Որոնել

Pope Francis attends the weekly general audience at the Vatican

Հրապարակային ունկնդրութիւն. «Հոգին և հարսը» Սրբազան Պապը սկսաւ խորհրդածութիւններու նոր շարք մը

Հազարամեակէ մը աւելի Եկեղեցին մեր շուրթերուն վրայ դրած է աղերս մը. «Եկ Սուրբ Հոգի։ Եկ որ արարիչ Հոգի։ Այցելէ մեր մտքերը: Երկնային շնորհներով լեցուր սրտերը զոր դուն ստեղծեցիր։ Սուրբ Հոգիէն խնդրենք, որ մեզի գայ ու մեզ նոր մարդիկ դարձնէ, Սուրբ Հոգիի նորութիւններով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 29 Մայիս 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր ուխտաւորներ։

Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը առաքինութիւններու եւ մոլութիւններու մասին անցեալ շաբաթներուն ներկայացուցած խորհրդածութիւններու շարքը աւարտելէ ետքը, սկիզբ տուաւ «Հոգին և հարսը. Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ հանդիպելու Յիսուսին՝ մեր Յոյսին» թեմայով խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը։

Սուրբ Հոգին ու հարսը` Եկեղեցին

«Հարսը Եկեղեցին է» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «այս ուղեւորութիւնը պիտի կատարենք անցնելով փրկութեան պատմութեան մեծ հանգրուաններէն. Հին Կտակարանը, Նոր Կտակարանը. Ժամանակն ու Եկեղեցին։ Մեր հայեացքը միշտ սեւեռած պահելով Յիսուսին մեր յոյսին վրայ»։

Պարզաբանելով խորհրդածութիւններու շարքը ու նշելով, թէ Հին Կտակարանին մէջ Սուրբ Հոգիին մասին քրիստոնէականի ընթացքին «աստուածաշնչական հնագիտութիւն» պիտի չկատարէ, Քահանայապետը նշեց, որ «պիտի բացայայտենք թէ այն ինչ որ խոստացուեցաւ հին կտակարանին մէջ ամբողջութեամբ իրականացաւ Քրիստոսին մէջ»։

Ան ապա խորհրդածութիւնը սկսաւ Հին կտակարանէն` Ծննդոց գիրքէն (Ծննդ. 1,1-2) քաղուած երկու հատուածներէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։ Երկիրը անձեւ ու պարապ էր եւ անդունդին վրայ խաւար կար եւ Աստուծոյ Հոգին ջուրերուն վրայ կը շարժէր»։

Աստուծոյ Հոգին ներդաշնակութիւն է

«Հին Կտակարանին մէջ Աստուծոյ Հոգին մեզի կը յայտնուի որպէս քաոսէն դէպի տիեզերք տանողը, այսինքն՝ շփոթութենէն դէպի գեղեցիկ, կարգաւորուած ու ներդաշնակ բանի» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով որ «Սուրբ Հոգին ներդաշնակութիւն է։ Ներդաշնակութիւն կեանքին մէջ, ներդաշնակութիւն աշխարհին մէջ»։

Սուրբ Հոգիի այս գործողութիւնը ստեղծագործութեան մէջ աւելի պարզ կը դառնայ յայտնութեան հետեւանքով։ Սաղմոսերգուին մէջ կը կարդանք. «Տիրոջ խօսքովը երկինքն ստեղծուեցաւ, եւ  անոր բերանի շունչով անոր բոլոր զօրքերը» (Սաղմ. 33,6) ապա «Հոգիդ կ՛ուղարկես, կը ստեղծուին, եւ կը նորոգես երկրին երեսը» (Սաղմ. 104,30) ։

Զարգացման այս գիծը շատ պարզ կը դառնայ Նոր Կտակարանին մէջ, որ կը նկարագրէ Սուրբ Հոգիի միջամտութիւնը նոր արարչագործութեան մէջ՝ օգտագործելով աշխարհի ծագման մասին մեր կարդացած պատկերները. աղաւնին, որ կը սաւառնի Յորդանանի ջուրերուն վրայ, Յորդանանի մէջ Յիսուսին մկրտութիւնը (հմմտ. Մտ 3:16); Յիսուսը, որ Վերնատան մէջ կը փչէ աշակերտներուն վրայ իր հոգին ըսելով. «Սուրբ Հոգին ընդունեցէք» (Յովհ. 20.22), այնպէս ինչպէս սկիզբը Աստուած իր շունչը փչեց Ադամին վրայ (տե՛ս Ծննդ. 2.7):

Մարդկութիւնը կ՛ապականէ արարչագործութիւնը

Պօղոս առաքելը Սուրբ Հոգիին ու ստեղծագործութեան միջեւ կապին մէջ նոր տարր մը կը ներմուծէ։ Ան կը խօսի տիեզերքի մը մասին, որ կը տառապի ու ծնանելու ցաւ կը քաշէ։ Կը տառապի մարդուն պատճառաւ, որ զայն ենթարկեց կաշառակերութեան ստրկութեան։ Առաքեալը արարչութեան տառապանքը կը տեսնէ մարդկութեան կաշառակերութեան ու մեղքին մէջ եւ այս մէկը այժմէական ու իրական է նաեւ այսօր, մինչ մարդկութիւնը կ՛ապականէ արարչագործութիւնը։

Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը ելքի ճամբայ մը ցոյց կու տայ, որպէսզի վերադառնանք արարիչ Սուրբ Հոգիի ներդաշնակութեան. Փառաբանութեան ու հայեցողական կեանքի ուղին։ Աղքատիկ սուրբը կը փափաքեր, որ արարածներէն դուրս գար ու դէպի երկինք բարձրանար Արարչին ուղղուած գովաբանութեան օրհներգ մը. «Գովեալ ըլլաս, իմ Տէր...»։

«Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ, բայց ան պէտք ունի մարդուն ու կնոջ, որպէսզի ձայն տան իրեն լուռ աղաղակին» գրուած է սաղմոսերգուին մէջ եւ Սուրբ Պօղոս կը յիշեցնէ, որ մեր կոչումը աշխարհին մէջ «Անոր Փառքին փառաբանութիւնը ըլլալն է» (Եփեսաց. 1,12)։

Եկ Սուրբ Հոգի ու մեզի դարձուր նոր մարդիկ

Եղբայրներ եւ քոյրեր, Աստուծոյ Հոգին ի սկզբանէ քաոսը վերածեց տիեզերքի, ան տակաւին գործի վրայ է, որպէսզի այդ կերպարանափոխումը կատարէ իւրաքանչիւր անձին մէջ։ Եզեկիէլ Մարգարէին միջոցաւ կը խոստանայ «նոր սիրտ, նոր Հոգի», որովհետեւ մեր սիրտը կը նմանի այն մութ ու անապատ անթունդին, որ նշուած է ծննդոց գիրքի առաջին հատուածներուն մէջ։ Անոր մէջ կը բորբոքուին Հակառակ զգացմունքներն ու ցանկութիւնները` մարմնականն ու հոգեկանը։ Կայ արտաքին քաոս մը ու կայ ներքին քաոս մը եւ կարելի չէ, որ առաջինը բուժուի, եթէ մենք չսկսինք բուժել երկրորդը: Թող, որ այս խորհրդածութիւնը մեր մէջ հրահրէ իղձը ապրելու արարիչ Սուրբ Հոգիին փորձառութիւնը։

Հազարամեակէ աւելի Եկեղեցին մեր շուրթերուն վրայ դրած է աղերս մը. «Եկ Սուրբ Հոգի։ Եկ ով արարիչ Հոգի։ Այցելէ մեր մտքերը: Երկնային շնորհներով լեցուր սրտերը զոր դուն ստեղծեցիր։ Սուրբ Հոգիէն խնդրենք, որ մեզի գայ ու մեզ նոր մարդիկ դարձնէ, Սուրբ Հոգիի նորութիւններով», ըսաւ ապա Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2024, 09:16

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >