Որոնել

Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան նիւթը. Խոհեմութիւնը

Խոհեմութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ գործնական բանականութիւնը կը տրամադրէ տեսնելու բոլոր պարագաներու մէջ մեր ճշմարիտ բարին եւ ընտրելու արդար միջոցները զայն գործելու։ Խոհեմութեան առաջնութիւն տալը կը նշանակէ թէ մարդուս գործը անոր բանականութեան ու ազատութեան ձեռքերուն մէջ է։ Խոհեմ մարդը ստեղծագործ է, կը պատճառաբանէ, կը գնահատէ, կը փորձէ հասկանալ իրականութեան բարդութիւնը և թոյլ չի տար որ զգացմունքները, ծուլութիւնը, կամ պատրանքները ճնշեն իր վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 20 Մարտ 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին իտալիայի տարբեր շրջաններէն ու աշխարհի տարբեր երկիներէն հազարաւոր հաւատացեալներ։

Ունկնդրութեան սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ներկաները նշեց7 թէ այսօրուան խորհրդածութիւնը պիտի ընթերցէ Հայր Փիերլուիճի Ճիրոլին տրուած ըլլալով, որ ինք տակաւին կարող չէ երկար ճառեր կարդալ։

Խորհրդածութիւնը կարդալով Հայր Ճիրոլին ի միջի այլոց ըսաւ.

Այսօրուան խորհրդածութիւնը կը նուիրենք խոհեմութեան առաքինութեան, որ արդարութեան, զօրութեան եւ ժուժկալութեան հետ միասին գլխաւոր առաքինութիւններէն մին է, որոնք  քրիստոնեաներու բացառիկ իրաւասութիւնը չեն, այլ կը պատկանին հին իմաստութեան, մասնաւորապէս յոյն փիլիսոփաներու ժառանգութեան։

Վերականգնել խոհեմութեան հնագոյն դասը

Խոհեմութիւնը այն առաքինութիւնն է, որ գործնական բանականութիւնը կը տրամադրէ տեսնելու բոլոր պարագաներու մէջ մեր ճշմարիտ բարին եւ ընտրելու արդար միջոցները զայն գործելու։ Խոհեմութեան առաջնութիւն տալը կը նշանակէ թէ մարդուս գործը անոր բանականութեան ու ազատութեան ձեռքերուն մէջ է։ Խոհեմ մարդը ստեղծագործ է, կը պատճառաբանէ, կը գնահատէ, կը փորձէ հասկանալ իրականութեան բարդութիւնը և թոյլ չի տար, որ զգացմունքները, ծուլութիւնը, կամ պատրանքները ճնշեն իր վրայ։

Աշխարհի մը մէջ, ուր կը գերիշխեն արտաքին տեսքը, մակերեսային մտքերը, ըլլայ բարիին ըլլայ չարին անիմաստութիւնը, կ՛արժէ վերականգնել խոհեմութեան հնագոյն դասը:

Խոհեմութիւնը «ուղիղ կանոնն է գործին»

Խոհեմութիւնը «ուղիղ կանոնն է գործին», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի, Արիստոտելէն ետք։ Անիկա կարողութիւն է կառավարելու արարքները զանոնք մղելով դէպի բարին։ Ան երկչոտութիւն կամ վախ չէ, ո՛չ ալ երկդիմութիւն կամ ծածկամտութիւն։ Ան կոչուած է «ռահվիրայ առաքինութիւններուն»։ Խոհեմ է այն մարդը, որ կարող է ընտել ոչ պատահական կերպով. Ան գիտէ թէ ինչ կ՛ուզէ, ուստի կը գնահատէ իրավիճակը, կը խորհրդակցի եւ աւելի ընդարձակ հայեացքով ու ներքին ազատութեամբ կ՛ընտրէ ուղին։ Այս չի նշանակեր, որ ան կարող չէ սխալիլ, ի վերջոյ բոլորս ալ մարդ ենք, բայց առ նուազն ան կը խուսափի մեծ շեղումներէ։

Խոհեմութիւնը կառավարելու կոչուածին յատկութիւն

Խոհեմութիւնը արդարեւ կառավարելու կոչուածին յատկութիւնն է. ան գիտէ, որ կառավարելը դժուար է, որ տեսակէտները շատ են, և թէ պէտք է զանոնք ներդաշնակեցնել, ու թէ պէտք է կատարել ոչ թէ ոմանց, այլ բոլորին բարիքը։

խոհեմ մարդը գիտէ անցեալի յիշատակը պահպանել, ոչ որովհետեւ վախ ունի ապագայէն այլ որովհետեւ ան գիտէ, որ աւանդութիւնները իմաստութեան ժառանգութիւն են։

Խոհեմ մարդը նաև հեռատես է

Կեանքը կազմուած է հին ու նոր բաներու շարունակական համընկնումով, և լաւ չէ միշտ մտածել, որ աշխարհը մեզմով կը սկսի, ու թէ հարցերը պէտք է դիմագրաւենք զէրոյէն մեկնելով: Խոհեմ մարդը նաև հեռատես է։

Աւետարանի բազմաթիւ հատուածներ մեզի կ՛օգնեն խոհեմութիւնը կրթելու, զոր օրինակ խոհեմ է ան` որ իր տունը կը կառուցէ ժայռի վրայ եւ անխոհեմ է ան որ զայն կը կառուցէ աւազի վրայ (Մատթ. 7,24-27). Իմաստուն են կոյսերը, որոնք իրենց հետ ձէթը կը տանին ու յիմար այն կոյսերը, որոնք այդ մէկը չեն ընէր (Մատթ. 25,1-13)։

Խելացի սուրբեր

Քրիստոնէական կեանքը պարզութեան և խորամանկութեան համադրութիւն է: Յիսուս իր աշակերտները առաքելութեան պատրաստելով խորհուրդ կու տայ ըլլալ «օձերու նման խելամիտ և աղաւնիներու պէս պարզամիտ» (Մատթ. 10։16)։

Այս կը նշանակէ` որ Աստուած չուզէր որ մենք պարզապէս սուրբ ըլլանք, ան մեզ կ՛ուզէ խելացի սուրբեր, քանի որ առանց խոհեմութեան մէկ ակնթարթի մէջ կարելի է սխալ ճանապարհ առնել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2024, 09:25

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >