Որոնել

Մոնկոլիայի երիտասարդ Եկեղեցին ծնաւ գթութեան ակօսին մէջ, որ հաւատքին ամենալաւ վկայութիւնն է

Մոնկոլիայի առաքելական ճամբորդութիւնը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երկուշաբթի օր վերադարձայ Մոնկոլիայէն եւ կ՛ուզեմ երախտագիտութիւնս արտայայտել բոլոր անոնց, որոնք այցելութեան ընկերացան աղօթքով ու նորոգել շնորհակալութիւնս Իշխանութիւններուն, որոնք զիս ընկալեցին մեծ շուքով, յատկապէս նախագահ Քուրուսուխին ու նախկին նախագահ Էնքպայարին, որ ինծի յանձնած էր Երկիրը այցելելու պաշտօնական հրաւէրը։ Ուրախութեամբ կը մտածեմ տեղական Եկեղեցւոյ և մոնկոլ ժողովրդին` ազնիւ և իմաստուն ժողովուրդ, որ ինծի այնքան սէր ու ջերմութիւն ցուցաբերեց»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ  գլխաւորած 6 սեպտեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր կեդրոնացուց անցեալ օրերուն, 31 օգոստոսէն 4 սեպտեմբերին, Մոնկոլիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան վրայ, որ պատմական եղաւ ,տրուած ըլլալով որ Ֆրանչիսկոս Պապը պատմութեան մէջ առաջին Քահանայապետն էր որ կ՛այցելէր ասիական ցամաքամասի այս լայնածաւալ երկիրը ուր կ՛ապրին միայն 1500 կաթողիկէ հաւատացեալներ։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Ի՞նչու Քահանայապետը գնաց այդքան հեռու երկիր

«Ի՞նչու Քահանայապետը գնաց այսքան հեռու` այցելութիւն տալու հաւատացեալներու փոքր հօտի մը» հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու պատասխանեց «Որովհետեւ ճիշտ այնտեղ է, հեռու ուշադրութեան կեդրոնէն, որ կը գտնուին Աստուծոյ ներկայութեան նշանները, որ չի նայիր արտաքինին, այլ սրտին։ Տէրը չի փնտռէր թատերաբեմին կեդրոնը, այլ պարզ սիրտն անոր, որ զինք կը փափաքի ու կը սիրէ առանց երեւնալու», յարեց Քահանայապետը դիտել տալով, թէ ինք շնորհքը ունեցաւ Մոնկոլիայի մէջ «հանդիպելու խոնարհ եւ ուրախ Եկեղեցւոյ մը, որ Աստուծոյ սրտին մէջն է» եւ մի քանի օրուան համար գտնուեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ կեդրոնը։

Մոնկոլիայի կաթողիկէ - տիեզերական Եկեղեցին

«Այդ համայնքը ունի յուզիչ պատմութիւն։ Ան յառաջ եկած է, Աստուծոյ շնորհքով, եւ որոշ միսիոնարներու առաքելական եռանդի բերումով, որոնք, Աւետարանին կիրքը ունենալով գացին այդ երկիրը, սորվեցան լեզուն ու թէեւ կու գային տարբեր երկիրներէ, ծնունդ տուին միացած եւ իսկապէս կաթողիկէ հասարակութեան մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, որ «Կաթողիկէ բառին նշանակութիւնը` «տիեզերական» է»։ Բայց ոչ թէ նոյնաձեւ դարձնող տիեզերականութիւն այլ մշակոյթանացնող տիեզերականութիւն»։ «Կաթողիկէութիւնը մարմնաւորուած տիեզերականութիւն է` որ բարին կը տանի այնտեղ ուր կ՛ապրի ու կը ծառայէ մարդոց» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

«Եկեղեցին կ՛ապրի վկայելու Յիսուսին սէրը հեզութեամբ, կեանքով նախ քան խօսերով, ուրախ իր իսկական հարստութեան համար, որ է ծառայութիւն Տիրոջ եւ եղբայրներուն», շարունակեց Քահանայապետը հաստատելով, որ Մոնկոլիայի երիտասարդ Եկեղեցին «ծնաւ գթութեան ակօսին մէջ, որ ամենալաւ վկայութիւնն է հաւատքին»։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Աստուծոյ ողորմութիւնը

Այս ուղղութեամբ Ան ակնարկեց նաեւ իր վերջին օրը կատարած «Ողորմութեան Տան» բացումին, որ Մոնկոլիայի մէջ գոյութիւն ունեցող առաջին բարեսիրական կեդրոնն է, կառուցուած տեղական եկեղեցւոյ ջանքերով, որ «այդ քրիստոնեաներուն այցեքարտն է, բայց կոչ է նաեւ իւրաքանչիւր հասարակութեան` դառնալու ողորմութեան տուն մը, բաց եւ հիւրընկալ վայր, ուր իւրաքանչիւրի թշուառութիւնները կարող են դպչիլ Աստուծոյ ողորմութեան, որ կը վերականգնէ եւ կը դարմանէ» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Հայեացքը ուղղել դէպի երկինք

«Ես կարողացայ բացայայտել մոնկոլ ժողովՈՒրդին գեղեցկութիւնը, ծանօթանալով մարդոց, ունկնդրելով անոնց պատմութիւնները, ու գնահատելով անոնց կրօնական որոնումը։ Ասոր համար երախտապարտ եմ նաեւ անցեալ կիրակի օրուայ միջկրօնական եւ համամիութենական հանդիպումին համար» յարեց հուսկ Քահանայապետը ակնարկելով Մոնկոլիայի պուտտիսթական հինաւուրց աւանդութեան, «բազմաթիւ անձերով` որոնք իրենց հոգեւորականութիւնը կ՛ապրին լռութեան մէջ եւ անկեղծ ու արմատական ձեւով, սեփական կիրքերու դէմ պայքարի եւ անձնուիրումի միջոցաւ2։

«Կարեւոր է իմանալ, թէ ինչպէս ճանչնալ ու տեսնել բարին, թէեւ մենք յաճախ միւսները կը գնահատենք միայն այն չափանիշով, որ մեր մտքերուն համապատասխանեն։ Մինչդեռ Աստուած մեզմէ կը խնդրէ ունենալ բաց ու բարեացակամ հայեացք մը, որովհետեւ ըլլայ մարդոց, ըլլայ մշակոյթներուն մէջ, ըլլայ կրօններու, ըլլայ ազգերու մէջ, միշտ ալ կայ բացայայտելիք հարստութիւն մը։ Եւ ասոր համար կարեւոր է հայեացքը ուղղել դէպի վեր, դէպի բարիի լոյսը, ինչպէս կ՛ընէ Մոնկոլ ժողովուրդը»։

Միայն այդ ձեւով, բարին ճանչնալով, կը կառուցի միասնական ապագան, միայն միւսը արժեւորելով է, որ կարող ենք զայն օգնել աւելի լաւ ըլլալու։ Ի վերջոյ Աստուած նոյնը կ՛ընէ մեր հետը. Մեզի կը նայի բարութեամբ, վստահութեամբ սրտի հայեացքով։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Արմատներու եւ աւանդութիւններու պահպանումը

Հաճելի էր երկխօսութեան մէջ մտնել ասիական մեծ ցամաքամասին հետ, հասկանալ անոր պատգամները, ծանօթանալ անոր իմաստութեան, իրերուն նայելու, ժամանակն ու տարածութիւնը ընդգրկելու անոր ձևին: Ինծի համար լաւ էր, որ հանդիպեցայ մոնկոլ ժողովուրդին, որ կը պահպանէ արմատներն ու աւանդութիւնները, կը յարգէ տարեցները և ներդաշնակութեամբ կ՛ապրի շրջակայ միջավայրին հետ։

Մտածելով Մոնկոլիայի անսահման և լուռ տարածքներու մասին՝ թոյլ տանք խթանուիլ այն պահանջէն` մեր հայեացքի սահմանները ընդլայնելու, որպէսզի տեսնէ այն լաւը, որ կայ ուրիշներուն մէջ և ի վիճակի ըլլայ ընդլայնելու մեր սեփական հորիզոնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2023, 09:26

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >