Որոնել

Մեր սիրտը բանանք Սուրբ Հոգիին. Ֆրանչիսկոս Պապ

Շարունակելով առաքինութիւններու եւ մոլութիւններու մասին իր խորհրդածութիւններու շարքը Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ ըստ Սուրբ Հոգիին շնորհքի կեանքի մասին, հիմնուած աստուածաբանական առաքինութիւններուն վրայ` հաւատք, յոյս ու սէր»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի 24 ապրիլ 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ գլխաւորեց հերթական չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը որուն առիթով շարունակելով առաքինութիւններու եւ մոլութիւններու մասին իր խորհրդածութիւններու շարքը խօսեցաւ ըստ Սուրբ Հոգիին շնորհքի կեանքի մասին հիմնուած աստուածաբանական առաքինութիւններուն վրայ` հաւատք, յոյս ու սէր։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, անցեալ շաբաթներուն խորհրդածեցինք գլխաւոր առաքինութիւններու մասին, խոհեմութիւնը, արդարութիւնը, զօրութիւնը և ժուժկալութիւնը: Եւ ինչպէս շատ անգամ ընդգծեցինք այս չորս առաքինութիւնները կը պատկանին շատ հին իմաստութեան մը, որ կը կանխէ նաեւ քրիստոնէութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութեան սկիզբը ու շարունակեց. «Քրիստոսէն առաջ իսկ կը քարոզուէր ազնւութիւնը` որպէս քաղաքացիական պարտականութիւն, իմաստութիւնը` որպէս գործունէութեան կանոն, քաջութիւնը` որպէս դէպի լաւին հակում ունեցող կեանքի հիմնարար բաղադրիչ, չափաւորութիւնը՝ որպէս անհրաժեշտ միջոց խուսափելու համար աւելորդութիւններու ճնշումէն»։

Բարին փնտռելու կարողութիւնը

«Մարդկութեան այս ժառանգութիւնը չփոխարինուեցաւ քրիստոնէութեամբ, այլ բերուեցաւ յստակ ուշադրութեան կենտրոն, արժեւորուեցաւ, մաքրուեցաւ և բոլորուեցաւ» յարեց ապա Քահանայապետը նշելով` որ «իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ սրտին մէջ կայ բարին փնտռելու կարողութիւնը» ու թէ Սուրբ Հոգին կը պարգեւուի` որպէսզի ան որ զԱյն ընկալէ կարողանայ չարը զանազանել բարիէն եւ ուժը ունենայ հակելու բարիին...»

Աստուածաբանական առաքինութիւնները

«Քրիստոնեան յատուկ օգնութիւն կը ստանայ Սուրբ Հոգիէն եւ այս մէկը կ՛իրականանայ երեք այլ առաքինութիւններու շնորհիւ` հաւատքը, յոյսն ու սէրը, ... որոնք կոչուած են աստուածաբանական առաքինութիւններ, տրուած ըլլալով որ անոնք կ՜ընդունին ու կ՛ապրուին Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը եւ մէջբերեց առաքինութիւններու մասին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի խօսքերը.

«Անոնք կը հիմնեն, կը ոգեւորեն եւ կը բնութագրեն քրիստոնեայի բարոյական վարքը։ Անոնք կը տեղեկացնեն և կ՛ աշխուժացնեն բոլոր բարոյական առաքինութիւնները։ Անոնք Աստուծոյ կողմէ զեղուած են հաւատացեալներու հոգիին մէջ որպէսզի զանոնք կարող դարձնէ գործելու որպէս իր զաւակները ու արժանանան յաւերժական կեանքին: Անոնք Սուրբ Հոգիի ներկայութեան և գործողութեան գրաւականն են մարդկային կարողութիւնների մէջ» (թիւ. 1813)։

Վարդապետ Յիսուսին հետեւող խոնարհ աշակերտներ

«Մինչ գլխաւոր առաքինութիւններու վտանգը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ անոնք կը ստեղծեն մարդիկ ու կիներ, որոնք հերոսաբար բարիք կը գործեն, բայց բոլորովին միայնակ...աստուածաբանական առաքինութիւններուն մեծ պարգեւը Սուրբ Հոգիով ապրուած գոյութիւնն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ «Քրիստոնեան երբեք մինակ չէ։ Ան բարիք կը գործէ ոչ թէ անձնական պարտաւորութեան տիտանական ջանքերու շնորհիւ այլ, որովհետեւ, որպէս խոնարհ աշակերտ կը քալէ Վարդապետ Յիսուսի ետեւէն»։

Յիսուս արդարեւ իր աշակերտները կը զգուշացնէ սնապարծութենէն ու կը խրատէ «Այնպէս ալ դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք ըսէք` թէ անպիտան ծառաներ ենք։ Որովեհետւ ըրինք այն ինչ որ պարտական էինք ընելու» (Ղուկ. 17,10).

Մեր սիրտը բանանք Սուրբ Հոգիին

«Հպարտութիւնը հզօր թոյն մըն է. միայն մէկ կաթիլը բաւական է կործանելու բարութեամբ բնութագրուած ողջ կեանք մը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը զգուշացնելով այս ախտէն ապա ընդգծեց` որ «բարին միայն նպատակ մը չէ այլ նաեւ ձեւ մը։ Բարին կարիքը ունի խոհեմութեան, ազնուասրտութեան։ Ամէնէն առաջ ան կարիքը ունին մերկանալու երբեմն չափազանց ծանր ներկայութիւն թուող մեր «ես»էն» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով որ «Աստուածաբանական առաքինութիւնները մեզի կ՛օգնեն ուղղելու համար սխալ իրավիճակները։ Անոնք օգտակար են մանաւանդ անկումի պահերուն...եթէ մենք մեր սիրտը բանանք Սուրբ Հոգիին, Ան մեր մէջ կը վերակենդանացնէ աստուածաբանական առաքինութիւնները, այդպիսով` եթէ մենք մեր վստահութիւնը կը կորսնցնենք, Աստուած մեզ կը բանայ հաւատքին, եթէ յուսահատ ենք, մեր մէջ կ՛արթնցնէ յոյսը, եթէ մեր սիրտը կարծրացած է Աստուած զայն կը կակուղցնէ իր սիրով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2024, 10:17

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >