Սուրբ Հոգիին անունը. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Մարմինէն ծնածը մարմին է ու Հոգիէն ծնածը հոգի է։ Դուն մի՛ զարմանար եթէ քեզի ըսի. Պէտք է որ վերստին ծնիք»։ Հովը կը փչէ ուր որ ուզէ։ Անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր ուրկէ՞ կու գայ, կամ ո՞ւր կ’երթայ։ Այսպէս են նաեւ անոնք որ ծնած են Հոգիէն»։ Յովհաննէսի աւետարանէն քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին 5 Յունիսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որուն առիթով Նորին Սրբութիւնը շարունակեց խորհրդածել անցեալ շաբաթ սկսած` «Հոգին և հարսը» նիւթի մասին, այսօրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացնելով Աստուածաշունչին մէջ Սուրբ Հոգիի անուանումին վրայ։
Անունը միշտ բան մը կ՛ըսէ մարդու մը մասին, անոր ծագումին եւ առաքելութեան մասին» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Հոգիի անունը, որով մարգարէները, սաղմոսերգուները, Մարիամը, Յիսուսը և Առաքեալները կոչեցին զինք, Ռուախ է, որ կը կը նշանակէ շունչ, քամի, հեւք։
Աստուածաշնչին մէջ անունը այնքան կարևոր է, որ գրեթէ կը նոյնանայ ճիշտ անձին հետ: Աստուծոյ անունը սրբացնելը կը նշանակէ սրբացնել և պատուել Աստուած: Ան երբեք սոսկ պայմանական անուն չէ: Նոյնը կը վերաբերի Ռուախ անուան։ Ան կը պարունակէ առաջին հիմնարար յայտնութիւնը Սուրբ Հոգիի անձի և գործառոյթի վերաբերեալ:
Քամին և անոր դրսևորումները դիտարկելով էր, որ աստուածաշնչեան գրողները Աստուծոյ կողմէ առաջնորդուեցան՝ բացայայտելու այլ բնոյթով «քամի» մը:
Պատահական չէ, որ Պենտեկոստէին Սուրբ Հոգին իջաւ Առաքեալներուն վրայ՝ «ուժեղ քամիի մռնչոցի» ուղեկցութեամբ (տես Գործք Առաքելոց 2.2): Կարծես Սուրբ Հոգին կ՛ուզէր իր ստորագրութիւնը դնել կատարուածին վրայ։
Քամիի պատկերը ամենէն առաջ կը ծառայէ արտայայտելու աստուածային Հոգիի զօրութիւնը: Իսկապէս, քամին անդիմադրելի և աննկուն ուժ է։ Ան նոյնիսկ ունակ է շարժել ովկիանոսները։ Քամիի մէկ այլ յատկանիշը ազատութիւնն է:
Այս դէպքի պարագային եւս, Աստուածաշունչի իրողութիւններու ամբողջական իմաստը բացայայտելու համար, մենք պէտք չէ կանգ առնենք Հին Կտակարանի մէջ, այլ պէտք է հասնինք Յիսուսին։ Զօրութեան հետ միասին, Յիսուս կ՛ընդգծէ քամիի մէկ այլ յատկանիշը՝ անոր ազատութիւնը: Նիկոդեմոսին, որ գիշերը այցելած էր զինք, Ան հանդիսաւոր կերպով կ՛ըսէ. «Քամին կը փչէ, ուր որ կ՛ ուզէ, և դուն կը լսես անոր ձայնը, բայց չես գիտեր, թէ որտեղէն կու գայ եւ ուր կ՛երթայ, և այդպէս է իւրաքանչիւր անձ որ կը ծնի հոգիէն (Յովհ. 3։8)։
Գոյութիւն ունի ապա գայթակղութիւն մը եկեղեցական ոլորտէն ներս, անիկայ Սուրբ Հոգին կանոններու, հաստատութիւններու, սահմանումներու մէջ պարփակելու փորձն է։ Քամին կը փչէ «ուր որ կ՛ ուզէ», ուստի Հոգին իր պարգևները կը բաշխէ այնպէս ինչպէս ինք կ՛ուզէ (1 Կորնթ. 12,11):
Սուրբ Պօղոս կը հաստատէ «Այնտեղ ուր կայ Հոգին կայ ազատութիւն (2 Կոր. 3,17)։
Ասիկա յատուկ ազատութիւն է, շատ տարբեր մեր հասկցած ազատութենէն։ Անիկա մեր ուզածը ընելու ազատութիւնը չէ, այլ ազատութիւնը ազատութեամբ կատարելու այն ինչ որ Աստուած կ՛ուզէ։ Ոչ թէ ազատութիւնը բարին կամ չարը գործելու, այլ ազատութիւնը բարին ընելու ազատութեամբ, այսինքն ձգողականութեամբ, ոչ թէ ստիպողականութեամբ։ Այլ խօսքով՝ զաւակներու եւ ոչ թէ ստրուկներու ազատութիւն։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Պապը մէջբերեց Սուրբ Պօղոս առաքեալին Գաղատացիներու նամակին մէջ պարունակուած խօսքերը, որուն մէջ առաքեալը կը հաստատէ, թէ «քրիստոնէական ազատութիւնը կ՛արտայայտուի ծառայութեան մէջ» զգուշացնելով, որ ան դառնայ «մարմնի համար արդարացում»։
Պօղոս այդ ուղղութեամբ ցանկ մը կը ներկայացնէ. «Շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, հեռ, նախանձ, բարկութիւն, հակառակութիւն, երկպառակութիւն, հերձուած, չարակնութիւն, սպանութիւն, արբեցութիւն, անառակութիւն, եւ ինչ որ ասոնց նման է (Գաղ. 5,19-21). Ասոնց նման է նաեւ այն ազատութիւնը, որ հարուստներուն թոյլ կու տայ չարաշահել աղքատները, հզօրներուն շահագործել տկարները եւ բոլորին անպատիժ շահագործել շրջակայ միջավայրը» աւեցլուց Սրբազան Պապը։
ԹԷ որտեղէն կարելի է քաղել Հոգիին այդ ազատութիւնը, որ հակառակ է եսասիրութեան ազատութեան, Քահանայապետը նշեց թէ զայն կարելի է քաղել Յիսուսի խօսքերէն. «Եթէ Որդին ձեզ ազատէ, դուք իսկապէս ազատ կ՛ըլլաք» (Յովհ. 8,36). «Խնդրենք Յիսուսէն, որ իր Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ մեզ դարձնէ իրապէս ազատ այրեր ու կիներ։ Ազատ ծառայելու, սիրով եւ ուրախութեամբ» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին խրատը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ