Որոնել

1664101388948.jpg

Մարեմեան աղօթք. Բոլորս յանձնառու ըլլանք կառուցելու աւելի ներառող ու եղբայրական ապագայ մը

Սրբազան Պապը Տիրամօր մայրական հովանին հայցեց աշխարհիս հրատապ հարցերուն համար, ակնարկելով Միանմարի մէջ դպրոցի ռմբակոծումին ու մանուկներու մահուան, մխիթարութիւն խնդրեց ուքրանացի ժողովուրդին համար, ապա միացաւ Քամերունի եպիսկոպոսներու կոչին ազատ արձակելու առեւանգուած անձերը, եւ յիշեց Փախստականներու ու Գաղթականներու Համաշխարհային Օրը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մաթերա քաղաքին տուած հովուական այցելութեան առիթով ու այնտեղ մատուցուած Սուրբ Պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ դիմելով ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ու մասնաւորապէս Կարդինալ Ծուփիին եւ Մաթերա Իրսինա թեմին հասարակութեան, որ կազմակերպեցին այցելութիւնն ու հիւրընկալութիւնը Սուրբ Հաղորդութեան Ազգային համագումարին առիթով։

Իտալիոյ Եկեղեցւոյ յանձնումը Տիրամօր

Ան ապա Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնեց Իտալիոյ մէջ Եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը, «որպէսզի, ըսաւ Սրբազան Պապը, իւրաքանչիւր հասարակութեան մէջ զգացուի Քրիստոսին բոյրը` կենդանի հաց որ իջաւ երկինքէն»։

«Հայցենք նաեւ Անոր մայրական բարեխօսութիւնը աշխարհիս հրատապ հարցերուն համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Իտալիոյ համար խնդրելով աւելի շատ ծնունդներ, աւելի շատ երեխաներ։

Միանմարի մէջ դպրոցի դէմ ռմբակոծումը

Ան ապա մտաբերեց Միանմարը, որ երկու տարիներէ ի վեր կը տառապի զինեալ ծանր բախումներու ու բռնութիւններու հետեւանքով, որոնք պատճառեցին բազմաթիւ զոհեր եւ տեղահանութիւն։

«Այս շաբաթ ինծի հասաւ ռմբակոծուած դպրոցի մը մանուկներուն մահուան ցաւին աղաղակը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը,  «կրածես թէ նորոյթ  է այսօր աշխարհի մէջ դպրոցներու ռմբակոծումը» աւելցուց Ան ու մաղթեց, որ «այդ փոքրիկներուն ճիչը անլսելի չի մնայ»։

Ուքրանիան

«Այսպիսի ողբերգութիւններ պէտք չեն տեղի ունենալ» ըսաւ Ան ու Խաղաղութեան Թագուհի Մարիամէն խնդրեց, որ մխիթարէ ուքրանացի ժողովուրդը ու Պետութիւններու ղեկավարներուն համար ընդունի կամքի ուժ, գտնելու համար արդիւնաւէտ ձեռնարկներ, որոնք մղեն պատերազմի աւարտին։

Քամերունի մէջ առեւանգուած կղերականներ

Քահանայապետը ապա իր ձայնը միացուց Քամերունի եպիսկոպոսներու կոչին Մամֆէ թեմին ութը առեւանգուած անձերու ազատ արձակումին համար, որոնց շարքին են հինգ քահանաներ ու մէկ կրօնաւորուհի։

«Կ՜աղօթեմ ըսաւ Ան անոնց համար ու Պմենտա եկեղեցական գաւառի ժողովուրդին համար. Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ սրտերուն ու այդ սիրելի երկրի ընկերային կեանքին»։

Փախստականներու ու Գաղթականներու Համաշխարհային Օրը

Նախ քան Մարեմեան աղօթքը արտասանելը Սրբազան Քահանայապետը յիշեց նաեւ այդ օր յիշատակուող Փախստականներու ու Գաղթականներու Համաշխարհային Օրը, «ապագան կառուցել գաղթականներու եւ փախստականներու հետ միասին» բնաբանով։

Վերանորոգենք յանձնառումը ապագան կառուցելու համար Աստուծոյ ծրագրին համաձայն։ Ապագայ մը` որուն մէջ իւրաքանչիւր անհատ գտնէ իր տեղը եւ ըլլայ յարգուած. Որտեղ գաղթականները, փախստականները, տեղահաններն ու մարդավաճառութեան զոհերը կարողանան ապրիլ խաղաղութեամբ եւ արժանապատուութեամբ։ Որովհետեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը անոնց հետ կ՛իրականանայ, առանց բացառութեան։ Ու նաեւ այս մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն շնորհիւ է, որ հասարակութիւնները կ՛աճին, ըլլայ տնտեսական, ըլլայ ընկերային, ըլլայ մշակութային եւ ըլլայ հոգեւոր գետնի վրայ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «տարբեր աւանդութիւններու բաժնեկցութիւնը կը հարստացնէ Աստուծոյ Ժողովուրդը»։

«Բոլորս յանձնառու ըլլանք կառուցելու աւելի ներառող ու եղբայրական ապագայ մը։ Գաղթականները պէտք ընկալուին, առաջնորդուին, աճին եւ ընդելուզուին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտելով իր խօսքը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2022, 10:50

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >