Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-AUDIENCE

Սուրբ Հոգիին պտուղները` ուրախութիւնը. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն

«Հոգիի պտուղը սէրն է, ուրախութիւնը, խաղաղութիւնը, մեծահոգութիւնը, բարերարութիւնը, բարութիւնը, հաւատարմութիւնը, հեզութիւնը, ինքնատիրապետումը» (5,22), կը գրէ Պօղոս առաքեալ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, բարի լոյս: Սրբագործող շնորհքներու և խարիզմներու մասին խօսելէն ետքը այսօր կ՛ուզեմ կեդրոնանալ Սուրբ Հոգիի գործողութեան հետ կապուած երրորդ իրողութեան մը վրայ. «Սուրբ Հոգիին պտուղները»:  Այս խօսքերով սկսաւ Քահանայապետը չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը զոր ներկայացուց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, շարունակելով «Հոգին և հարսը. Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ հանդիպելու Յիսուսին՝ մեր Յոյսին» նիւթի մասին խորհրդածութիւններու շարքը եւ այս անգամ կեդրոնանալով Սուրբ Հոգիի պտուղներէն ուրախութեան վրայ։

Հոգիին պտուղները

«Սուրբ Պօղոսը կ՛ առաջարկէ այդ պտուղներուն ցանկը Գաղատացիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, ներկայացնելով այդ պտուղները` «Հոգիի պտուղը սէրն է, ուրախութիւնը, խաղաղութիւնը, մեծահոգութիւնը, բարերարութիւնը, բարութիւնը, հաւատարմութիւնը, հեզութիւնը, ինքնատիրապետումը» (5,22), կը գրէ Պօղոս առաքեալ։

Հոգիին պտուղները շնորհքի և ազատութեան համագործակցութեան արդիւնք են

«Ի տարբերութիւն խարիզմներու, զոր Հոգին կու տայ որուն որ կ՛ուզէ եւ ինչպէս որ կը փափաքի Եկեղեցւոյ բարօրութեան համար, Հոգիին պտուղները շնորհքի և ազատութեան համագործակցութեան արդիւնքն են` կը կրկնեմ՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, մեծահոգութիւն, բարեսիրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ինքնատիրապետում» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով` որ «այս պտուղները միշտ կ՛արտայայտեն մարդու ստեղծագործական ունակութիւնները, որոնցմով «հաւատքը կը գործէ սիրոյ միջոցաւ» (Գաղ. 5:6)» ապա հաստատեց` թէ «Եկեղեցւոյ մէջ ոչ բոլորը կարող են ըլլալ առաքեալ, մարգարէ, աւետարանիչ. բայց բոլորն ալ առանց խտրականութեան կարող են և պէտք է ըլլան բարեսիրտ, համբերատար, խոնարհ, խաղաղարար և այլն»։

Աւետարանի ուրախութիւնը

«Աւետարանական ուրախութիւնը կը լեցնէ սիրտն ու կեանքը անոնց` որոնք կը հանդիպին Յիսուսին։ Անոնք` որոնք թոյլ կու տան փրկուիլ Անոր կողմէ, կ՜ազատին մեղքէ, տխրութենէ, ներքին դատարկութիւնէ, մեկուսացումէ: Յիսուս Քրիստոսի հետ ուրախութիւնը` միշտ ալ կը ծնի եւ կը վերածնի» յարեց Սրբազան Պապը յղում կատարելով Evangelii gaudium առաքելական յորդորագիրի առաջին բառերուն եւ հաստատեց` որ Աւետարանական ուրախութիւնը, ի տարբերութիւն միւս ուրախութիւններէն, կարող է նորոգուիլ ամէն օր ու դառնալ վարակիչ։ Ուրախութիւնը, որպէս Սուրբ Հոգիի պարգեւ չ՛ենթարկուիր ժամանակի հիւծանքին, անիկա կը կրկնապատկուի մինչ բաժնեկցուած է միւսներուն հետ» նշեց ի միջի այլոց Քահանայապետը։

Եղէք ուրախ

Ան ակնարկեց ապա Սուրբ Ֆիլիփփօ Ներիին, որ նկատուած է ուրախութեան սուրբը, եւ եղած է իր ժամանակներուն համար ուրախութեան աւետարանիչը։ Իր ժողովրդապետութեան աղքատ մանուկներուն ու լքուածներուն կ՛սէր. «որդեակներ, եղէք ուրախ...եղէք բարի եթէ կարենաք»։ Սուրբ Ներին այնքան մեծ սէր ունէր Աստուծոյ նկատմամբ որ շատ անգամ կարծես անոր սիրտը պիտի պայթէր։ Անոր ուրախութիւնը Սուրբ Հոգիի պտուղ էր, Ան մասնակցեցաւ 1575 Յոբելենական տարուան զոր ան հարստացուց աւանդութեամբ մը զոր մինչեւ օրս կը կատարուի` Եօթ եկեղեցիներու այցելութիւնը։

Աստուած միշտ կը ներէ

«Եւ ան Յիսուսին մասին կ՛ըսէր` թէ Ան միշտ կը ներէ, կը ներէ ամէն ինչ: Միգուցէ ոմանք մտածեն. «Բայց ես այս մեղքը գործեցի, և այս մէկը չի ներեր...» Ուշադիր լսեցէք՝ Աստուած կը ներէ ամէն ինչ, Աստուած միշտ կը ներէ։ Այս է ուրախութիւնը՝ ներուած ըլլալ Աստուծմէ։ Եւ ես միշտ քահանաներուն և խոստովանահայրերուն, կ՛ըսեմ. ներեցէք ամէն ինչ, ամէն ինչ եւ միշտ» յարեց Սրբազան Պապը։

«Աւետարան բառը կը նշանակէ բարի լուր, եւ այդ պէտք է հռչակուի ոչ թէ տխուր դէմքերով այլ ուրախութեամբն անոր` որ գտաւ թաքնուած գանձ մը եւ թանկարժէք մարգարիտ մը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը կրկնելով Փիլիպեցիներուն (Գլ. 4,4-5) ուղղած Սուրբ Պօղոսին խօսքերը. «Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջ մէջ, դարձեալ կը կրկնեմ` ուրախ եղէք։ Թող ձեր հեզութիւնը յայտնի ըլլայ բոլոր մարդոց»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2024, 09:33

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >