Աւետարանը հռչակել Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։ Սուրբ Հոգին եւ աւետարանութիւնը. Հրապարակային ունկնդրութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 4 դեկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը, ըստ աւանդութեան, գլխաւորեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով շարունակեց Սուրբ Հոգիին նուիրուած խորհրդածութիւններու շարքը այս անգամ, որպէս խորհրդածութիւն նիւթ ընտրելով «Աւետարանը հռչակել Սուրբ Հոգիին միջոցաւ` Սուրբ Հոգին եւ աւետարանութիւնը» նիւթը։
Սուրբ Հոգիի աւետարանող գործունէութիւնը
«Խորհրդածելէ ետք Սուրբ Հոգիի խարիզմաթիկ ու սրբացնող գործունէութեան մասին այսօրուան խորհրդածութիւնը կը նուիրենք Սուրբ Հոգիի աւետարանող գործունէութեան, այսինքն անոր դերակատարութեան` Եկեղեցւոյ քարոզութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով Սուրբ Պետրոս առաքեալի առաջին նամակին, որուն մէջ առաքեալները կը սահմանուին «անոնք` որոնք Աւետարանը հռչակեցին Սուրբ Հոգիի միջոցաւ» եւ ասկէ մեկնելով ան շեշտը դրաւ քրիստոնէական քարոզչութեան երկու բաղկացուցիչ տարրերու վրայ` այն է Աւետարանը, ապա միջոցը` որ է Սուրբ Հոգին։
Աւեատարնը
Նորին Սրբութիւնը առ այդ մեկնաբանեց Աւետարան բառը, որ կը հայի չոր Աւետարանիչներուն եւ կը նշանակէ բարի լուրը զոր Յիսուս հռչակեց իր երկրային կեանքի ընթացքին։ Զատիկէն ետքը` Աւետարանը ունեցաւ նոր իմաստ, այսինքն Քրիստոսի յարութեան ու մահուան Զատկական խորհուրդին աւետիսը։
Յիսուսի ու հետևաբար, Առաքեալներու քարոզչութիւնը կը պարունակէ նաև Աւետարանէն բխող բոլոր բարոյական պարտականութիւնները՝ սկսած տասը պատուիրաններէն մինչև սիրոյ «նոր» պատուիրանը։ Բայց եթէ չենք ուզեր դարձեալ իյնալ Պօղոս առաքեալի կողմէ դատապարտուած սխալի մէջ՝ օրէնքը դնելու շնորհքէն առաջ, իսկ գործերը՝ հաւատքէն առաջ, պէտք է միշտ վերսկսիլ Քրիստոսի մեզի համար կատարած բաներու հռչակումէն։
Առաջին հռչակումը
Ահա թէ ինչու «Evangelii gaudium» առաքելական յորդորին մէջ ես այնքան պնդեցի երկուքէն առաջինի վրայ, այսինքն՝ «քերիկմայի» կամ «հռչակում»ի վրայ, որմէ կախուած է իւրաքանչիւր բարոյական կիրառում:
Արդարեւ քարոզութեան մէջ հիմնական դեր ունի առաջին հռչակումը կամ «քերիկման», որ պէտք է ըլլայ աւետարանութեան կիզակէտը ու նաեւ կիզակէտ եկեղեցւոյ որեւէ նորոգումի մտադրութեան։ Ե
Աւետարանը քարոզելու միջոցը Սուրբ Հոգին
«Եւ երբ ըսենք առաջին հռչակում այդ կը նշանակէ, թէ անիկայ առաջինն է որակի իմաստով...որուն պէտք է միշտ դառնալ» ըսաւ Քահանայապետը ապա ակնարկեց երկրորդ կէտին` Աւետարանը քարոզելու միջոցին, որ պէտք է հռչակուի Սուրբ Հոգիի միջոցաւ (Ա Պետրոս 1,12)։
Սուրբ Հոգիի օծմամբ քարոզելը կը նշանակէ գաղափարներու և վարդապետութեան հետ միասին կեանք և խոր համոզմունք փոխանցել: Այս կը նշանակէ հենուլ ոչ թէ «իմաստութեան համոզիչ ելոյթներու, այլ Հոգիի և անոր զօրութեան դրսևորման վրայ» (Ա Կորնթացիս 2.4), ինչպէս գրած է սուրբ Պօղոս։
Աղօթքը
Այս մէկը իրականացնելու համար սակայն հարկաւոր է երկու բան. Առաջինը աղօթքը։ Սուրբ Հոգին կու գայ անոր վրայ, որ կ՛աղօթէ, որովհետեւ Երկնաւոր Հայրը «Սուրբ Հոգին կը պարգեւէ անոր` որ զայն կը խնդրէ» (Ղուկ. 11,13), մասնաւորապէս եթէ այդ խնդրանքը կը հայի իր Զաւկի Աւետարանը քարոզելու համար։ Վայ մեզի եթէ քարոզենք առանց աղօթքի։ Այդպիսով կը նմանինք «պղինձին որ կը հնչէ եւ ծնծղայի որ կը ղօղանջէ» (հմմտ Ա. Կոր. 13,1) ըսաւ Սրբազան Պապը վերահաստատելով որ առաջինը բանը զոր մեզմէ կախեալ է աղօթքն է իսկ երկրորդը ոչ թէ ուզենալ քարոզել մենք զմեզ այլ Յիսուս` Տէրը (հմմտ. 2 Կոր 4,5)։
Քարոզել Յիսուսը` Տէրը
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը յորդորեց երկար քարոզներ չկատարել ու քարոզը կեդրոնացնել ութը տասը վայրկեանի մէջ, ոչ աւելի, ապա նշեց թէ «Որեւէի մէկը` որ ներգրաւուած է աւետարանութեան գործին մէջ լաւապէս գիտէ թէ ի՞նչ կը նշանակէ այս մէկը... չուզենալ ինքզինք քարոզել կը նշանակէ նաեւ առաջնահերթութիւնն չտալ մեր խթանած հովուական ձեռնարկներու, որոնք կապուած են մեր անունին այլ յօժարաբար համագործակցիլ հասարակական նախաձեռնութիւններուն» յարեց ապա Սրբազան Պապը հայցելով, որ Սուրբ Հոգին` մեզի օգնէ ու ընկերանայ ու Եկեղեցւոյ սորվեցնէ այդպիսով քարոզել Աւետարանը` մեր ժամանակուայ մարդոց ու կիներուն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ