Վերջին առաքելական ճամբորդութիւնը եղաւ «Աղօթքի, դէպի արմատներ եւ յոյսի ուխտագնացութիւն». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 22 սեպտեմբեր 2021ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս գլխաւորեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ ներկայացուած խորհրդածութիւնը նուիրեց անցեալ օրերուն Պուտաբեշտ եւ Սլովաքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան, «որ վերջ գտաւ ճիշդ մէկ շաբաթ առաջ` անցեալ չորեքշաբթի օր», ըսաւ Քահանայապետը զայն որակելով. «Աղօթքի ուխտագնացութիւն, դէպի արմատներ ուխտագնացութիւն եւ յոյսի ուխտագնացութիւն»։
Աղօթքի ուխտագնացութիւն
Խօսելով ճամբորդութեան առաջին հանգրուանի մասին, Պուտաբեշտը` Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային գիտաժողովի եզրափակիչ պատարագին առիթով, Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ այդ առթիւ «Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդը համախմբուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին շուրջ, որմէ ան շարունակաբար կը ծնի եւ կը վերածնի»։
«Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդը ողջագուրած էր խաչը` այսինքն խոնարհ եւ անվերապահ սիրոյ ճանապարհը, ճանապարհը վեհանձն եւ բոլորի հանդէպ յարգալից սիրոյն ու ճանապարհը հաւատքին որ կը բիւրեղացնէ աշխարհիկութենէն եւ կ՜առաջնորդէ դէպի էականը»։
«Աղօթքի ուխտագնացութիւնը` աւարտեցաւ Սլովաքիայի մէջ Ցաւագին Տիրամօր տօնին օրը` Եօթը Վէրքերու Տիրամօր Սրբավայրին մէջ ուր զաւակներու հոծ բազմութիւն մը, համախմբուեցաւ Մօր տօնին առիթով, որ է նաեւ երկրին ազգային եւ կրօնական տօնը» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ իր այս կատարածը եղաւ «աղօթքի ուխտագնացութիւն մը, դէպի Եւրոպային սիրտը, որ սկիզբ առաւ երկրպագութեամբ ու վերջ գտաւ ժողովրդային պաշտամունքով»։
«Աստուծոյ ժողովուրդը կանչուած է երկրպագելու, աղօթելու, քալելու եւ ապաշխարելու, որպէսզի զգայ խաղաղութիւնն ու ուրախութիւնը, որոնք Տիրոջմէ կու գան» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով թէ եւրոպական ցամաքամասին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը յաճախ հատեցուած է սպառողականութեան եւ միակ մտքի «ջրաշոգիներուն» մէջ, «որոնք պտուղն են հին ու նոր գաղափարախօսութիւններու խառնութիւնին» յարեց Քահանայապետը մատնանշելով թէ այս ոլորտէն ներս եւս բուժիչ պատասխանը կու գայ աղօթքէն, վկայութիւնէն եւ խոնարհ սէրէն։
Սրբազան Պապը նշեց ապա թէ ինք հանդիպեցաւ հաւատքի մէկ ժողովուրդի մը, որ տառապեցաւ անաստուածութեան հալածանքներուն բերումով ու թէ այդ մէկ ակնյայտ էր նաեւ հրեայ եղբայրներու դէմքերուն վրայ, որոնց հետ, ըսաւ Ան, յիշեցինք «Շոան», որովհետեւ չկայ աղօթք առանց յիշատակութեան։
Դէպի արմատներ ուխտագնացութիւն
Խօսելով հուսկ ճամբորդութեան «դէպի արմատներ ուխտագնացութեան» մասին, Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Պուտաբեշտի եւ Պրաթիզլաւի մէջ եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ այդ երկիներու բազմաթիւ սուրբերուն ու վկաներուն ու այն արմատներուն` որոնք կը հասնին մինչեւ իններորդ դառ, երբ Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտոսս եղբայրները սկիզբ տուին աւետարանութեան։
«Ես այդ արմատներուն ուժը զգացի Բիւզանդածէս Սուրբ Պատարագի ընթացքին Փրեշովի մէջ, Խաչվերացի տօնին օրը» ըսաւ Քահանայապետը, աւելցնելով, որ սուբ զոհի ընթացքին ներկայացուած երգերուն մէջ ան զգաց «հաւատարիմ ժողովուրդի սրտին տրոփիւնը որ վիրաւորուած է հաւատքին համար կրած տանջանքներու պատճառաւ»։
«Ես յաճախ շեշտեցի թէ այդ արմատները միշտ ալ կենդանի են, լի կենաքի աւիշով որ է Սուրբ Հոգին եւ ասոր համար անոնք պէտք է պահպանուին հետեւելով Սուրբ Մեթոտիոս եւ Սուրբ Կիւրեղ եղբայրներու աւետարանութեան օրինակին եւ անոնց մեթոդաբանութեան, ինչպէս նաեւ անոնց քաղաքացիական յանձնառումին։
«Սուրբ Հոգիի ներշնչումով արմատները պէտք է պահպանուին, որովհետեւ անոնք ապագայի երաշխիքն են» յարեց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «անոնցմէ է որ ծիլ կ՛առնեն յոյսին ճիւղերը»։
Յոյսի ուխտագնացութիւն
Ճամբորդութեան երրորդ յատկանիշը եղաւ յոյսի ուխտագնացութիւն, զոր Քահանայապետը նշմարեց բազմաթիւ երիտասարդներու աչքերուն մէջ Քոշիչէի մէջ կայացած անմոռանալի հանդիպումին ընթացքին։
«Համաճարակի այս ժամանակահատուածին ան եղաւ քաջալերանքի զօրեղ նշան մը, շնորհիւ նաեւ երիտասարդ զոյգերու ներկայութեան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս մատնանշելով նաեւ Երանելի Աննա Քոլեսարովայի մարգարէական վկայութեան, սլովաքցի երիտասարդուհի մը, «որ կեանքի գինով պաշտպանեց իր արժանապատւութիւնը բռնութեան դէմ»։
«Վկայութիւն մը, որ աւելի քան երբեք այժմէական է, որովհետեւ դժբախտաբար կիներուն դէմ բռնութիւնը տակաւին բաց վէրք մըն է» նշեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ այն բազմաթիւ անձերուն, որոնք կը զբաղին մերձաւորով եւ որոնց կեանքը յոյսի ներշնչման աղբիւր է, որոնց շարքին Բեթղեհէմ կեդրոնի Գթութեան քոյրերը, որոնք կը զբաղին Քնչու հասարակութեամբ։
«Յուզիչ եղաւ Քնչու հասարակութեան հետ բաժնեկցիլ տօնը, Աւետարանի բոյրով պարզ տօնախմբութիւն մը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «յոյսը կ՜իրականացուի միայն եթէ հոլովուած ըլլայ այլ բառի հետ. Միասին»։
Յոյսը կ՜իրականացուի միասին
Պուտաբեշթի եւ Սլովաքիայի մէջ մենք իրարու հանդիպեցանք, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տարբեր ծէսերու հետ միասին ու միասին նաեւ այլ քրիստոնեայ դաւանանքներու ու մեր եղբայր Հրեաներու, միասին այլ կրօններու հաւատացեալներուն ու նաեւ միասին տկարներուն։
«Այս է ճանապարհը որպէսզի ապագան ըլլայ յոյսի ապագայ մը, եւ ըլլայ միասին» յարեց Քահանայապետը որ խորհրդածութեան աւարտին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց եպիսկոպոսներուն եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու ճամբորդութիւնը կազմակերպողներուն, բազմաթիւ կամաւորներուն ու նաեւ շնորհակալութիւն` «անոնց որոնք աղօթեցին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խնդրելով աւելացնել այլ աղօթք մը` «որպէսզի այս ճամբորդութեան ընթացքին սերմանուած սերմերը բարի պտուղներ պարգեւեն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ