Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Valse des fleurs. Tempo di Valse
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2024.05.12 Regina Caeli

Մարեմեան աղօթք։ Ձգտինք նպատակին` Աստուծոյ արքայութեան. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Քայլ առ քայլ, սանդուխ առ սանդուխ, Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ ճամբան» ըսաւ ապա Քահանայապետը բացատրելով որ առնելիք քայլերը. Աւետարանը հռչակելն է, մկրտելն է, դեւերը վտարելն է, օձերը դիմագրաւել եւ հիւանդները բժշկելն է» (Մարկոս 16,16-18), այսինքն «կատարել սիրոյ արարքներ` կեանքը տալ, յոյս տանիլ, հեռու մնալ չարութիւններէն, չարին համապատասխանել բարիով, մօտիկ ըլլալ անոր` որ կը տառապի»
Ունկնդրէ այս ու Քահանայապետի հանդիպումներուն վերաբերող այլ լուրերը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 12 Մայիս 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Ուրախ լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը որուն առիթով ներկայացուց նաեւ օրուան խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով Մարկոսի աւետարանէն քաղուած Յիսուսի Համբարձման դրուագը պատմող հատուածը։

Տիրոջ համբարձման տօնը

Այսօր Իտալիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ կը յիշատակուի Տիրոջ համբարձման տօնը։ Օրուան Աւետարանը կը հաստատէ որ Յիսուս առաքեալներուն փոխանցելէ ետք պարտականութիւնը շարունակելու իր գործը «համբարձաւ երկինք եւ նստեցաւ Աստուծոյ աջ կողմը» (Մարկ. 16,19).

Յիսուսի վերադարձը Հօր մօտ մեզի կ՛երևնայ ոչ որպէս մեզմէ անջատում, այլ նման կանխում մեր նպատակին: Ինչպէս, երբ կը բարձրանանք դէպի լեռներու գագաթը. Կը քալենք դժուարութեամբ և վերջապէս, արահետի դարձուածքի մը վրայ, հորիզոնը կը բացուի և կը տեսնես համայնապատկերը: Այդ պահուն ամբողջ մարմինը ուժ կը գտնէ դիմակայելու վերջնական մագլցման։ Ամբողջ մարմինը՝ ձեռքերը, ոտքերը և իւրաքանչիւր մկան, կը լարուի և կը կենտրոնանայ՝ հասնելու գագաթին:

Եկեղեցին` երկինք համբարձած Յիսուսին մարմինն է

Եւ մենք Եկեղեցին, ճիշտ այդ երկինք համբարձած Յիսուսին մարմինն ենք որ ան իր հեր կը ներքաշէ։ Ան է որ մեզի կը բացայայտէ եւ մեզի կը հաղորդէ, իր Խօսքով եւ Խորհուրդներու շնորհիւ, Հայրենիքի գեղեցկութիւնը դէպի ուր ուղղուած ենք։ Եւ այդպիսով մենք իր անդամները վեր կը բարձրանանք իր հետ ուրախութեամբ, գիտակցելով, որ մեր իւրաքանչիւրի մէկ քայլը քայլն է բոլորին ու թէ ոչ մէկը պէտք է կորսուի կամ ետեւ մնայ, որովհետեւ մէկ մարմին ենք։

Սուրբ Հոգիին օգնութիւնը

«Քայլ առ քայլ, սանդուխ առ սանդուխ, Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ ճամբան» ըսաւ ապա Քահանայապետը բացատրելով որ առնելիք քայլերը. Աւետարանը հռչակելն է, մկրտելն է, դեւերը վտարելն է, օձերը դիմագրաւել եւ հիւանդները բժշկելն է» (Մարկոս 16,16-18), այսինքն «կատարել սիրոյ արարքներ` կեանքը տալ, յոյս տանիլ, հեռու մնալ չարութիւններէն, չարին համապատասխանել բարիով, մօտիկ ըլլալ անոր` որ կը տառապի» աւելցուց Ան, ընդգծելով` որ այս մէկը կարելի Սուրբ Հոգիին շնորհիւ որ մեզ կը կերպարանափոխէ եւ այդպիսով մենք կը հետեւինք Յիսուսին օրինակին եւ «այնպէս ինչպէս լեռան վրայ, մեզ շրջապատող օդը կը դառնայ բիւրեղ եւ թեթեւ, հորիզոնը լայն եւ նպատակը մօտ, ու խօսքերն ու արարքները կը դառնան բարի, միտքն ու սիրտը կը լայնանան եւ շունչ կ՛առնեն»։

Ձգտիլ Երկնքի Արքայութեան

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու եթէ Աստուծոյ իղձը ներկայ մեր մէջ կամ եթէ մենք աւելի կառչած են անցողական բաներուն հուսկ հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի օգնէ մեզի, հասնելու նպատակին, քալելու միասին ուրախութեամբ դէպի Երկնքի փառքը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2024, 12:05

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >
Prev
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930   
Next
May 2025
SuMoTuWeThFrSa
    123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031