Որոնել

Նախանձ և սնապարծութիւնը. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

Ունկնդրութեան սկիզբը Քահանայապետը նշեց, թէ տրուած ըլլալով որ ինք տակաւին հարբուխէ կը տառապի խորհրդածութիւնը պիտի ընթերցէ Գերապայծառ Ֆիլիփփօ Չամփանելլին` Պետական Քարտուղարութեան խորհրդատու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Մեծ Պահքի Հոգեւոր Կրթութեան առիթով ընդհատումէն ետքը, այսօր` չորեքշաբթի 28 Փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապը դարձեալ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց անցեալ շաբաթներուն սկսած մոլութիւններու եւ առաքինութիւններու նիւթին վրայ այս անգամ խօսելով Նախանձի և սնապարծութեան մասին։

Ունկնդրութեան սկիզբը Քահանայապետը նշեց, թէ տրուած ըլլալով որ ինք տակաւին հարբուխէ կը տառապի խորհրդածութիւնը պիտի ընթերցէ Գերապայծառ Ֆիլիփփօ Չամփանելլին` Պետական Քարտուղարութեան խորհրդատու։

Նախանձը և սնապարծութիւնը

«Այսօր նկատի պիտի առնենք երկու մահացու մեղքեր` Նախանձը և սնապարծութիւնը» գրած է Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով նախ նախանձի մասին ու այս առնչութեամբ ակնարկելով Ադամի ու Եւայի զաւակներ` Կայէնի եւ Աբէլի միջեւ կապին, ու մասնաւորապէս Կայէնի իր եղբօր նկատմամբ ունեցած նախանձին, ի տես այն իրողութեան` որ անոր «զոհերը հաճելի էին Աստուծոյ»։

«Նախանձը եթէ վերահսկուած չըլլայ կը մղէ միւսի ատելութեան։ Աբէլը սպաննուեցաւ Կայէնի ձեռքով, որ չէր կրցած հանդուրժել իր եղբօր երջանկութիւնը» գրած է Քահանայապետը նշելով նաեւ, թէ նախանձը ատելութեան ու սիրոյ յարաբերութիւն է, մէկ կողմէն միւսին չարիքը կը մաղթուի բայց գաղտնաբար կը ցանկանք անոր նմանիլ... «մեզի համար միւսին բախտը անարդարութիւն կը թուայ ու կը կարծենք թէ, մենք շատ աւելիով արժանի ենք անոր յաջողութիւններուն ու անոր բախտին»:

«Նախանձողը չընդունիր, որ Աստուած ունի իր «թուաբանութիւնը», որ կը տարբերի մեր թուաբանութենէն։ Ան կը ցանկայ Աստուծոյ պարտադրել իր եսասիրական տրամաբանութիւնը, մինչդեռ Աստուծոյ տրամաբանութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սէրը» յարեց Նորին Սրբութիւնը բացատրելով` որ Աստուծոյ պարգեւած բարիքները եղած են որպէսզի բաժնուին եւ ասոր համար է` որ Սուրբ Պօղոսը քրիստոնեաները կը խրախուսէ. «Սիրեցէք զիրար եղբայրական փոխադարձ սիրով, մրցակցելով փոխադարձ գնահատանքով»։

«Ահա այս է նախանձութեան դարմանը» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով երկրորդ մոլութեան` սնապարծութիւնը։

Սնապարծութիւնը չափէն աւելի եւ անհիմն ինքնագնահատում է

«Անիկա ձեռք ձեռքի կ՛ընթանայ նախանձի դեւին հետ եւ անոնք միասին կը պատկանին այն անձին, որ կը ցանկանայ աշխարհիս կեդրոնը ըլլալ, ազատ չարաշահելու ամէն բան եւ ամէնքը, դառնալով փառքի եւ սիրոյ ենթական»։

«Սնապարծութիւնը չափէն աւելի եւ անհիմն ինքնագնահատում է։ Սնապարծը Եսասէր է, անիկա չ՛անդրադառնար, որ աշխարհիս մէջ իրմէ զատ կան այլ մարդիկ։ Անոր յարաբերութիւնները միշտ գործիքաւորուած են՝ մղուած գերակայելու ուրիշներուն...ու եթէ պատահի` որ անոր կարողութիւնները չճանչցուին, ան կը զայրանայ։ Միւսները իրեն համար անարդար են, անհասկացող եւ անարժէք։ Եւ շատ անգամ կը պատահի, որ հոգեւոր կեանքի առաջին յաջողութիւններուն դիմաց ինք ինքզինք կը զգայ հասած նպատակին առանց հասկնալու թէ կը գտնուի հոգեւոր ուղեւորութեան սկիզբը ու թաքնուած փորձութիւնը զինք շուտով պիտի տապալէ։

Սնապարծութենէ բուժուելու համար կ՛առաջարկուին տարբեր լուծումներ եւ անոնցմէ ամենագեղեցիկը կը գտնենք Պօղոս առաքեալի փորձառութեան մէջ (Բ Կորընթաց. 12)։

Հետեւիլ Սուրբ Պօղոսին

Արդարեւ Սուրբ Պօղոսի նման պէտք է, որ հանդուրժենք մեր տկարութիւնը ու համակերպինք անոր։ Տէրը առաքեալին որ Անորմէ կը խնդրէ հեռացնել իր մարմինէն խայթոցը կը պատասխանէ. «Շնորհքս բաւարար է քեզի, որովհետեւ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Ուստի մերը ընենք առաքեալին խօսքերը թելադրեց Սրբազան Պապը ու կրկնեց սուրբ Պօղոսին կորնթացիներու Բ թուղթէն քաղուած խօսքերը. «սիրով կը նախընտրեմ պարծենալ իմ տկարութիւններովս, որպէսզի Քրիստոսի զօրութիւնը մնայ իմ մէջս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2024, 09:37

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >