Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն. Արդարութեան առաքինութիւնը

«Արդար մարդը չի մտածեր միայն իր անձնական բարօրութեան, այլ կը փափաքի համայն ընկերութեան բարօրութիւնը։ Անիկայ չիյնար միայն ինքնիրեն մտածելու փորձութեան մէջ….Կը բաղձայ կարգաւորուած ընկերութիւն մը, ուր անձերն են որոնք փայլք կու տան պաշտօններուն եւ ոչ թէ հակառակը։ Ան կը մերժէ միջնորդութիւններու առեւտուրը...կը սիրէ պատասխանատուութիւնը եւ տիպար է օրինականութիւնը ապրելու ու զայն խթանելու մէջ։ Այս է արդարեւ արդարութեան ճանապարհը, կաշառակերութեան հակաթոյնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր պիտի խօսինք երկրորդ գլխաւոր առաքինութիւններէն մէկուն մասին. Արդարութիւնը։ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականը զայն կը բնորոշէ` որպէս մշտական ​​և անսասան ցանկութիւն՝ Աստուծոյ և մերձաւորին մատուցելու այն, ինչ իրեն կը պատկանի»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկսաւ 3 ապրիլի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը, զոր ներկայացուց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Արդարութիւնը

«Անիկա ընկերային գերազանց առաքինութիւնն է, որովհետեւ կը ջանայ արդար կերպով կարգաւորել անհատներու միջեւ յարաբերութիւնը» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը։ «Յաճախ երբ արդարութեան մասին կը խօսինք կը մատնանշենք նաեւ «unicuique suum - իւրաքանչիւրին իրը» կարգախօսին։ Անիկա այլաբանական ձեւով ներկայացուած է «կշիռքի» պատկերով, որովհետեւ կը միտի մարդոց միջեւ հաշիւները հաւասարեցնել։ Անոր նպատակն է, որ ընկերութեան մը մէջ իւրաքանչիւր անհատ վայելէ իր արժանապատուութեան պատշաճ վարուելակերպ մը»։

«Նախնիքները այս առումով կը դասաւանդէին թէ անոր համար անհրաժեշտ են նաեւ այլ առաքինի վարմունքներ` ինչպէս բարութիւնը, յարգանքը, երախտագիտութիւնը, սիրելիութիւնը, ազնուութիւնը… բոլորն ալ առաքինութիւններ են` որոնք կը նպաստեն մարդոց միջեւ լաւ համակեցութեան»։

Առանց արդարութեան, չկայ խաղաղութիւն

«Առանց արդարութեան, չկայ խաղաղութիւն, արդարեւ եթէ արդարութիւնը չյարգուի հակառակութիւններ կը ծագին։ Առանց արդարութեան աւելիով զօրաւորին օրէնքը կը գերակշռէ տկարին վրայ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով նաեւ` թէ «արդարութիւնը առաքինութիւն մըն է, որ կը գործէ ըլլայ մեծ, ըլլայ փոքր բաներուն մէջ, ան միայն դատարաններու սրահին մէջ չէ այլ նաեւ մեր առօրեայի կեանքը յատկանշող բարոյականութեան մէջ։ Միւսներուն հետ կը հաստատէ անկեղծ յարաբերութիւնը ու կ՛իրագործէ Աւետարանին պատուէրը` «Այոն այո, եւ ոչը ոչ։ Ասկէ աւելին չարէն կու գայ» (Մատթ. 5,37)»։

Արդար մարդը

«Արդար մարդը ուղղամիտ է , պարզ ու անկեղծ, ան դիմակներ չի կրէր կը ներկայանայ այնպէս ինչպէս որ է, ճշմարտացի է։ Անոր շրթներուն վրայ յաճախ կայ «շնորհակալութիւն» բառը, ան գիտէ, որ որքան ալ փորձենք առատաձեռն ըլլալ, միշտ ալ պարտական ​ կը մնանք ուրիշներուն։ Եթէ մենք կը սիրենք, պատճառը այն է` թէ մենք առաջ սիրուեցանք» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ «Արդար մարդը կը սիրէ եւ կը յարգէ օրէնքները, իրազեկ ըլլալով, որ անոնք յաճախ պատնէշներ են ի պաշտպանութիւն անպաշտպաններուն, հզօրներու ամբարտաւանութենէն»։

Հասարակաց եւ ոչ թէ անձնական բարիքը

«Արդար մարդը չի մտածեր միայն իր անձնական բարօրութեան, այլ կը փափաքի համայն ընկերութեան բարօրութիւնը։ Անիկայ չիյնար միայն ինքնիրեն մտածելու փորձութեան մէջ….Կը բաղձայ կարգաւորուած ընկերութիւն մը, ուր անձերն են որոնք փայլք կու տան պաշտօններուն եւ ոչ թէ հակառակը։ Ան կը մերժէ միջնորդութիւններու առեւտուրը...կը սիրէ պատասխանատուութիւնը եւ տիպար է օրինականութիւնը ապրելու ու զայն խթանելու մէջ։ Այս է արդարեւ արդարութեան ճանապարհը, կաշառակերութեան հակաթոյնը եւ որքան կարեւոր է մարդիկը կրթելարդարութեան մշակոյթով. մասնաւորապէս երիտասարդները» եղաւ Սրբազան Պապին արտայայտած իղձը։

Ըլլանք արդար կիներ ու այր մարդիկ

«Ոչ մէկը գիտէ եթէ աշխարին մէջ արդար մարդիկը շատ են թէ հազուագիւտ` նման մարգարիտներուն։ Վստահաբար անոնք մարդիկ են, որոնք իրենց վրայ եւ իրենց ապրած միջավայրին վրայ կը ներքաշեն շնորհք ու օրհնութիւններ,...արդարները բարոյագէտներ չեն այլ կայուն մարդիկ, որոնք անօթութիւնն ու ծարաւը ունին արդարութեան (Մատթ. 5,6), երազողներ, որոնք իրենց սրտին մէջ կը պահպանեն տիեզերական եղբայրութեան մը իղձը։ Այս երազանքին է, որուն յատկապէս այսօր կարիքը ունինք մենք բոլորս։ Մենք պէտք է ըլլանք արդար կիներ ու այր մարդիկ եւ այս մէկը մեզ երջանիկ կը դարձնէ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2024, 09:25

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >