Մեր տաճարները ըլլան տուներ ոչ թէ շուկաներ. Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 3 Մարտին ըստ լատինաց քառասնորդաց շրջանի երրորդ Կիրակին է իսկ հայերուս մօտ չորրորդ Կիրակին։ Ֆրանչիսկոս Պապը սովորութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն նախագահեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոս Հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ եւ այս առթիւ պատրաստած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած աւետարանական այն հատուածին վրայ ուր առաքեալը կը պատմէ Յիսուսին Երուսաղէմի տաճարէն վաճառողներու վտարումին դրուագը (Յովհ. 2,13-25)։
«Հօրս տունը վաճառքի տուն մի վերածէք»
«Յիսուս անոնց կ՛ըսէ. «Հօրս տունը վաճառքի տուն մի վերածէք»։ Պահ մը խորհինք այս տունի ու վաճառատունի միջեւ հակասութեան մասին, որ երկու ձեւեր են մենք մեզ դնելու Տիրոջ առջեւ» կը հրաւիրէ Սրբազան Պապը ու կը բացատրէ.
«Որպէս շուկայ հասկացուած տաճարին մէջ, Աստուծոյ հետ հաշտ ըլլալու համար, բաւական էր գնել գառնուկ մը, վճարել անոր գինը ու սպառել զոհասեղանի խարոյկին վրայ: Գնել, վճարել, սպառել, յետոյ ամէն մին իր տունը կը վերադառնար։ Իսկ Տաճարին մէջ հասկացուած` որպէս տուն, կը պատահի հակառակը, այնտեղ կ՛երթանք հանդիպելու համար Տիրոջ, մնալու Անոր հետ ու եղբայրներուն հետ, կիսելու համար ցաւեր եւ ուրախութիւններ։ Աւելին` շուկային մէջ կը խաղան գիներուն հետ, տան մէջ հաշիւ չենք ընէր, շուկային մէջ կը փնտռուին անձնական շահերը, տան մէջ կը պարգեւուի ձրիութեամբ»։
Մեր շուրջը աւելիով տուն շինենք քան շուկաներ
«Յիսուս խիստ է, որովհետեւ չընդունիր որ շուկայ-տաճարը փոխարինէ տուն-տաճարը, որ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը ըլլայ շուկայական փոխանակ` որ ըլլայ մօտիկ ու վստահելի, որ վաճառքի վաճառասեղանները առնեն ընտանեկան ճաշասեղանին տեղը, գիները և մետաղադրամները՝ շոյանքներուն տեղը։ Որովհետև այս կերպով պատնէշ մը կը ստեղծուի Աստուծոյ և մարդու միջեւ և եղբօր ու եղբօր միջև, մինչդեռ Քրիստոս եկաւ հաղորդութիւն, ողորմութիւն և մօտիկութիւն բերելու»։
«Ուստի մեր քառասնորդաց շրջանի ուղեւորութեան ընթացքին հրաւէրը այն է, թէ մենք ալ մեր մէջ ու մեր շուրջը աւելիով տուն շինենք քան շուկաներ։ Այս ընել նախ եւ առաջ Աստուծոյ նկատմամբ։ Աղօթելով, որպէս զաւակներ, որոնք անյապաղ եւ վստահութեամբ կը թակէն Հօր դուռը։ Ապա տարածելով եղբայրութիւնը։ Որուն մեծ կարիքը կայ։ Մտաբերենք այն ամօթալի լռութիւնը, մեկուսացնող, երբեմն նոյնիսկ թշնամական, որուն կը հանդիպինք շատ մը վայրերուն մէջ։
Տապալենք լռութեան պատնէշը
Ուստի հարց տանք նախ եւ առաջ ի՞նչպէս է մեր աղօթքին վիճակը։ Անիկա պարզ վճարելիք գին մըն է կամ վստահ յանձնումի մը պահ։ Ապա ի՞նչպէս են իմ յարաբերութիւններս ուրիշներուն հետ։ Գիտե՞մ պարգեւել առանց ոչ մէկ բան ակնկալելու անոր փոխարէն։ Գիտե՞մ առաջին քայլը կատարել տապալելու համար լռութեան պատնէշը։
Մարիամը` թող օգնէ մեզի, որպէսզի Տուն կառուցենք Աստուծոյ հետ, մեր միջեւ եւ մեր շուրջը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ