Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի տօնին առիթով Մարեմեան աղօթք
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 26 դեկտեմբերի կէսօրին Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան ծիսական տօնին վրայ ակնարկելով Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի նահատակութեան ու անոր անձնական «ազատութեան», որովեհետւ «հակառակ` որ ան բռնութեան թիրախ էր, շարունակեց սիրել զինք հալածողները ու իր կեանքը տալու անոնց համար», նման Յիսուսին խաչին վրայ, որպէսզի այդ մարդիկը «դարձի գան եւ ներուած ըլլալով կարողանան ընդունիլ յաւիտենական կեանքին պարգեւը»։
Սուրբ Ստեփանոսը Աստուծոյ սիրոյն վկան
«Սուրբ Ստեփանոսը վկան է այն Աստուծոյն, որ ունի մեծ իղձ մը, որ բոլոր մարդիկը փրկուին ու ոչ մէկը կորսուի» ըսաւ Քահանայապետը աւեցնելով «անիկայ վկան է այն Հօր որ մեզ կը սիրէ եւ ոչ մէկը կը բացառէ, եւ երբեք չի յոգնիր փնտռելէ հեռուզները, զանոնք ընկալելէ երբ հեռանալէն ետքը զղջացած Իրենց կը վերադառնան».
«Այսօր եւս աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ, կան Աւետարանի պատճառաւ բազմաթիւ հալածուած մարդիկ ու կիներ...որոնք մեզ բոլորս մասնակից կը դարձնեն փրկութեան պարգեւին...եւ այդ կ՛ընեն զիրենք սպաննողներու բարիքին համար, որոնք աւելիով կարիքը ունին ներումին ու փրկութեան» յարեց ապա Քահանայապետը եւ ներկայացուց Երանելի Քրիստեան Տը Շերժէի վկայութիւնը` որ իր մարդասպանը կոչած է «վերջին վայրկեանի բարեկամ», ու անոր կը յայտնած է վերջին իղձը «որ մեզի թոյլ տրուի հանդիպինք, երանելի աւազակներ, Երկնքի մէջ, Աստուծոյ կամքով, մեր Հայրը, մեր երկուքի Հայրը»։
Սէրը որ աշխարհը կը փրկէ
«Կը հասկնա՞ք` ան զինք սպաննողը կը կոչէր «բարեկամ», «եղբայր» եւ կ՛ուզէր որ ան իր հետը ըլլար երկնքի մէջ։ Ահա այս է Աստուծոյ սէրը, սէր`ը որ կը փրկէ աշխարհը եւ որքան պէտք ունինք մենք այս սիրոյն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Ան ապա հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու եթէ կ՜աղօթենք ու կը հետաքրքրուինք մեր հաւատքին համար հալածուած եղբայրներով ու քոյրերով ապա հայցեց Մարտիրոսներու Մայր` Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզի օգնէ դառնալու Աւետարանի քաջ վկաները, աշխարհի փրկութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ