Որոնել

Ընտանիքի մը համար ամենակարեւոր տարրը երկխօսութիւնն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Գեղեցիկ է երբ մայր մը յանդիմանութեամբ չի սկսիր իր խօսքը այլ հարցումով մը։ Մարիամ արդարեւ չի դատապարտեր այլ կը ջանայ հասկնալ ինչպէս ընկալել այդ զաւակը, ունկնդրութեան միջոցաւ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 29 դեկտեմբերին, 2024 տարուան վերջին կիրակին Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Պապը աւանդութեան համաձայն առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց ընթացիկ տարուան վերջին Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ընտանիքին վրայ ներշնչում քաղելով Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքէն եւ օրուան աւետարանական հատուածէն որ քաղուած էր Ղուկաս աւետարանիչէն (Գլ. 2,41-52) ու կը խօսէր այն դէպքի մասին` երբ Յիսուս տասներկու տարեկանին ընտանիքին հետ միասին Երուսաղէմ կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին կը կորսուի ու անոր ծնողքը մտահոգուած կը սկսին զինք փնտռել ու զայն կը գտնեն ժողովարանին մէջ։

«Եւ Մարիամ մտահոգ Յիսուսին հարց կու տայ. Որդեակ ի՞նչու այս բանը ըրիր մեզի։ Քու հայրդ եւ ես մտահոգ քեզ կը փնտռէինք։ Եւ Յիսուս կը պատասխանէ. Ի՞նչու կը փնտռէք զիս չէք գիտեր որ հօրս գործերով պէտք է զբաղիմ»։

Ընտանիքին մէջ երկխօսութեան կարեւորութիւնը 

Ասիկա ընտանիքի մը փորձառութիւնն է, որ անդորր պահերը կը փոխարինէ խռով պահերու հետ։ Կը նմանի մեր օրերու ընտանիքի մը տագնապին, դժուար երիտասարդի մը եւ երկու ծնողներու, որոնք դժուարութիւն ունին զինք հասկնալու ….բայց Նազարէթի ընտանիքը տիպար է որովհետեւ այդ ընտանիքը երկխօսութեան մէջ գտնուող ընտանիք է եւ երկխօսութիւնը ամենակարեւոր տարրն է ընտանիքի մը համար։ Ընտանիք մը` որ չի հաղորդակցիր  կարող չէ երջանիկ ըլլալ» ըսաւ Քահանայապետը։

Ընտանիքին մէջ ունդկնրելոը աւելի կարեւոր է քան հասկնալը 

«Գեղեցիկ է երբ մայր մը յանդիմանութեամբ չի սկսիր իր խօսքը այլ հարցումով մը։ Մարիամ արդարեւ չի դատապարտեր այլ կը ջանայ հասկնալ ինչպէս ընկալել այդ զաւակը, ունկնդրութեան միջոցաւ … թէեւ Աւետարանիչը նկատել կու տայ որ Մարիամն ու Յովսէփը չի հասկցան Յիսուսին ըսածը եւ այս մէկը ի ցոյց այն իրականութեան թէ ընտանիքին մէջ աւելի կարեւոր է ունկնդրելը կան հասկնալը» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով որ ունկնդրելը կը նշանակէ կարեւորութիւն տալ միւսին, ճանչնալ անոր իրաւունքը` գոյութիւն ունենալու եւ անկախ մտածելու եւ զաւակները այս մէկին կարիքը ունին» յարեց Ան, ակնարկելով` որ ընտանիքի մը մէջ երկխօսութեան եւ ունկնդրութեան առանձնաշնորհեալ պահ մըն է սեղանի շուրջ ճաշելը, ուր կարելի է խօսիլ, լուծել հարցերը եւ ուր սերունդներ կը միանան, զաւակներ իրենց ծնողներուն հետ, թոռնիկներ իրենց մեծ պապիկ մամիկներուն հետ։

Հայցենք ունկնդրութեան շնորհքը

«Երբեք փակ չմնալ, կամ հենած բջիջային հեռաձայններու վրայ. Խօսիլ, ունկնդրել, այս է երկխօսութիւնը, որ լաւ է ու մեզ կ՛աճեցնէ», նշեց Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց խորհելու ու հասկնալու` եթէ մեր ընտանիքներուն մէջ ալ կայ ունկնդրութիւն եւ ժամանակ կը յատկացնենք երկխօսութեան։

Այն ինչ` որ այսօր կարող ենք սորվիլ Սուրբ Ընտանիքէն փոխադարձ ունկնդրութիւնն է ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ  հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը` որպէսզի մեր ընտանիներուն շնորհէ ունկնդրութեան շնորհքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2025, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >