Որոնել

2024.08.11 Angelus

Հաւատքով ունկնդրենք Տիրոջ ձայնը եւ քաջութեամբ կատարենք Անոր կամքը. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Կարող է պատահիլ որ փոխանակ իսկապէս անսալու Տիրոջ մեզի ըսելիքներուն Անորմէ ու միւսներէն կը սպասենք հաստատում մը հայող մեր մտածածին, մեր համոզումներուն ու մեր դատումներուն։ Եւ այսպիսով մենք կը փակուինք Անոր շնորհքի լոյսին դիմաց ու չենք կարող աճիլ բարիին մէջ ու կատարել Անոր կամքը» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «իսկական հաւատքն ու աղօթքը կը բանան միտքն ու սիրտը, չեն փակեր զանոնք»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 11 Օգոստոս 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը սովորութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առիթով ներկայացուցած խորհրդածութեան ընթացքին մեկնաբանեց Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսին հրեաներուն ուղղած հաստատումը թէ «ինք իջած է երկնքէն» (Յովհ. 6,38).

Հրեաներուն փակուածութիւնը

«Հրեաները կը տրտնջէին իրեն դէմ եւ կ’ըսէին. «Ասիկա Յովսէփին որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը մենք կը ճանչնանք. ուրեմն ի՞նչպէս կ’ըսէ ասիկա թէ՝ ‘Ես երկնքէն իջայ’» (Յովհ 6,42), յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով ուշադիր ըլլալ այս խօսքերուն ու զանոնք մեկնաբանեց ըսելով, թէ «անոնք համոզուած են, որ Յիսուս չի կրնար երկինքէն իջնել, որովհետեւ ատաղձագործի մը որդին է եւ անոր մայրն ու եղբայրները պարզ մարդիկ են նման շատ մը ուրիշներու։ Ուստի ի՞նչպէս կարող Աստուած այդ կերպով յայտնուիլ։ Անոնք փակուած են իրենց նախապաշարումներուն ու վարկածներուն մէջ, եւ ասոր համար սորվելու ոչ մէկ բան ունին անորմէ։ Նախապաշարմունքներ և ենթադրութիւնները, ինչքան վնաս կը հասցնեն մեզի։ Անոնք արգելք են անկեղծ երկխօսութեան եղբայրներու միջեւ մերձեցման... Զգոյշ եղէք նախապաշարմունքներից ու կանխավարկածներէն» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով որ հրեաները «ունին իրենց խիստ դասաւորումները եւ անոնց սրտերուն մէջ տեղ չկայ այն բաներուն, որոնք չեն կարող ցուցակագրել և դասաւորել իրենց փոշիով լի ապահովութիւններու դարաններուն վրայ»:

«Թէեւ օրէնքը պահող մարդիկ էին, ողորմութիւն կ՜ընէին ու ծոմ կը պահէին բայց այս բաները կ՜ընէին ոչ թէ իրենք զիրենք Աստուծոյ ունկնդրութեան տակ դնելու համար այլ հաստատումներ գտնելու իրենց համոզումներուն» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը, նկատել տալով որ «այս ի յայտ կու գայ անոնց վարմունքէն երբ չեն մտահոգուիր Յիսուսէն բացատրութիւններ պահանջելու ըսածին համար այլ կը տրտնջեն անոր դէմ, փակուելով իրենց համոզումներուն մէջ եւ այդպիսով կարողութիւնը չունին հաւատալու Անոր»։

Սրտին փակումը ցաւ կը պատճառէ

«Արտին փակումը որքան ցաւ կը պատճառէ» յարեց Քահանայապետը եւն ասկէ մեկնելով հրաւիրեց ուշադիր ըլլալ, որովհետեւ այս մէկը կարող է մեզի հետ ալ պատահիլ, մեր աղօթքի ու հաւատքի կեանքին մէջ։

«Կարող է պատահիլ որ փոխանակ իսկապէս անսալու Տիրոջ մեզի ըսելիքներուն Անորմէ ու միւսներէն կը սպասենք հաստատում մը հայող մեր մտածածին, մեր համոզումներուն ու մեր դատումներուն։ Եւ այսպիսով մենք կը փակուինք Անոր շնորհքի լոյսին դիմաց ու չենք կարող աճիլ բարիին մէջ ու կատարել Անոր կամքը» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «իսկական հաւատքն ու աղօթքը կը բանան միտքն ու սիրտը, չեն փակեր զանոնք»։

Ան ապա հրաւիրեց մենք մեզի հարցեր տալու, թէ ի՞նչպէս կ՛ապրինք մեր հաւատքը ապա հայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի օգնէ մեզի հաւատքով ունկնդրելու Տիրոջ ձայնը եւ քաջութեամբ կատարելու Անոր կամքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2024, 12:14

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >