Որոնել

Il Papa ai Paesi in guerra, fermatevi per negoziare

Ուրիշներուն հետ խօսինք Յիսուսի հետ ունեցած մեր հանդիպումի մասին. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Ամէն օր ռմբակոծուած ենք հազարաւոր պատգամներով, որոնց մեծամասնութիւնը մակերեսային եւ անօգուտ են եւ ուրիշները անփափկանկատ հետաքրքրութիւն կը յայտնեն կամ ալ աւելի քէշ կը թաքցնեն բամբասանքներ եւ չարութիւններ ու այդ լուրերը ոչ մէկ բանի կը ծառայեն, ընդհակառակը ցաւ կը պատճառեն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով որ «կան նաեւ բարի լուրեր, դրական, կառուցողական լուրեր եւ ու թէ անոնք մեզի բարիք կը պատճառեն։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 14 ապրիլի կէսօրին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ, առաքելական պալատին իր գրասենեակի պատուհանէն Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը ու ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, որուն նիւթը եղաւ օրուան աւետարանի հատուածը, ուր կը խօսուի, վերնատան մէջ Էմմաւուսէն եկած երկու աշակերտներուն մասին, որոնք առաքեալներուն կը պատմեն Յիսուսի հետ ունեցած իրենց հանդիպումը։

Հաւատքը կիսելու ուրախութիւնը 

«Մինչ իրենց ուրախութիւնն ու փորձառութիւնը կ՝արտայայտեն, Յարուցեալը ամբողջ հասարակութեան կ՝երեւնայ։ Յիսուս կը հասնի ճիշդ այն պահուն երբ անոնք կը կիսեն իրենց հանդիպումի պատմութիւնը», ըսաւ նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց մտածելու այդ եղելութեան մասին, հաւատքը կիսելու կարեւորութեան մասին։

Ունայն լուրերը

«Ամէն օր ռմբակոծուած ենք հազարաւոր պատգամներով, որոնց մեծամասնութիւնը մակերեսային եւ անօգուտ են եւ ուրիշները անփափկանկատ հետաքրքրութիւն կը յայտնեն կամ ալ աւելի քէշ կը թաքցնեն բամբասանքներ եւ չարութիւններ ու այդ լուրերը ոչ մէկ բանի կը ծառայեն, ընդհակառակը ցաւ կը պատճառեն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով որ «կան նաեւ բարի լուրեր, դրական, կառուցողական լուրեր եւ բոլորս գիտենք, թէ որքան լաւ է լսել բարի բաները ու ինչքան լաւ կը զգանք երբ անոնք տեղի կ՝ունենան»։

Բարի լուրեր կիսելը

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ ապա, որ կայ նաեւ ուրիշ բան մը, որուն մասին յաճախ դժուարութիւն ունինք խօսելու. Յիսուսի հետ մեր հանդիպումը ու իւրաքանչիւր անձ կարող է շատ բաներ խօսիլ այդ մասին, ոչ թէ ուրիշներու ուսուցանելով, այլ կիսելով այն եզակի պահերը, ուր մօտիկ եւ կենդանի զգաց Տէրը, որ ուրախութիւն կը վարէր սիրտին մէջ կամ ալ արցունքներ կը մաքրէր, եւ վստահութիւն, մխիթարութիւն, ուժ,ներում, խաղաղութիւն, քնքշութիւն կը փոխանցէր։

Խօսիլ Տիորջ հետ հանդիպումի մասին

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ շատ լաւ է խօսիլ նաեւ այն ոգեշնչումներուն մասին, որոնք մեր կեանքին մէջ կողմնորոշեցին բարի մտածումներ եւ զգացումներ, որոնք մեզի կ՛օգնեն յառաջ ընթանալու ու խօսիլ նաեւ այն ջանքերու եւ յոգնութիւններուն մասին, որոնք կը գործադրենք՝ հասկնալու եւ յառաջդիմելու համար հաւատքի ուղիին վրայ, գուցէ նաեւ ապաշխարելու եւ ետ դառնալու մեր քայլերուն վրայ...։ Եթէ մենք այդպէս կատարենք Յիսուս, այնպէս ինչպէս տեղի ունեցաւ Զատիկի գիշերը մեզ պիտի զարմացնէ եւ աւելի գեղեցիկ պիտի դարձնէ մեր հանդիպումները եւ միջավայրերը», ըսաւ Սրբազան Հայրը, ու հրաւիրեց պահ մը լռելեան յիշելու մեր հաւատքի կեանքի մէջ զօրաւոր պահ մը, Յիսուսի հետ վճռական հանդիպումի մը մասին, կարեւորելով այդ պահերը յիշելու եւ փոխանցելու հարկաւորութիւնը։ Ան ապա յորդորեց մենք մեզի հարց տալու, երբ հանդիպեցանք Յիսուսին, եթէ այդ փորձառութիւնը կիսեցինք ուրիշներուն հետ եւ եթէ մեր կարգին ունկնդրեցինք ուրիշները երբ մեզի խօսեցան Յիսուսին հետ իրենց հանդիպումի մասին։


Աղերս առ Տիրամայր

«Թող Տիրամայրը բոլորս օգնէ կիսելու հաւատքը, մեր հասարակութիւնները դարձնելու համար միշտ Տիրոջ հետ հանդիպումի վայրեր», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2024, 12:08

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >