Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը. «Տէր որո՞ւն պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս»։

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց հարց տալու թէ որքանով Յիսուս ներկայ է մեր կեանքին մէջ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 25 օգոստոսին, կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատհուանէն, Մարեմեան կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն աղօթքը արտասանելէ առաջ ներկայացուց փոքրիկ խորհրդածութիւն մը ու խօսքը կեդրոնացուց օրուան աւետարանին վրայ, ուր կը խօսուի Սուրբ Պետրոսի մասին, որ Յիսուսին կ՛ըսէ. «Տէր որո՞ւն պիտի երթանք, դուն յաւիտենական խօսքեր ունիս»։ (Յովհ 6, 68)։

Բարեկամութիւն եւ վստահութիւն

«Սա գեղեցիկ արտայայտութիւն է, որ կը վկայէ բարեկամութեան եւ վստահութեան մասին, զոր կը կապէ զինք Քրիստոսին հետ, նաեւ միւս աշակերտներուն հետ», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ այս խօսքը Սուրբ Պետրոս կ՝արտասանէ դժուար պահու մը մէջ, երբ Յիսուս նոր աւարտած էր դժուար պատգամ մը, որուն մէջ կ՝ըսէր` թէ Ինք «Հացն է իջած երկինքէն», (Յովհ 6, 41) ու ժողովուրդին համար դժուար է հասկնալ Յիսուսի խօսքը եւ շատեր, նոյնիսկ առաքեալները լքեցին Յիսուսը ու հեռացան, սակայն՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը 12 առաքեալները չհեռացան Յիսուսէն, այլ մնացին Անոր հետ, որովհետեւ Անոր մէջ գտան «Յաւիտենական կեանքի» խօսքեր։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, որ աշակերտները ոչ միշտ կը հասկնային այն ինչ, որ Վարդապետը կ՛ ընէր ու կը խօսէր։ Յիսուսի ընտրութիւնները յաճախ դուրս էին հասարակ մտածելակերպէն, նոյնիսկ կրօնային կանոններէն, մինչեւ գրգռիչ եւ շփոթելի իրավիճակներ ստեղծելու աստիճան ու դիւրին չէ Յիսուսին հետեւիլ, սակայն այն ժամանակ շատ մը վարդապետներ, որոնց շարքին Պետրոս եւ ուրիշ առաքեալներ, Յիսուսին մէջ գտան կեանքի ծարաւի ուրախութեան, սիրոյ պատասխանը, որ կը կենդանացնէր իրենց հոգիները ու միայն Յիսուսի շնորհիւ փորձարկեցին կեանքի լիութիւնը, որ կը փնտռէին մեղքի եւ նոյնիսկ մահուան սահմաններէն դուրս։

Հետեւինք Քրիստոսին, հասկնալ Անոր գործելաոճը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ, որ այսօրուան Աւետաբանի հատուածը կը վերաբերի նաեւ մեզի նշելով, որ դիւրին չէ հետեւիլ Տիրոջ, հասկնալ Անոր գործելաոճը ու Անոր չափանիշներն ու օրինակներ մերը դարձնելը։ Սակայն որքան աւելի շատ մօտիկ մնանք Յիսուսին, որքան հետեւինք Անոր Աւետարանին, Սուրբ խորհուրդներու մէջ ստանանք Անոր շնորհքը, աղօթքով մնանք Իր ընկերակցութեան մէջ ու նմանինք Անոր հեզութեան եւ եղբայրսիրութեան, այնքան աւելի շատ պիտի փորձարկենք Զինք, որպէս բարեկամ, ու պիտի անդրադառնանք, որ միայն Ինք է, որ ունի «յաւիտենական կեանքի խօսքեր»ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու, թէ որքան Յիսուս ներկայ է մեր կեանքին մէջ եւ որքան մենք մեզի թոյլ կու տանք յուզուելու ու դրդուելու Յիսուսի խօսքերէն եւ եթէ՝ մենք ալ կրնանք ըսել, որ մեզի համար ալ անոնք կեանքի խօսքեր են։

«Թող Տիրամայրը, որ ընդունեց Յիսուսը, Աստուծոյ Բանը իր մարմնին մէջ, օգնէ մեզի Յիսուսը ունկնդրելու եւ զինք երբեք չձգելու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2024, 12:23

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >