Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսը. Յոբելենական տարւոյն հրապարակային ունկնդրութիւններու մտածականներու շարքը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 18 դեկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց 2024 տարուայ հրապարակային վերջին ընդհանուր ունկնդրութիւնը, մասնակցութեամբ հազարաւոր ուխտաւորներու եւ այս առիթով աւարտած ըլլալով Սուրբ Հոգիին նուիրուած խորհրդածութիւններու շարքը ուզեց սկիզբ տալ նոր շարքի մը` որուն բնաբանն է «Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսը» եւ որ ըսաւ Ան «տեղի պիտի ունենայ ողջ յոբելենական տարուայ ընթացքին» հաստատելով, որ «Ան է արդարեւ մեր ուխտագնացութեան նպատակը, ու նոյնինքն ան է ճանապարհը, ուղեւորութիւնը` զոր պէտք է կատարենք»։
Սրբազան Քահանայապետը բացատրեց առ այդ թէ մտածականներուն շարքին առաջին մասին մէջ պիտի խօսուի Յիսուսի մանկութեան մասին, որ պատմուած է Մատթէոս եւ Ղուկաս Աւետարանիչներու կողմէ (հմմտ. Մատթ. 1–2; Ղուկ 1–2)։
Յիսուսին մանկութիւնը պատմող աւետարանները
Մանկութեան աւետարանները կը պատմեն Յիսուսի կուսական յղիութիւնը ու անոր ծնունդը Մարիամի արգանդէն, յղում կ՛ընեն մեսիական մարգարէութիւններուն` որոնք Անոր մէջ կ՜իրականան ու կը խօսին Յովսէփի օրինական հայրութեան մասին, որ Աստուծոյ որդին կը պատուաստէ Դաւթեան սերունդի «ճիւղին» մէջ:
Մեզի կը ներկայացուի Յիսուս նորածին, մանուկ, պատանի, հպատակած իր ծնողներուն ու միեւնոյն ժամանակ, գիտակից` որ ամբողջութեամբ նուիրուած է Հօր ու Անոր Թագաւորութեան։
Երկու աւետարանիչներուն միջեւ տարբերութիւնը այն է` թէ մինչ Ղուկաս եղելութիւնները կը պատմէ Մարիամի աչքերով, Մատթէոսը այդ կ՛ընէ Յովսէփի աչքերով, պնդելով նման աննախադէպ հայրութեան մը վրայ։
Ծագումաբանութիւն
Մատթէոս իր Աւետարանը կը սկսի «Յիսուս Քրիստոս, Դաւթի որդի, Աբրահամի որդի ծագումաբանութեամբ», որ կ՛ընդգրկէ մարդկային կեանքին ճշմարտութիւնները` ինքնութիւն ու եզակի առաքելութիւն, ընտանիքի ու ժողովուրդի մը պատկանելիութիւնը ապա Իսրայէլի Աստուծոյն հաւատքին հակում։ Աղս մէկը ցոյց կու տայ կեանքի պատմական և մարդկային իրականութիւնը։
Այս ծագումնաբանութիւնը, անկախ խնդրայարոյց անուններէն, իր գագաթնակէտին կը հասնի Մարիամով և Քրիստոսով: Անիկայ կ՛ ընդգծէ հաւատքի և ինքնութեան փոխանցման կարևորութիւնը մէկ սերունդէն միւսը։
Կիներն ու Մարիամը
Ի տարբերութիւն Հին Կտակարանի տոհմաբանութիւններու՝ Մատթէոսը այդ ծագումաբանութեան մէջ կը ներառէ հինգ կին՝ Թամարը, Ռախաբը, Հռութը, Բաթշեբան և Մարիամը՝ ընդգծելով, որ Յիսուսի առաքելութիւնը կը ներառէ և՛ հրեաները, և՛ հեթանոսները:
Այդ կիներուն մէջ Մարիամ կը ներկայացնէ նոր սկիզբ մը, նոյնինքն ինքն է նոր սկիզբը, որովհետեւ անոր մայրութիւնը Աստուծոյ կամքով կ՛իրականանայ, փրկութեան պատմութեան մէջ նշանակելով կարեւոր շրջադարձ մը։
Դաւթի և Աբրահամի որդի Յիսուսին վիճակուած է դառնալ «Հեթանոսներու լոյսը»: Աստուծոյ Որդին` որ սրբագործուած է Հօր Անոր դէմքը բացայայտելու առաքելութեամբ, աշխարհ կը մտնէ նման բոլոր մարդու որդիներուն, այնքանով` որ Նազարէթի մէջ ան պիտի կոչուի «Յովսէփի որդի»(Յովհ. 6,42)։
Յիսուս մեր յոյսը
«Եղբայրներ և քոյրեր, մեր մէջ արթնցնենք մեր նախնիքներու նկատմամբ երախտապարտ յիշողութիւնը եւ ամենէն առաջ շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ, այն յաւիտենական կեանքին համար, որ մեզի տուաւ, Մայր Եկեղեցւոյ միջոցաւ, Յիսուսի կեանքը, մեր յոյսը» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ