Որոնել

Սուրբ Հոգին փրկագործութեան ծրագրին մէջ. Սրբազան Պապին հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

«Առանց Սուրբ Հոգիին Եկեղեցին չի կարող յառաջ ընթանալ, Եկեղեցին չ՛աճիր, Եկեղեցին կարող չէ քարոզել» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «Եկեղեցւոյ ուղղուած խօսքերը, ուղղուած են իւրաքանչիւր մկրտեալի եւ մեր ուժերէն վեր իրադարձութիւններու ժամանակ, երբ հարց տանք ինչպէս կարող եմ դիմակայել իրավիճակը, յիշենք Հրեշտակին Տիրամօր ուղղուած խօսքը «Վասն զի Աստուծոյ քով բնաւ անկարելի բան մը չկայ» (Ղուկ 1,37)։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 7 օգոստոսի առաւօտեան Յուլիս ամսուայ դադարէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին շարունակեց խօսիլ ու խորհրդածել դադարէն առաջ սկսած մտածականներու նիւթի մասին, որ է «Հոգին և հարսը. Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ հանդիպելու Յիսուսին՝ մեր Յոյսին» նիւթը, այս անգամ որպէս խորհրդածութեան նիւթ ընտելով փրկագործութեան պատմութեան երկրորդ հանգրուանը։

«Սուրբ Հոգին պիտի իջնէ քու վրադ ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ» 

«Աւարտելէ ետք Արարչագործութեան մէջ Սուրբ Հոգիի դերի մասին խորհրդածութիւնները, եկող մի քանի շաբաթներու ընթացքին պիտի խորհրդածենք փրկագործութեան մէջ անոր դերակատարութեան մասին, այսինքն Սուրբ Հոգին Բանի մարդեղութեան մէջ», յարեց Քահանայապետը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու մէջբերելով Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած հետեւեալ տողերը. «Սուրբ Հոգին պիտի իջնէ քու վրադ ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ» (Ղուկաս 1,35)։

Սուրբ Հոգիին աստուածութիւնը

Եկեղեցին այս իրողութիւնը ընկալեց ու զայն որդեգրեց, որպէս հաւատքի խորհրդանիշ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Ժողովի ընթացքին 381 թուականին, այսինքն այն ժողովը, որ Սուրբ Հոգիին աստուածութիւնը սահմանեց, այս յօդուածը մուտք գործեց «հաւատամքին» մէջ ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով որ «այս մէկը համամիութենական հաւատքի մը տուեալն է, որովհետեւ բոլոր քրիստոնեաներն ալ այդ Հաւատքի Նշանը կը դաւանին»։

«Կաթողիկէ Եկեղեցին զայն ներմուծեց նաեւ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի մէջ, եւ այս մէկը մեզի թոյլ կու տայ Մարիամի մասին խօսիլ, որպէս գերազանց Հարս, որ է նաեւ Եկեղեցւոյ պատկերը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով. «Եկեղեցին խոկալով Սուրբ Կոյսի խորհրդաւոր սրբութեան մասին, ընդօրինակելով անոր սէրը եւ հաւատարմութեամբ կատարելով Աստուծոյ կամքը, հաւատարմութեամբ ընկալուած Աստուծոյ Խօսքին միջոցաւ, ինք եւս կը դառնայ մայր, որովհետեւ քարոզութեամբ եւ մկրտութեամբ զաւակներուն կը պարգեւէ նոր եւ յաւիտենական կեանք, յղացած Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ ու ծնած Աստուծմէ»։

«Յղիանալ» ու «Ծննդաբերել» 

Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց «յղիանալ» ու «ծննդաբերել» բառերուն վրայ այս առնչութեամբ մէջբերելով Ղուկաս աւետարանիչին հետեւեալ խօսքը «Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես» (Ղուկ 1,31) ու ասկէ մեկնելով հաստատեց` թէ «Մարիամ նախ յղացաւ ապա ծնաւ Յիսուսը. Նախ զայն ընկալեց իր մէջ, իր սրտին ու մարմնին մէջ, ապա զայն ի լոյս ընծայեց»։

«Պիտի ընդունիք Սուրբ Հոգին … (Գործ Առաքելոց 1,8)

«Այս մէկը կը պատահի նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ. Ան նախ կ՛ընկալէ Աստուծոյ Խօսքը, թոյլ կու տայ, որ խօսի իր սրտին, որպէսզի զայն կեանքով եւ քարոզութեամբ ի լոյս ընծայէ», ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը նշելով նաեւ, որ «Եկեղեցին երբ կը գտնուի իր ուժերէն վեր պարտականութեան մը դիմաց, բնականօրէն հարց պիտի տայ. «Ի՞նչպէս կարելի է այդ մէկը։ Ի՞նչպէս կարելի է Յիսուս Քրիստոսը ու անոր փրկութիւնը հռչակել աշխարհի մը մէջ, որ կը թուայ որոնել միայն բարօրութիւն»։ Պատասխանը պիտի ըլլայ նոյնը «Պիտի ընդունիք Սուրբ Հոգին … (Գործ Առաքելոց 1,8)։

Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ

«Առանց Սուրբ Հոգիին Եկեղեցին չի կարող յառաջ ընթանալ, Եկեղեցին չ՛աճիր, Եկեղեցին կարող չէ քարոզել» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «Եկեղեցւոյ ուղղուած խօսքերը, ուղղուած են իւրաքանչիւր մկրտեալի եւ մեր ուժերէն վեր իրադարձութիւններու ժամանակ, երբ հարց տանք ինչպէս կարող եմ դիմակայել իրավիճակը, յիշենք Հրեշտակին Տիրամօր ուղղած խօսքը «Վասն զի Աստուծոյ քով բնաւ անկարելի բան մը չկայ» (Ղուկ 1,37).

«Ուստի ամէն անգամ նորէն սկսինք մեր ուղեւորութիւնը, սրտին մէջ ունենալով այն մխիթարիչ վստահութիւնը` որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2024, 09:14

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >