Աղօթքի հսկում ողջ աշխարհի եւ Եկեղեցւոյ մէջ գործած մեղքերու թողութեան համար` Սինոդի երկրորդ նստաշրջանի մեկնարկին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2024ին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցան Սիւնհոդոսականութեան համար Սինոդի, այսինքն Եպիսկոպոսաց Սինոդի ԺԶ Սովորական Ընդհանուր Ժողովին Երկրորդ նստաշրջանի աշխատանքները, որոնք պիտի կայանան Հոկտեմբեր 2էն 27ը։
Ելոյթներով հանդէս եկան Եպիսկոպոսներու Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղար Կարդինալ Մարիօ Կրէք, Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովին Գլխաւոր Զեկուցող Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխ, Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի Նախագահ Փաոլօ Ռուֆֆինի, Յատուկ Քարտուղար Հայր Ճաքոմօ Քոսթա եւ Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի Քարտուղար Շեյլա Փիրես։
Երկրորդ նստաշրջանը առաջին հերթին աղօթքի պահ է, Տիրոջ, Անոր՝ Խօսքին եւ Անոր Հոգիին ունկնդրելու պահ, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն՝ ներում հայցելու Աստուծմէ, ըսաւ Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղար Կարդինալ Կրէք իր խօսքին մէջ՝ յիշեցնելով Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերը․ «Սինոդի գլխաւոր դերակատարը Սուրբ Հոգին է։ (․․․) եւ Սուրբ Հոգին է, որ մեզ կ’ուղեկցի այնտեղ, որտեղ Աստուած կ’ուզէ, այլ ոչ թէ, ուր մեր գաղափարներն ու անձնական ճաշակները կ’ուղեկցին»։
Ապա՝ ի պատասխան որոշ լրագրողներու հարցադրումներուն, Կարդինալ Կրէք նշեց, որ կը նախատեսուի նաեւ երկու չինացի եպիսկոպոսներու մասնակցութիւնը ։
Մասնակիցները
Սինոդի Գլխաւոր Զեկուցող Կարդինալ Հոլլերիխ ի մասնաւորի նշեց, որ Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովի Երկրորդ նստաշրջանի մասնակիցներու ցանկը Առաջին նստաշրջանի համեմատ մեծ փոփոխութիւններու չէ ենթարկուած։ Այս անգամ նախատեսուած է 368 անձերու մասնակցութիւնը (272 եպիսկոպոսներ եւ 96 ոչ եպիսկոպոսներ), որոնք բաժնուած են երեք մեծ խումբերու.՝ ձայնի իրաւունք ունեցող անդամներ, յատուկ հիւրեր, միւս մասնակիցներ:
Բացի այդ «եղբայրական պատուիրակներու» թիւը դարձած է՝ 16 նախորդ նստաշրջանի 12ի փոխարեն․ «Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնեց մեծցնել թիւը՝ հաշուի առնելով քոյր Եկեղեցիներու կողմէ ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը այս սինոտալ ճանապարհի նկատմամբ», յայտարարեց Կարդինալ Հոլլերիխ՝ նկատել տալով Սինոդի տիեզերական ազդեցութիւնը։
Աղօթքի հսկում Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ
Սինոտալ ճամբորդութեան նշանաւոր պահերէն մին Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ Սուրբ Պետրոս Բազիլիքայէն ներս աղօթքի հսկումն է, որ տեղի պիտի ունենայ 1 Հոկտեմբերին։
Բացի այդ, աշխատանքներուն նախորդող հոգեւոր կրթութիւնը պիտի սկսի չարաշահումի, պատերազմի եւ անտարբերութեան մեղքը իրենց վրայ կրած երեք անձերու վկայութիւններով, որուն պիտի յաջորդեն տարբեր մեղքերու խոստովանութիւններ՝ «ոչ թէ մեղաւորը մատնացոյց ընելու նպատակով, այլ կերպով մը անմեղներու եւ անպաշտպաններու կրած տառապանքի պատասխանատուն ըլլալու համար»։ Մեղքեր, որոնք գործուած են խաղաղութեան դէմ, արարչագործութեան, բնիկներու, գաղթականներու, կանանց, ընտանիքի, երիտասարդներու, աղքատութեան, սիւնհոդոսականութեան դէմ։
Աղօթքի հսկումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը բոլոր հաւատացեալներու անունով ներումի խնդրանք պիտի ուղղէ առ Աստուած՝ ողջ աշխարհի եւ Եկեղեցւոյ մէջ գործած մեղքերու թողութեան համար։
Կազմակերպիչները եւ հեռարձակումը
Եպիսկոպոսներու Սինոդի Ընդհանուր Ժողովին Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի Նախագահ Փաոլօ Ռուֆֆինին նշեց, որ Ապաշխարութեան Պատարագը կազմակերպուած է Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարութեան եւ Հռոմի Թեմի կողմէ՝ Մեծաւորներու միութեան (Unione dei Superiori Generali -USG) եւ Մեծաւորուհիներու միջազգային ընդհանուր միութեան (Unione Internazionale delle Superiore Generali - UISG) հետ համագործակցութեամբ, աւելցնելով, որ անիկա բաց է բոլորին համար եւ յատկապէս երիտասարդներու համար, որուն կարելի է հետեւիլ Վատիկանի լրատուամիջոցներու կողմէ ուղիղ հեռարձակմամբ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Սինոդի աշխատանքներուն, ապա կը շարունակուի գաղտնիութեան պարտաւորութեան պահպանումը։
Աշխատանքային թղթածրարը՝ Երկրորդ նստաշրջանի աշխատանքներու հիմք
Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովին Յատուկ Քարտուղար Հայր Ճաքոմօ Քոսթան բացատրեց, որ Երկրորդ նստաշրջանը՝ հիմնուելով Աշխատանքային թղթածրարի (Instrumentum laboris) առաջարկած նիւթերուն վրայ «պէտք է նշէ այն քայլերը, որոնք պէտք է ձեռնարկուին՝ որպէս սինոտալ Եկեղեցի աճելու համար», աւելցնելով, որ Սինոդի աշխատանքները բաշխուած են հինգ Բաժիններու միջեւ․ վերջինը պիտի նուիրուի Վերջնական փաստաթուղթի քննարկումին, որ, այնուհետեւ, պիտի ներկայացուի Սրբազան Հօր ուշադրութեան։
Հիմնական իրադարձութիւնները
Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովին Տեղեկատւութեան Յանձնաժողովի Քարտուղար Շեյլա Փիրեսը լսատեսողական կապով ներկայացուց օրացոյցի մէջ տեղ գտած որոշ իրադարձութիւններ։
11 Հոկտեմբերի երեկոյեան կրկին պիտի առաջարկուի համամիութենական աղօթք՝ Սրբազան Հօր, Սինոդին ներկայ եղբայրական պատուիրակներու եւ Հռոմի մէջ ներկայ եկեղեցիներու ու եկեղեցական համայնքներու տարբեր այլ ներկայացուցիչներու հետ՝ համագործակցաբար Թեզէի համայնքին (Comunità di Taizé)։
9 և 16 Հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենան նստաշրջանի ընթացքին վեր հանուած չորս նիւթերու շուրջ չորս «աստուածաբանական հովուական հանդիպումներ»՝ բաց հանրութեան համար։
21 Հոկտեմբերին, Սինոդի աշխատանքներու եզրափակումէն առաջ կրկին կը նախատեսուի հոգեւոր կրթութիւն՝ վերջնական փաստաթուղթի նախագծի վերաբերեալ զատորոշումի նկատառումով:
Յիշեցնենք, որ Սիւնհոդոսականութեան համար Սինոդը Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Սովորական Ընդհանուր Ժողովն է, որու հիմքը դրած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2018ին հաստատուած Episcopalis Communio առաքելական սահմանադրութեամբ։ Ան իր աշխատանքները սկսած էր դեռեւս 2021ին, վարէն՝ այսպէս կոչուած տարածաշրջանային փուլերու ընթացքին եկեղեցական թեմերէն ներս, ուր արծարծուած գաղափարներն ու առաջարկները պիտի ամփոփուին Սինոդի Ընդհանրական Ժողովի ընթացքին։ Առաջին նստաշրջանը կայացած է անցեալ տարի 2023 թուականի Հոկտեմբերի 4էն 29ը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ