Որոնել

Սաղմոսները, աղօթքի նուագահամերգ Աստուածաշունչին մէջ. Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

Յոբելեանը պատրաստող այս նախապատրաստական տարին դարձնենք աղօթքի նուագահամերգ մը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ի պատրաստութիւն յառաջիկայ Յոբելեանին, հրաւիրեցի 2024 տարին նուիրել «աղօթքի մեծ նուագահամերգի» մը։ Այսօրուայ խորհրդածութեամբ կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ Եկեղեցին արդեն ունի աղօթքի նուագահամերգ մը, որուն հեղինակն է Սուրբ Հոգին, անիկայ Սաղմոսներու Գիրքն է»։ Խօսքերն են ասոնք, որով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած 19 Յունիսի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր հաւատացեալներ եւ որուն առիթով Ան շարունակեց «Հոգին և հարսը. Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ հանդիպելու Յիսուսին՝ մեր Յոյսին» նիւթին նուիրած եւ անցեալ շաբաթներուն սկսած խորհրդածութիւններուն շարքը։

Աղօթքի նուագահամերգը

«Նման որեւէ նուագահամերգի այնտեղ եւս կան տարբեր շարժումներ, այսինքն տարբեր տեսակի աղօթքներ. գովասանքի, գոհութեան, աղաչանքի, բողոքի, իմաստուն մտորումներու և այլք թէ՛ անձնական ձեւով եւ թէ՛ երգչախմբային` համայն ժողովուրդինը», նշեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ «Նոյնինքն Հոգին է` որ այդ երգերը զետեղեց Հարսին` Եկեղեցւոյ շրթներուն վրայ» ։

«Արդարեւ Աստուածաշունչի բոլոր գիրքերը ներշնչուած են Սուրբ Հոգիէն, եւ առ աւելիով Սաղմոսերգուի գիրքը, որ լի է բանաստեղծական ներշնչանքով», նկատել տուաւ Սրբազան Պապը նշելով թէ ինք իր գրասեղանին վրայ ունի Նոր Կտակարանը եւ Սաղմոսներու գիրքը պարունակող Ուքրաներէն հատորը, որ պատկանած է ուքրանացի զինուորի մը որ մահացաւ պատերազմի ժամանակ։

Սաղմոսները ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն

«Ոչ բոլոր սաղմոսները եւ իւրաքանչիւր սաղմոսի մէջ ոչ ամբողջ գրուածները, կարելի է կրկնել ու իւրացնել որպէս քրիստոնեաներ, ու մասնաւորապէս ժամանակակից մարդէն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը բացատրելով` որ «Անոնք ընդհանրապէս կը ցոլացնեն պատմական եղելութիւն մը ու կրօնական մտայնութիւն մը, որոնք այլեւս մերը չեն» եւ ընդգծեց, որ «այս չի նշանակեր` թէ անոնք ներշնչուած չեն, այլ թէ որոշ հանգամանքով կապուած են ժամանակի մը ու յայտնութեան որոշ ժամանակաւոր փուլի մը»։

Աղօթել եւ կրկնել այն սաղմոսները որոնք մեր սրտին կը խօսին

«Սաղմոսները եղան Յիսուսի, Մարիամի, Առաքեալներու և մեզ նախորդած բոլոր սերունդներուն աղօթքը եւ ամէն անգամ` որ մենք զանոնք աղօթենք, Աստուած կ՛ունկնդրէ զանոնք, սուրբերու հետ հաղորդութեան միջոցաւ» նշեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Եկեղեցւոյ մէջ սաղմոսները աղօթելու աւանդութեան ու հրաւիրելով աղօթել ու կրկնել այն սաղմոսները, որոնք մեր սրտին կը խօսին։

Բոլոր եղանակներուն համար աղօթք 

«Սաղմոսները «բոլոր եղանակներուն» համար աղօթք են...հակառակ միւս բոլոր աղօթքներուն, սաղմոսները իրենց արդիւնաւէտութիւնը չեն կորսնցնէր, որովհետեւ ներշնչուած են Աստուծմէ» հաստատեց Քահանայապետը առաջարկելով կեանքի որոշ պայմաններուն մէջ կրկնել սաղմոսերգուին խօսքերը` ինչպէս Դաւիթին «Ողորմեա ինձ Աստուած....» 51րդ սաղմոսը... Կամ «Տէրն է իմ հովիւս...» 21րդ սաղմոսը եւ ասկէ մեկնելով նշեց թէ «Սաղմոսները մեզ թոյլ կու տան չխեղճացնել մեր աղօթքը՝ զայն սահմանելով միայն խնդրանքներու, շարունակական «տո՛ւր ինծի, տուր մեզի...»ներու։

Յոբելեանը պատրաստող այս նախապատրաստական տարին դարձնենք աղօթքի նուագահամերգ 

Սորվինք Հայր մեր աղօթքէն, ուր «օրուան հացը» խնդրելէ առաջ կ՛ըսուի. «Սուրբ ըլլայ քու անունդ, թող գայ թագաւորութիւնդ, թող ըլլայ քու կամքդ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «Սաղմոսները մեզի կ՛օգնեն բացուելու մեր վրայ աւելի քիչ կենտրոնացած աղօթքի` օրհնաբանութեան, գոհաբանութեան եւ փառաբանութեան աղօթքի` Թող, որ Սուրբ Հոգին որ իր Հարս Եկեղեցւոյ նուիրեց խօսքերը, աղօթելու համար աստուածային Փեսային, մեզի օգնէ, զանոնք հնչեցնելու այսօրուայ Եկեղեցւոյ մէջ եւ Յոբելեանը պատրաստող այս նախապատրաստական տարին դարձնելու աղօթքի նուագահամերգ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2024, 09:19

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >