Համբերութեան առաքինութիւնը եղաւ Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութեան խորհդածութեան նիւթը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորս տարի առաջ այսօրուայ պէս` 27 մարտին, երբ համայն աշխարհը կը գտնուէր Քոնորաժահրի ճիրաններուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ արտակարգ աղօթք մը կը կատարէր, առանձին, ամայի այդ հրապարակին վրայ: Աղօթք` որ խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ Ան բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի գթայ իր ժողովուրդին վրայ։
Մինչ 27 Մարտ 2013ին Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէր իր Քահանայապետութեան առաջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Աւագ Շաբթուայ վրայ։ Եւ ահա այսօր` 11 տարիներ ետք` 27 Մարտ 2024ին, միշտ աւագ շաբթուայ ընթացքին, Սրբազան Պապը դարձեալ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն սկիզբը յայտնեց թէ այս ունկնդրութիւնը պիտի կատարուէր Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, սակայն կլիմայի անկայունութեան բերումով նախընտրուեցաւ ներքուստ կատարել զայն։
Սէրը կը համբերէ ամէն բանի
Ան ապա ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը ըսելով. «Անցեալ կիրակի լսեցինք Յիսուսին չարչարանքներուն պատմութիւնը։ Իր կրած տառապանքներուն դիմաց Յիսուս Կը պատասխանէ առաքինութեամբ մը, որ թէև մաս չէ աւանդական առաքինութիւններուն, բայց կը մնայ շատ կարևոր՝ համբերութիւնը»։
«Անիկա կը վերաբերի տոկալու` ապրուած տառապանքին։ Յիսուսի համբերութիւնը հերոսական դիմադրութիւն չէ տառապանքին, այլ պտուղն է աւելի մեծ սիրոյ մը» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով Սուրբ Պօղոսի «Գթութեան օրհներգին» (Ա Կորընթ. 13,4-7) ուր առաքեալը սերտօրէն իրար կը կապէ սէրն ու համբերութիւնը «...Սէրը կը համբերէ ամէն բանի...»:
Համբերող Քրիստոնեաներ
Սուրբ Պօղոս կ՛արտայայտէ բառ մը` որ յաճախ կը տեսնենք Աստուածաշունչին մէջ. «Աստուած մեր անհաւատարմութեան դիմաց փոխանակ իր զզուանքը արտայայտելու մարդուս գործած չարիքին ու մեղքին համար, կը բացայայտուի աւելի մեծ, պատրաստ ամէն անգամ նորէն սկսելու անսահման համբերութեամբ»: Ասիկա Պօղոսի համար սիրոյ առաջին յատկանիշն է, որ ներում կ՛առաջարկէ մեղքին դիմաց: Հետևաբար, համբերութեան հիմքին մէջ կայ սէրը, ինչպէս կ՛ըսէ սուրբ Օգոստինոսը. «Անձ մը աւելի ուժեղ է ցանկացած չարիք հանդուրժելու մէջ, այնքան աւելի մեծ է անոր մէջ Աստուծոյ սէրը» (De patientia, XVII)։
«Ուստի կարող ենք ըսել` որ չկայ Քրիստոսի սիրոյն աւելի լաւ վկայութիւն քան հանդիպիլ համբերող քրիստոնեաներու» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով` որ «մենք յաճախ համբերութեան պակասը ունինք։ Թէեւ անոր պէտք ունինք, որպէսզի կարողանանք յառաջ ընթանալ, բայց բնազդաբար անհամբեր կը դառնանք և չարին չարութեամբ կը պատասխանենք, դժուար է հանդարտութիւնը պահպանելը, վերահսկել մեր բնազդներուն վրայ, զսպել վատ պատասխանները, վէճերն ու հակամարտութիւնները թուլացնել ընտանիքին, աշխատավայրի ու քրիստոնէական համայնքներուն մէջ» նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեցնելով` որ « համբերութիւնը միայն անհրաժեշտութիւն մը չէ, անիկա կոչում է»։ «Եւ եթէ Քրիստոս համբերող է, քրիստոնեան կոչուած է ըլլալու համբերատար։ Եւ այս կը նշանակէ ընթանալ այսօր տարածուած մտայնութեան հակահոսանք, ուր կը գերիշխեն արագութիւնը եւ «ամէն բան» ու «անմիջապէսը»...
Քրիստոնեան կոչուած է ըլլալու համբերատար
«Արագութիւնն ու անհամբերութիւնը թշնամի են հոգեւոր կեանքին։ Աստուած սէր է, եւ ան` որ կը սիրէ չի յոգնիր, դիւրագրգիռ չէ... այլ գիտէ սպասել» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով մտածելու ողորմած Հօր պատմութեան որ կը սպասէ տունէն հեռացած զաւակին դարձը, եւ կամ ցորենի ու որոմի առակին եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց` որ «համբերութիւնը Սուրբ Հոգիին պտուղն է» ու թէ զայն ուժեղացնելու համար պէտք է հայցենք Սուրբ Հոգիին օգնութիւնը ապա յորդորեց` որ երբ մենք կը գտնուինք փորձութեան ճիրաններուն մէջ, Յոբ նահապետի նման յոյսով բացուինք Աստուծոյ նորութիւններուն, այն հաստատակամ վստահութեամբ, որ Ան երբեք մեր սպասումները յուսախաբ պիտի չթողու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ