Որոնել

«Մենք ալ հովանի դառնանք ուրիշներուն». Ֆրանչիսկոս Պապ

Սուրբ Ծննդեան նախօրէին Սրբազան Պապը գլխաւորեց Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց աւետման դրուագէն քաղուած Հրեշտակի հետեւեալ խօսքին վրայ. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան նախօրէին, Կիրակի` 24 դեկտեմբեր 2023ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ ներկայացուց` Ղուկասի աւետարանէն քաղուած Աւետման դրուագը պատմող աւետարանական հատուածին մեկնաբանութիւնը, ուր Հրեշտակը Սուրբ Կոյսին կ՛աւետէ թէ պիտի ծնի Յիսուսը, ու անոր կը բացատրէ` թէ. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ»։

«Կանգ առնենք հովանիին վրայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը բացատրելով, որ ծառի մը հովանին ու վրանի մր շուքը մշտական արեւով վայրի մը համար, սփոփանք ու պաշտպանութիւն է։

Եկուր իմ հովանիիս տակ։ Մնացիր իմ հետս:

«Հովանին կազդուրիչ պարգեւ մըն է եւ Հրեշտակը այդ ձեւով կը ներկայացնէ Սուրբ Հոգիին գալուստը` Աստուծոյ գործելակերպը, որ կը գործէ որպէս սիրուն սէր` որ կ՛ողջագուրէ, կը պտղաբերէ, ու կը պաշտպանէ առանց բռնութեան եւ առանց վիրաւորելու ազատութիւնը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ Սուրբ Գրգին մէջ յաճախ յիշուած շուքին ու հովանիին ապա նշելով, որ Հովանին կը խօսի Աստուծոյ ազնուութեան մասին։ Կարծես ան Մարիամին ու նաեւ մեզի այսօր կ՛ըսէ. «ես հոս եմ քեզի համար ու ինքզինքս կը նուիրեմ` որպէս ապաստան եւ քեզի ապաւէն։ Եկուր իմ հովանիիս տակ։ Մնացիր իմ հետս»։

Ընկալել պաշտպանել ե միւսները յարգել

Աստուած այս ձեւով կը սիրէ ու մեզ ալ կը կոչէ նոյնը կատարելու, ընկալելով, պաշտպանելով ու միւսները յարգելով։ Մտածել բոլորին, անոր որ անտեսուած է, անոր որ այս օրերուն հեռու է Ծննդեան ուրախութենէն։ Մտածենք բոլորին Աստուծոյ բարութեամբ։ Յիշենք այս բառը` Աստուծոյ բարութիւնր», ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը հրաւիրելով մենք մեզ հարցաքննելու եթէ կարիքաւորներուն համար դարձած ենք ստուեր որ կը կազդուրէ ու բարեկամութիւն` որ կը մխիթարէ։

«Մարիամը թող մեզի օգնէ` ըլլալու բաց ու հիւրընկալ Աստուծոյ ներկայութեան նկատմամբ, որ կու գայ մեզ փրկելու հեզութեամբ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2023, 12:11

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >