Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք. Բարտիմէոս կոյրին բժշկութիւնը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդածութեան

«Ողորմութիւնը բարեգործութիւն չէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ան որ շնորհք կը ստանայ անորմէ անիկա է որ զայն կը կատարէ, որովհետեւ թոյլ կու տայ որ Տէրը իրենց նայի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով միասին աղօթել Մարիամին` «որպէսզի պահապան կանգի մեր ուղեւորութեան, Քրիստոսի լոյսին ներքոյ»։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի` 27 Հոկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ մատուցած Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատարագէն ետքը Քահանայապետը, կէսօրին, առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեման աղօթքը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։ 

Մեկնաբանելով Մարկոս  Աւետարանիչէն  քաղուած Բարտիմէոս կոյրին բժշկութիւնը  պատմող հատուածը (Մարկ. 10,46-52) Նորին Սրբութիւնը, նկատել տուաւ թէ ինչպէս այդ աղքատ ու մուրացկան մարդը հազիւ իմացաւ որ Յիսուս Նազովրեցին կ՛անցի այնտեղէն սկսաւ աղաղակել ու ըսել. «Յիսո՛ւս, որդի՛ Դաւթի, ողորմէ՛ ինծի»։ Յիսուս իր մօտ կանչելով կոյրը Անոր հարց կու տայ «Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ» եւ կոյրը կը պատասխանէ «Ռաբբունի, կ’ուզեմ որ աչքերս բացուին»։ Եւ Յիսուս անոր կ՛ըսէ. «Գնա՛. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ 

«Այս հանդիպումէն նկատի առնենք երեք երեւոյթներ աղաղակը, հաւատքը եւ ուղեւորութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Աղաղակը

Նախ եւ առաջ Բարտիմէոսի աղաղակը` որ միայն օգնութեան խնդրանք մը չէ այլ հաստատում, թէ ինք գողութիւն ունի։ Կարծես ան կ՛ուզէ ըսել «Ինծի նայեցէք։ Յիսուս` ես չեմ տեսներ։ Դուն ինծի կը տեսնե՞ս»։  

«Այո` Յիսուս կը տեսնէ այդ մարդը մտիկ կ՛ընէ անոր, մարմնի եւ սրտի ականջներով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով նայիլ մեր վերաբերմունքին երբ կը հանդիպինք մուրացկանի մը, եթէ այլուր կը դարձնենք մեր հայեացքը, եթէ կ՛անտեսենք զայն, կարծես թէ գոյութիւն չունի։ 

Հաւատքը

Մենք կը լսե՞նք մուրացկաններուն ձայն» հարց տուաւ Քահանայապետը եւ մատնանշեց երկրորդ երեւոյթին` հաւատքին. Յիսուս կ՜ըսէ  «գնա քու հաւատքդ քեզ փրկեց»։ Արդարեւ Բարտիմէոսը կը տեսնէ որովհետեւ կը հաւատայ։ Քրիստոս անոր աչքերուն լոյսն է։  Տէրը կը նկատէ թէ ինչպէս Բարտիմէոսը իրենց կը նայի։ Իսկ մենք ի՞նչպէս կը նայինք մուրացկանին։ Կ՛անտեսե՞նք զայն։ Անոր կը նայինք Յիսուսին նման։ Կարո՜ղ ենք հասկնալ անոր աղաղակը։ Եւ երբ ողորմութիւն կը կատարենք մենք կը նայի՞նք անոր աչքերուն։ Կը դպչի՜նք անոր ձեռքին» հարցեր ուղղեց Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց երրորդ կէտին` ուղեւորութիւնը։ 

Ուղեւորութիւնը

Բուժուած Բարտիմէոսը կը հետեւէր Յիսուսին։ «Սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրը Բարտիմէոս մըն է,կոյր է, որ կը հետեւի Յիսուսին» յարեց Նորին Սրբութիւնը այլ հարցեր ուղղելով մեր վերաբերմունքի մասին` եթէ մենք մօտիկութիւն կը ցուցաբերենք աղքատին, ու եթէ կը կատենք թէ Յիսուսն է որ կը գտնուի անոր մէջ։ 

«Ողորմութիւնը բարեգործութիւն չէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ան` որ շնորհք կը ստանայ  անորմէ անիկա է որ զայն կը կատարէ, որովհետեւ թոյլ կու տայ որ Տէրը իրեն նայի» յարեց Ան ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով միասին աղօթել Մարիամին` «որպէսզի պահապան կանգի մեր ուղեւորութեան, Քրիստոսի լոյսին ներքոյ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2024, 12:05

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >