Որոնել

Յիսուս կենդանի եւ ճշմարիտ հացը. Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Կիրկանօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհդածութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան աւետարանը՝ ուր կը յիշուի Յիսուսի խօսքը «Ես կենդանի հացն եմ իջած երկինքէն» (Յովհ 6,51)։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 18 օգոստոսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակի պատուհանէն Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքի խորհրդածութիւնը, որուն նիւթը եղաւ օրուան աւետարանը քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչէն, ուր կը յիշուի Յիսուսի խօսքը «Ես կենդանի հացն եմ իջած երկինքէն» (Յովհ 6,51).

Խորհրդածութեան մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Աստուծոյ Որդին ամբոխին դիմաց ինքզինք նոյնացուց ամենատարածուած եւ ամենօրեայ սնունդի հետ ու Յիսուսը ունկնդրողներուն միջեւ ոմանք վիճաբանեցան ըսելով, որ Յիսուս ինչպէս կարող է իր մարմինը մեզի տայ ուտելու համար։

Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել տուաւ, որ այսօր մենք եւս այդ նոյն հարցումը կ՝ուղղենք՝ բայց զարմանքով եւ երախտագիտութեամբ, զարմանքով որովհետեւ Յիսուսի խօսքերը մեզի կը զարմացնեն։

«Երկինքէն իջած հացը նուէր է, որ կը գերազանցէ մեր սպասումները։ Հացն ու արիւնը, Փրկիչին մարդկութիւնն է, Անոր միեւնոյն կեանքը նուիրուած որպէս սնունդ մեզի համար ու այս մէկը մեզ կը տանի երախտագիտութեան, որովհետեւ Յիսուսը կը ճանչնանք ուր որ ներկայ է մեզի համար եւ մեր հետ»։ «Ո՛վ որ ուտէ իմ մարմինս եւ ըմպէ իմ արիւնս իմ մէջս կը բնակի եւ ես՝ անոր մէջ» (Յովհ 6, 58)։

Ֆրանչիսկոս Պապ Պապ յարեց, որ «Քրիստոս՝ ճշմարիտ մարդը, լաւ գիտէ որ մենք ապրելու համար պէտք ենք ուտել։ Սակայն գիտէ նաեւ, որ դա բաւարար չէ։ Երկրային հացը բազմապատկելէ յետոյ, Ան պատրաստեց աւելի մեծ նուէր մը. Ան կը դառնայ իսկական հացն ու խմելիքը ու Աւետարանի խօսքը այսօր շատ այժմէական է, որովհետեւ մինչ աղքատութիւնը, անարդարութիւնը եւ բռնութիւնը կը խլէ մարդոց առօրեայ հացը, Յիսուս կը հոգայ մեր ամենամեծ կարիքը, մեզ կը փրկէ, սնուցանելով մեր կեանքը իրմով՝ ընդմիշտ ու Իրեն շնորհիւ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ կ՝ապրինք» ըսաւ Սրբազան հայրը նկատել տալով որ կենդանի եւ ճշմարիտ հացը կախարդական բան չէ, որ անմիջապէս կը լուծէ մեր հարցերը, այլ Յիսուսի միեւնոյն մարմինն է, որ յոյս կու տայ աղքատներուն եւ կը յաղթէ ինքնահաւանութիւնը՝ անոնց որ անյագաբար կ՝ուտեն՝ ի վնաս աղքատներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու, արդեօ՞ ք ես քաղցած եւ ծարաւի եմ Փրկութեան, ոչ միայն իմ եւ այլ բոլոր եղբայրներու եւ քոյրերուս համար։ Եւ երբ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը ստանամ, որ ողորմութեան հրաշք է , արդեօք կարո՞ղ եմ զարմանալ Տիրոջ մարմնով, որ մեռաւ եւ Յարութիւն առաւ։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց աղօթելու Աստուածամօր, որպէսզի մեզ օգնէ ընդունելու երկինքի պարգեւը՝ հացի նշանով։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2024, 11:59

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >