Որոնել

Vatican - Regina Coeli prayer

Չվախնանք ու դառնանք Յիսուսի յարութեան ուրախութեան վկաները. Ֆրանչիսկոս Պապ

Մենք ալ կարող ենք հանդիպիլ Յարուցեալին եւ Ան մեզի եւս, նման կիներուն, պիտի ըսէ. «Մի Վախնա... Եւ եթէ Յիսուս, մեղքին, վախին, մահուան յաղթողը մեզի կ՛ըսէ մի վախնաք. Եկէք չվախնանք, չհարթեցնենք մեզ առանց յոյսի կեանքի մէջ, չրաժարինք Զատկուայ ուրախութենէն: Ընդհակառակը, սնուցանենք Յիսուսին ուրախութիւնը, որ կեանքի շարժիչ ուժն է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այն ժամանակ, անոնք շուտով գերեզմանէն ելան վախով ու մեծ ուրախութեամբ եւ վազեցին աշակերտներուն պատմելու լուրը։

Երբ կ’երթային Յիսուս անոնց դէմը ելաւ ու ըսաւ. «Ողջո՜յն ձեզ»։ Անոնք մօտենալով անոր ոտքերը բռնեցին ու երկրպագութիւն ըրին անոր։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն»։

Երբ անոնք կ’երթային, պահապան զինուորներէն մէկ քանին քաղաքը գացին ու քահանայապետերուն պատմեցին բոլոր եղած բաները։  Անոնք ալ ծերերուն հետ հաւաքուելով ու խորհուրդ ընելով՝ զինուորներուն պատուիրեցին ու ըսին. «Ըսէք թէ ‘Անոր աշակերտները գիշերով եկան զանիկա գողցան, երբ մենք կը քնանայինք’։  Եթէ այդ բանը կուսակալին ականջը հասնի, մենք զանիկա կը հաճեցնենք եւ ձեզ ապահով կ’ընենք»։ Անոնք ստակը առին ըրին ինչպէս հրահանգուած էր, եւ այս պատմութիւնը Հրեաներուն մէջ տարածուեցաւ մինչեւ այսօր։

Մատթէոս աւետարանիչէն քաղուած աւետարանական այս հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խորհրդածութեան, զոր Ան ներկայացուց Երկուշաբթի` մէկ ապրիլ 2024ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին յաջորդ օրը, որ ըստ լատինաց կը կոչուի «հրեշտակի երկուշաբթի»։

Ուրախութիւն որ կը ծնի Յարուցեալին հետ հանդիպումէն

«Այսօր, Զատկական ութօրէքի երկուշաբթին, Աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ կիներուն ուրախութիւնը Յիսուսին յարութեան առիթով։ Անոնք գերեզմանը թողուցին «մեծ ուրախութեամբ» եւ «վազեցին աշակերտներուն պատմելու լուրը». Այս ուրախութիւնը, որ կը ծնի Յարուցեալին հետ կենդանի հանդիպումէն, ճնշիչ յուզմունք է, որ զանոնք կը մղէ տարածելու ու պատմելու այն ինչ որ տեսան» ըսաւ խորհրդածութեան սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը։

«Ուրախութիւնը կիսելը սքանչելի փորձառութիւն մըն է, զոր մենք կը սորվինք մանկութենէն ի վեր» յարեց ապա Ան, հրաւիրելով այս առնչութեամբ մտաբերելու պատանին` որ գեղեցիկ նիշ մը կ՛առնէ դպրոցին մէջ եւ անհամբեր է զայն ցոյց տալու իր ծնողներուն, կամ երիտասարդին, որ ձեռք կը բերէ մարզական առաջին յաջողութիւնը, կամ ընտանիքի մը մէջ մանուկի մը ծնունդը...

Յիսուսին յարութիւնը յաղթանակն է կեանքի մահուան վրայ

«Փորձենք յիշել գեղեցիկ պահ մը, որ թէեւ դժուար էր արտայայտել բառերով, բայց շատ փափաքեցանք զայն անմիջապէս պատմել ուրիշներուն» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «Զատկուայ առաւօտուն կիները ապրեցան այդ փորձառութիւնը...որովհետեւ Յիսուսին յարութիւնը ոչ միայն սքանչելի լուր է այլ բան մը, որ կը փոխէ մեր կեանքը ամբողջութեամբ ու առ յաւէտ»։

«Անիկայ յաղթանակն է կեանքին մահուան վրայ, յոյսին յուսահատութեան վրայ» հաստատեց Քահանայապետը աւելցնելով, որ «Յիսուս խոցեց գերեզմանի խաւարը և կ՛ ապրի յաւերժ. անոր ներկայութիւնը կարող է լոյսով լեցնել որեւէ բան։

Անոր հետ ամէն մէկ օրը կը դառնայ անվերջ ուղեւորութեան հանգրուան, իւրաքանչիւր «այսօրը» կարող է յոյս ունենալ «վաղուան» վրայ, ամէն աւարտ կը դառնալ նոր սկիզբ, ամէն պահ նախագծուած է ժամանակի սահմաններէն դուրս՝ դէպի յաւերժութիւն»։

Յարուցեալը մեզի եւս կ՜ըսէ. մի վախնաք

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, Յարութեան ուրախութիւնը հեռու իրականութիւն մը չէ։ Անիկա շատ մօտ է, մերն է, որովհետեւ մեզի շնորհուեցաւ Մկրտութեան օրը» ըսաւ ապա Քահանայապետը, նշելով, որ այդ օրէն ի վեր, կիներուն նման, մենք ալ կարող ենք հանդիպիլ Յարուցեալին եւ Ան մեզի եւս, նման կիներուն, պիտի ըսէ. «Մի վախնաք»։

«Եւ եթէ Յիսուս մեղքին, վախին, մահուան յաղթողը մեզի կ՛ըսէ մի վախնաք. Եկէք չվախնանք, չհարթեցնենք մեզ առանց յոյսի կեանքի մը մէջ, չհրաժարինք Զատկուայ ուրախութենէն: Ընդհակառակը, սնուցանենք Յիսուսին ուրախութիւնը, որ կեանքի շարժիչ ուժն է», հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը հարց տալով «ի՞նչպէս սնուցել այդ ուրախութիւնը», ու պատասխանելով` «այնպէս ինչպէս ըրին կիները. Հանդիպելով Յարուցեալին, որովհետեւ Ան աղբիւրն է ուրախութեան մը, որ երբեք չի սպառիր»։

Դառնանք ուրախ վկաներ

 

«Աճապարենք զայն փնտռելու սուրբ Հաղորդութեան մէջ, Անոր ներումին մէջ, աղօթքին եւ ապրուած բարեսիրութեան մէջ» յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով նաեւ չմոռնալ, որ Յիսուսի ուրախութիւնը կ՜աճի նաեւ զայն հռչակելով ու վկայելով, այնպէս ինչպէս ցոյց կու տան կիները, որովհետեւ ուրախութիւնը երբ բաժնեկցուած է կ՛աճի» ըսաւ Քահանայապետը ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին օգնութիւնը` որպէսզի մենք ալ դառնանք ուրախ վկաներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2024, 12:04

«Թագուհի Երկնից» աղօթքը, Լատին Եկեղեցւոյ մարեմեան չորս կցուրդներէն մին է (միւս կցուրդներն են՝ «Մայր Փրկչին», «Ողջոյն Թագուհի Երկնից» եւ «Ողջոյն Թագուհի»)։

1742 թուականին, Բենեդիկտոս ԺԴ. քահանայապետ նշանակած է, թէ «Թագուհի Երկնից» աղօթքը պէտք է կատարուէր յոտնկայս, զատկական ժամանակամիջոցին մէջ՝ Զատիկի կիրակիէն մինչեւ Պենտեկոստէ, «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի տեղ, որպէս նշան յաղթութեան մահուան վրայ։
Այս աղօթքը, Հրեշտակ Տեառնի նման կը կատարուի օրը երեք անգամ՝ այգաբացին, կէսօրին եւ մայրամուտին՝ օրը նուիրելու համար Աստուծոյ եւ Աստուածածնի։
Այս հին կցուրդը յառաջ եկած է բարեպաշտ աւանդութենէ մը, 6-10 դարերուն, մինչ անոր տարածումը կատարուած է 13րդ դարու առաջին կէսէն սկսեալ, երբ մուծուած է ֆրանսական ժամագրքին մէջ։ Ան բաղկացած է չորս փոքր յանգատողերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կʼաւարտի «Ալէլուիա» կանչով։ Այդ աղօթքով, հաւատացեալները կը դիմեն Մարիամի՝ Երկնքի Թագուհիին, անոր հետ ուրախանալով Քրիստոսի Յարութեան համար։
2015 թուականի ապրիլի 6ին, Զատիկի յաջորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբ կʼաղօթէր Թագուհի Երկնից աղօթքը, խորհուրդ տուաւ հաւատացեալներուն թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ սրտի կեցուածքը երբ կʼարտասանենք այս աղօթքը։
«Կը դիմենք Մարիամի, զայն հրաւիրելով որ ուրախանայ, որովհետեւ Ան, զոր Մարիամ իր արգանդին մէջ կրեց, յարութիւն առաւ, ինչպէս խոստացած էր, եւ մեր անձերը կը վստահինք Մարիամի բարեխօսութեան։ Իրականին, մեր ուրախութիւնը Մարիամի ուրախութեան ցոլացումն է, որովհետեւ Ան է որ պահպանեց եւ հաւատքով կը պահպանէ Յիսուսի կեանքին եղելութիւնները։ Հետեւաբար այս աղօթքը արտասանենք զաւակներու յոյզերով, որոնք կʼուրախանան, որովհետեւ իրենց մայրը ուրախ է։»

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >