Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Terramoto - Presto e con tutta la forza
Ժամանակացոյց Փոտքասթ

«Աստուծոյ խօսքը ունկնդրելը լռեցնել կու տայ շաղակրատութիւնը». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Աւետարանը կարդալ ու խորհրդածելը, լուռ աղօթելը, լաւ խօսքեր ըսելը դժուար բաներ չեն, մենք բոլորս կարող ենք ընել զանոնք» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը` որպէսզի մեզ հլու ու հնազանդ դարձնէ Սուրբ Հոգիի ձայնին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 19 Մայիս 2024-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ առաւօտեան գլխաւորած Պենտեկոստէի տօնին նուիրուած պատարագը, ժամը 12ին առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութեամբ, անոնց ներկայացնելով օրուան խորհրդածութիւնը, զոր կեդրոնացուց օրուան տօնին վրայ նշելով. «Այսօր Պենտեկոստէի տօնին օրը կը տօնախմբենք Սուրբ Հոգիին գալուստը` Մարիամի եւ առաքեալներուն վրայ»։

«Աւետարանին մէջ Յիսուս Սուրբ Հոգիի մասին կը խօսի ըսելով, որ Ան մեզի կը սորվեցնէ այն ինչ, որ ինք լսէ» (Յովհ. 16,13) ըսաւ Սրբազան Պապը հարց տալով «ի՞նչ կը նշանակէ այս մէկը, ի՞նչի մասին կը խօսի Ան մեզի», ու բացատրեց.

«Սուրբ Հոգին մեզի կը խօսի այդ խօսքերու մասին,  որոնք կ՛ արտայայտեն հրաշալի զգացումներ, ինչպիսիք են՝ սէրը, երախտագիտութիւնը, վստահութիւնը, ողորմութիւնը։ Բառեր, որոնք մեզի ճանչցնել կու տայ այն գեղեցիկ, լուսաւոր, մնայուն ու շօշափելի փոխյարաբերութիւնը, ինչպիսին է Աստուծոյ յաւերժական սէրը, անոնք սիրոյ փոխակերպող խօսքեր են, որ Սուրբ Հոգին կը կրկնէ մեր մէջ, և որ լաւ է, որ ունկնդրենք զանոնք քանզի մեր սրտին մէջ ծնիլ ու աճեցնել կու տան նոյն զգացումները եւ նոյն մտադրութիւնները։

«Ասոր համար կարեւոր է, որ մենք անոնցմով սնուինք ամէն օր, կարդալով ու խորհրդածելով Աստուծոյ Խօսքին մասին, մեր հետ տանելով գրպանի Աւետարան մը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Աստուծոյ խօսքը ունկնդրելը լռեցնել կու տայ շաղակրատութիւնը» ու հրաւիրելով տեղ բանալ Սուրբ Հոգիի ձայնին նաեւ Երկրպագութեամբ եւ աղօթքով։

«Աւետարանը կարդալ ու խորհրդածելը, լուռ աղօթելը, լաւ խօսքեր ըսելը դժուար բաներ չեն, մենք բոլորս կարող ենք ընել զանոնք, անոնք աւելի դիւրին են քան մէկը միւսը նախատելը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը աւարտեց հայցելով որ Սուրբ Կոյսը որ ներկայ է Պենետեկոստէի օրը օգնէ մեզի որպէսզի հլու ու հնազանդ ըլլանք Սուրբ Հոգիի ձայնին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2024, 12:14

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031