1661678363524.JPG

«Աղօթենք Տիրամօր որպէսզի աշխարհիս համար ընդունի ներում եւ խաղաղութիւն». Ֆրանչիսկոս Պապ

Կղեստինեան Ներումի տօնակատարութեան առիթով արտասանած Մարեմեան Աղօթքին առթիւ Սրբազան Պապը մօտիկութիւն արտայայտեց հեղեղումներու թիրախ Փաքիստանի ժողովուրդին, աղօթք խնդրեց պատերազմներէ տառապող ժողովուրդներուն համար ու հայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քոլլեմաճճոյի մէջ գլխաւորած սուրբ պատարագի աւարտին, Կիրակի 27 օգոստոսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը. որմէ առաջ խօսքը ուղղելով ներկաներուն ողջունեց զանոնք ու ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք արարողութեան հետեւեցան հերակապ միջոցներով։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքացիական իշխանութիւններուն, Արքեպիսկոպոսին եպիսկոպոսներուն ու կղերական դասին եւ կամաւորներուն։

Աղօթք եւ զօրակցութիւն Փաքիստանի ժողովուրդին

«Այս վայրէն, որ տառապեցաւ ծանր աղէտէ մը, կ՜ուզեմ իմ մօտիկութիւնս արտայայտել Փաքիստանի ժողովուրդին, որ թիրախ է աղէտալի հեղեղումներու։ Կ՜աղօթեմ զոհուածներուն համար, վիրաւորներուն եւ տեղահանուածներուն համար եւ կ՜աղօթեմ, որպէսզի իրականացուի արագ ու վեհանձն միջազգային զօրակցութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու Տիրամօր` որպէսզի աշխարհիս համար ընդունի ներում եւ խաղաղութիւն։

Աղօթք աշխարհի խաղաղութեան համար

«Աղօթենք ուքրանացի ժողովուրդին համար ու բոլոր ժողովուրդներուն համար, որոնք կը տառապին պատերազմներու պատճառաւ։ Խաղաղութեան Աստուածը ազգերու պատասխանատուներու սրտերուն մէջ վերակենդանացնէ գթութեան եւ ողորմածութեան քրիստոնէական եւ մարդկային նշանակութիւնը։ Մարիամ ողորմութեան Մայր եւ խաղաղութեան Թագուհի` աղօթէ մեզի համար», ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին որմէ ետք գլխաւորեց Քոլլեմաճճօ Սուրբ Կոյս Մարիամի Պազիլիքային Կղեստինեան Ներումի Սուրբ Դռան արարողութիւնը։

Սուրբ Դռան բացման արարողութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2022, 11:28

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >