Որոնել

Միացնենք մեր սրտերն ու ուժերը, որպէսզի ծովերն ու անապատները գերեզմանոցներ չըլլան. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը մէկդի դնելով անցեալ շաբաթներուն սկսած  «Հոգին և հարսը....» խորհրդածութեան նիւթը, ուզեց շեշտը դնել այն բոլոր անձերուն վրայ, «որոնք կ՛անցնին ընդ ծով եւ ընդ անապատ, հասնելու համար երկիր մը, ուր կարելի ըլլայ ապրիլ խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ» ըսաւ Ան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Ծով եւ անապատ», այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 28 օգոստոս 2024ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան կեդրոնական նիւթը, զոր Ան ներկայացուց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Սրբազան Պապը մէկդի դնելով անցեալ շաբաթներուն սկսած  «Հոգին և հարսը. Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ հանդիպելու Յիսուսին՝ մեր Յոյսին» խորհրդածութեան նիւթը, ուզեց շեշտը դնել այն բոլոր անձերուն վրայ, «որոնք կ՛անցնին ընդ ծով եւ ընդ անապատ, հասնելու համար երկիր մը, ուր կարելի ըլլայ ապրիլ խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ» ըսաւ Ան։

Գերեզման դարձած ծովը

«Ծով եւ անապատ, այս երկու բառերը յաճախ կը կրկնուին բազմաթիւ վկայութիւններուն մէջ, որ ինծի կը հասնին, ըլլայ գաղթականներու, ըլլայ զանոնք փրկող անձերու կողմէ» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, թէ «երբ ծով ըսեմ, նկատի ունիմ նաև ովկիանոսը, լիճը, գետը, ջուրի բոլոր դաւադիր զանգուածները, որոնք աշխարհի տարբեր շրջաններու շատ մը եղբայրներ և քոյրեր ստիպուած են դիմագրաւել` հասնելու համար իրենց նպատակին։ Եւ անապատը միայն աւազէ, աւազաթումբերէ կազմուած, կամ ժայռոտ տարածքները չէ, այլ նաև բոլոր այն անհասանելի և վտանգաւոր տարածքները, ինչպիսիք են անտառները, տափաստանները, ուր յաճախ գաղթականները կը քալեն միայնակ, լքուած իրենց ճակատագրին» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ակնարկելով այսօրեայ գաղթականութեան ուղիներուն, «որոնք մահացու են» եւ մատնանշելով, թէ ինք` որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս յաճախ խօսած է Միջերկրականի ողբերգութեան մասին` «Ծովը` որ ժողովուրդներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ հաղորդութեան վայր է դարձած է գերեզման»։

Արբանեակներու ու թռչող սարքերու դարաշրջանին մէջ` գաղթականները աներեւոյթ են

«Ողբերգութիւնն այն է, որ այդ գաղթականներէն շատեր կարող էին փրկուիլ եւ պէտք է յստակօրէն ըսենք, որ կան մարդիկ` որոնք համակարգուած կերպով ու բոլոր միջոցներով կը գործեն գաղթականները ետ մղելու համար։ Եւ այս մէկը եթէ կատարուի խղճով եւ պատասխանատուութեամբ` ծանր մեղք է» յարեց Նորին Սրբութիւնը նշելով նաեւ, թէ մի քանի անապատներ եւս իրենց կարգին դարձան գաղթականներու գերեզման ուր անոնցմէ շատերը արտահանուեցան ու լքուեցան...եւ արբանեակներու ու թռչող սարքերու դարաշրջանին մէջ` կան գաղթական մարդիկ, կանայք և երեխաներ, որոնց ոչ ոք պէտք է տեսնէ։ Միայն Աստուած է` որ զանոնք կը տեսնէ եւ կը լսէ անոնց աղաղակը։ Եւ այս մէկը մեր քաղաքակրթութեան դաժանութիւնն է» ըսաւ Քահանայապետը նշելով նաեւ, որ ծովն ու անապատը աստուածաշնչական վայրեր են՝ լի խորհրդանիշերով, յատկապէս Աստուծոյ ժողովուրդի՝ Աւետեաց երկիր ելքի ժամանակ:

Գաղթականները պէտք չէ գտնուին մահացու անապատներու եւ ծովերու մէջ

«Այս վայրերը ականատես են ճնշումներու ու ստրկութենէ մազապուրծ եղած մարդկանց փախուստի ողբերգութեան։ Անոնք տառապանքի, վախի, յուսահատութիւն վայրեր են, բայց միևնոյն ժամանակ անցումային վայրեր են ազատագրման, փրկագնման, ազատութեան հասնելու և Աստուծոյ խոստումներու իրականացման համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով 2024ի գաղթականներու եւ փախստականներու միջազգային օրուայ նուիրուած պատգամէն հատուած մը։

Գաղթականներուն համար անվտանգ և կանոնաւոր մուտքի ուղիներ ապահովել

Ան ապա նշեց, թէ գաղթականները պէտք չէ գտնուին այդ մահացու անապատներու ու վայրերուն մէջ, ու թէ այս մէկը կարելի չէ իրագործել «աւելի սահմանափակող օրէնքներով» կամ «սահմաններու ռազմականացմամբ», «ոչ ալ մերժումներով» այլ «գաղթականներու համար անվտանգ և կանոնաւոր մուտքի ուղիներ ապահովելով ու զանոնք ընդլայնելով, պատերազմներէն, բռնութիւններէն, հալածանքներէն և տարբեր աղէտներէն, փախչողներու համար ապաստան ստեղծելով», «խթանելով գաղթականութեան ընդհանուր կառավարումը՝ հիմնուած արդարութեան, եղբայրութեան և զօրակցութեան վրայ» եւ «միացնելով ուժերը` պայքարելու համար մարդավաճառութեան դէմ, արդարութեան յանձնելու ոճրագործները, որոնք անխնայ կը շահագործեն ուրիշներուն թշուառութիւնը», եղան Սրբազան Պապին առաջարկները, որ ապա խորհրդածութեան աւարտին ուզեց գնահատել «բազմաթիւ բարի սամարացիներուն յանձնառումը, որոնք կը գործեն փրկելու համար վիրաւոր եւ լքուած գաղթականները» :

Բարի սամարացիները

«Այս արի մարդիկն ու կիները նշան են մարդկայնութեան մը, որ թոյլ չի տար վարակուիլ անտարբերութեան ու մնացորդացի վատ մշակոյթէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով, որ «այն ինչ որ գաղթականները կը սպանէ մեր անտարբերութիւնն է», ու հրաւիրեց բոլորը անոնց թիկունք կանգնելու, «նոյնիսկ եթէ առաջնագիծի վրայ չենք», որովհետեւ կան տարբեր ձեւեր այդ մէկը ընելու, ու անոնցմէ մին աղօթքն է։

«Սիրելի եղբայրներ և քոյրեր, եկէք միացնենք մեր սրտերն ու ուժերը, որպէսզի ծովերն ու անապատները գերեզմանոցներ չըլլան` այլ տարածքներ, ուր Աստուած կարողանայ ազատութեան և եղբայրութեան ճանապարհներ բանալ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2024, 09:02

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >