Այսօր եւ Յուլիս ամսուայ յաջորդ չորեքշաբթի օրերու ընթացքին անեղեալ են հրապարակային ունկնդրութիւնները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այնպէս ինչպէս նշած էինք անցեալ օրերուն, Յուլիս ամսուայ ընթացքին դադրած կը նկատուին չորեքշաբթի օրուայ Քահանայապետական հրապարակային ունկնդրութիւնները, որոնց սովորութիւնը սկիզբ առած է Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետի օրով 1975-էն սկսեալ։
Հրապարակային կամ ընդհանուր կը կոչուին՝ որովհետեւ այդ ունկնդրութեան կարող են մասնակցիլ բոլոր այն հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ այդ համախմբումին։
Սկզբնական շրջանին հրապարակային ընդհանրական ունկնդրութիւնը տեղի կ՛ունենար Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին ներքոյ եւ կամ Վատիկանի այլ հրապարակներու վրայ։
1975-ի Սուրբ Տարուան առթիւ, երբ Հռոմ ժամանող հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու թիւը սկսաւ աճիլ, որոշուեցաւ հրապարակային ունկնդրութեան վայր ընտրել Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։ Այդ օրէն սկսեալ այդ ունկնդրութիւնները կատարուեցան հրապարակի վրայ, մինչ ձմեռային ամիսներու ընթացքին ունկնդրութիւնները տեղի ունեցան ու կը շարունակուին այսօր եւս տեղի ունենալ «Ներվի կամ Պօղոս Զ անուան Դահլիճին մէջ», զոր երջանկայիշատակ Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետը զայն կառուցել տուած էր ճիշդ այս դիտաւորութեամբ։
Ունկնդրութիւններուն կարող են ազատ ու ձրիօրէն մասնակցիլ բոլոր հաւատացեալները, որոնք ունկնդրութեան սկիզբը առիթը կ՛ունենան մօտէն տեսնելու Քահանայապետը, որ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կը կատարէ «Սուրբ Պետրոս» հրապարակին, կամ Ներվի սրահին մէջ, քալելով կ՛անցնի անոնց միջեւ, օրհնելով ծերունիներն ու մանուկները։
Հրապարակային ունկնդրութիւնները սկիզբ կ՛առնեն աւետարանական հատուածի մը ընթերցանութեամբ, զոր կը կատարուի տարբեր լեզուներով, որմէ ետքը Սրբազան Պապը կը ներկայացնէ որոշ նիւթի մասին մտածական մը, զոր հակիրճ թարգմանութեամբ կը ներկայացուի նաեւ այլ լեզուներով։
2024ի սկիզբը Քահանայապետը որպէս մտածականի նիւթ ընտրած էր «առաքինութիւններն ու մոլութիւնները» նիւթը, 2023ին աւարտելէ ետք «աւետարանական կիրքի եւ առաքելական եռանդի» նուիրուած խորհրդածութիւններուն շարքը։
Իսկ մայիս ամսոյն մէջ Նորին Սրբութիւնը սկիզբ տուաւ խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը «Հոգին և հարսը. Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ հանդիպելու Յիսուսին՝ մեր Յոյսին» թեմայով, մինչ ամարային այս դադարէն առաջ 26 Յունիսին ներկայացուցած վերջին խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց «Թմրամիջոցներու դէմ պայքարին» վրայ տրուած ըլլալով, որ այդ օրը` կը յիշատակուէր «Թմրամիջոցներու չարաշահման և ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի համաշխարհային օրը» հաստատուած ՄԱԿ-ի կողմէ 1987 թուականին։
«Սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, ի տես ամբողջ աշխարհին մէջ միլիոնաւոր մարդկանց թմրամոլութեան ողբերգական իրավիճակին, ի տես թմրամիջոցներու արտադրութեան և ապօրինի շրջանառութեան գայթակղութեան, մենք չենք կրնար անտարբեր ըլլալ» ըսած էր այդ առիթով Սրբազան Պապը ու հրաւէր ուղղած էր աղօթելու այն ոճրագործներուն համար. որոնք երիտասարդներուն թմրեցուցիչներ կը մատուցեն։
«Անոնք ոճրագործ են, մարդասպան են։ Աղօթենք անոնց դարձին համար» ըսած էր Քահանայապետը եւ խօսքը աւարտած հրաւիրելով թմրամիջոցներու դէմ պայքարի Համաշխարհային օրուան առթիւ, որպէս քրիստոնեաներ և եկեղեցական համայնքներ, նորոգելու թմրեցուցիչներու դէմ մեր աղօթքի եւ գործի յանձնառութիւնը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ