիոն եւրոյի աճ գրանցած են՝ 2022 թուականի համեմատ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

2023 թուականին «Սուրբ Պետրոսի Գանձանակ» հիմնադրամի եկամուտները կազմած են 52 միլիոն եւրօ, իսկ ծախսերը՝ 109,4 միլիոն եւրօ։

Գանձանակը 2023 թուականին տարբեր ծրագիրներու համար յատկացուցած է 103 միլիոն եւրօ, որմէ՝ 90 միլիոնը ծառայած է Սուրբ Աթոռի կողմէ Պապի միսիոնարական ծառայութեան ուղղուած աշխատանքներուն աջակցութեան, իսկ 13-ը ծախսուած է ի աջակցութիւն առաւել կարիքաւորներուն, անոնց շարքին՝ պատերազմներէն ու կլիմայական փոփոխութիւններէն տուժած բնակչութիւնները, գաղթականները ու փախստականները, դժուարութեան մէջ յայտնուած կրօնական հաստատութիւնները։

103 միլիոն ներդրումներէն 51 միլիոնն է Գանձանակէն, մինչդեռ 48,4 միլիոնը դրամական տարբեր նպաստներէն է, իսկ 3,6 միլիոն անշարժ գոյքի շահոյթներէն:

Նպաստներու երկու երրորդը թեմերէն է

«Սուրբ Պետրոսի Գանձանակ» նուիրաբերութիւնները կը կատարուին երեք հիմնական ձեւաչափերով․

- Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս Առաքելապետերու տօնին առթիւ կատարուած հանգանակութիւններ։ 2023ին Գանձանակ  փոխանցուած է 31,2 միլիոն եւրօ (64,4%), նուիրաբերումներու երկու երրորդը։

- Ուղղակի նուիրաբերումներ՝ դրամատուներու փոխանցումներու միջոցաւ՝ 2,1 միլիոն եւրօ (4,4%)

- Հրիտակի՝ ժառանգութեան կտակման միջոցաւ կատարուած նուիրաբերութիւններ․13,9 միլիոն եւրօ (28,8%) Հիմնադրամներու եւ 1,2 մլն եւրօ (2,4%) կրօնական հաստատութիւններու կողմէ։

Աշխարհագրական տեսանկիւնէ Միացեալ Նահանգները ամէնէ խոշոր բարերարն է, որուն կը հետեւին մեծ անջրպետով՝ Իտալիան, Պրազիլը, Գերմանիան, Քորէան, Ֆրանսան։


Ֆինանսաւորուած են 236 ծրագիրներ՝ 76 երկրներէն ներս

2023ին Գանձանակը 13 միլիոն եւրօ ընդհանուր գումարով աջակցած է 236 ծրագիրներու՝ 76 երկրներէն ներս։ Եւրոպական մայրցամաքի մէջ իրականացուած ծրագիրները ստացած են ամենէ շատ ֆինանսական օժանդակութիւնը, կը յաջորդեն Ափրիկէի եւ Ամերիկայի մայրցամաքները: Անդրադառնալով մասնաւորապէս Եւրոպային, պէտք է նշել, որ յատկացուած կէս միլիոն եւրօն օգտագործուած է Ափրիկէի, Լատին Ամերիկայի եւ Ասիոյ քահանաներու, նորընծաներու եւ կրօնական անձերու համալսարանական ուսման կրթաթոշակները ապահովելու համար։ Մինչդեռ գրեթէ մէկ միլիոնը՝ նուիրաբերուած է պատերազմէն տուժած Ուքրանիոյ՝ տարբեր հովուական եւ ընկերային նախաձեռնութիւններու նպատակով:

2023 թուականին նուիրատութիւնները աճած են

2022 թուականին «Սուրբ Պետրոսի Գանձանակ» ստացած եկամուտները կազմած էին 107 միլիոն եւրօ, որ սակայն, ամբողջապէս նուիրատութիւններու շնորհիւ չէ եղած՝ այլ զգալի մասը՝ 63,5-ը անշարժ գոյքի վաճառքի արդիւնք է։ Իսկ զուտ նուիրաբերութիւնները կազմած են 43,5 միլիոն։ Ուստի այս տեսանկիւնէ հարկ է նշել, որ 2023 թուականին կատարուած դրամական նպաստները, որոնք կազմած են 48,4 միլիոն եւրօ, 2022ի համեմատ աճած են 5 միլիոն եւրոյով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/07/2024, 11:34