Ֆրանչիսկոս Պապը նախագահեց Միջկրօնական հանդիպումը Ինտոնեզիոյ մէջ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2024ին, Ճաքարթայի ժամով առաւօտեան ժամը 9ին Ֆրանչիսկոս Պապը Ինտոնեզիա ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ճաքարթայի «Istiqlal» Մզկիթին մէջ նախագահեց Միջկրօնական հանդիպումը։
Դիմաւորուելով Աւագ Իմամի կողմէ՝ Սրբազան Քահանայապետը նախ այցելեց «Բարեկամութեան ներքնուղի» անուանումը կրող գետնափոր անցուղին, որ կը միաւորէ վերոնշեալ Մզկիթը եւ Տիրամօր Տաճարը, եւ իր սրտին խօսքն ուղղեց ներկաներուն։
Ան ապա ուղղուեցաւ դէպի Միջկրօնական հանդիպման համար նախատեսուած մեծ վրան։ Աւագ Իմամի բարի գալստեան ողջոյնին եւ «Իսթիքլալ 2024 միասնական հռչակագրի» ընթերցումին ու ստորագրումին հետեւեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը, որուն սկիզբը Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Աւագ Իմամին եւ ուրախութիւն յայտնեց Ասիոյ ամենամեծ Մզկիթի մէջ գտնուելուն համար։
Նշենք թէ Իսթիքլալ Մզկիթը կառուցուած է 1978 թուականին՝ Տիրամօր նուիրուած Կաթողիկէ Տաճարի դէմ դիմաց՝ ընդգծելու համար ազգին բնորոշ՝ «միասին բազմազանութեան մէջ» փիլիսոփայական սկզբունքը, որ նաեւ Երկրի կարգախօսն է եւ ամրագրուած է զինանշանի վրայ։ Իսթիքլալ թարգմանաբար կը նշանակէ «անկախութիւն»՝ յիշատակելու համար Երկրի պայքարը յանուն անկախութեան։ Ասիական տարածաշրջանի այդ ամէնէ մեծ Մզկիթը կարող է հիւրընկալել մինչեւ 120.000 մարդ, ունի ժամանակակից ոճ, անոր եօթ մուտքերը կը խորհրդանշեն իսլամի եօթ երկինքները:
Շարունակել «բարեկամութեան ներքնուղիի» ճամբայով
Քրիստոնեայ ճարտարապետ Ֆրիտրիխ Սիլապանի կողմէ նախագծուած Մզկիթը, ընդգծեց այնուհետեւ Քահանայապետը, ինքնին ապացոյց է Ինտոնեզիայի մշակոյթի մէջ առկայ երկխօսութեան, փոխադարձ յարգանքի, կրօններու միջեւ ներդաշնակ գոյակցութեան։ Իսկ «բարեկամութեան ներքնուղիին» կառուցումը, որ կը միացնէ Իսթիքլալ Մզկիթը եւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Տաճարը, Պապը բնութագրեց «պերճախօս նշան, որ թոյլ կու տայ այս երկու մեծ պաշտամունքային վայրերուն՝ գտնուելու ոչ միայն «դէմ դիմաց», այլեւ «կապուած» ըլլալ մէկը միւսին հետ։
Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց շարունակել այդ ճանապարհը, «բոլորս միասին», ըսաւ Ան, «իւրաքանչիւրս մշակելով մեր սեփական հոգեւորութիւնը եւ դաւանելով մեր սեփական կրօնը, կարողանալով քալել Աստուած փնտռելով եւ նպաստելով բաց հասարակութիւններու կառուցման՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ փոխադարձ սիրոյ վրայ՝ ունակ ըլլալով մեկուսացնելու կարծրութիւնները, արմատականութիւնը ու ծայրայեղականութիւնը, որոնք միշտ վտանգաւոր են եւ երբեք արդարացուած»։
Խորքը նայելով կը բացայայտենք, որ բոլորս եղբայրներ ենք
«Միասնութեան եւ ներդաշնակութեան» այդ ճանապարհը քաջալերելու նպատակով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը երկու ցուցումներ տուաւ․
Առաջինը՝ «միշտ խորքը նայիլ, քանի որ միայն այնտեղ կարող ենք գտնել այն, ինչ կը միաւորէ՝ տարբերութիւններէն անդին»: Եւ, կրկին Մզկիթի եւ Տաճարի օրինակով, որոնք կառուցուած են երկու առանձին տարածքներուն վրայ եւ ուր կը յաճախեն համապատասխան հաւատացեալները, Քահանայապետը նկատել տուաւ, որ գետնափոր անցուղիի երկայնքով այդ նոյն զանազան մարդիկ կը հանդիպին՝ կարելիութիւնը ունենալով մուտք գործել մէկը միւսի կրօնական աշխարհ՝ այդպիսով հաստատելով, որ «բոլոր կրօնական զգայնութիւններու ընդհանուր արմատը մէկն է։ (․․․) Խորքը նայելով, (․․․) մենք կը բացայայտենք, որ բոլորս եղբայրներ ենք, բոլորս ուխտաւորներ, բոլորս դէպի Աստուած ճամբորդութեան մէջ՝ տարբերութիւններէն անկախ»:
Տարբերութիւններու միջեւ կապ ստեղծելը կը միաւորէ
Երկրորդ հրաւէրն է՝ հոգ տանիլ կապերուն, շարունակեց Սրբազան Պապը․ «Ներքնուղին կառուցուած է մէկ ծայրէն միւս ծայրը՝ երկու տարբեր եւ հեռաւոր վայրերու միջեւ կապ ստեղծելու համար։ (․․․) Երբեմն կը կարծենք, որ կրօններու միջեւ հանդիպումը ամէն գնով տարբեր վարդապետութիւններու եւ կրօնական դաւանանքներու միջեւ ընդհանրութիւններ փնտռելու հարց է: (․․․) Իրականութեան մէջ մեզ կը միաւորէ մեր տարբերութիւններու միջեւ կապ ստեղծելը, բարեկամութեան, ուշադրութեան եւ փոխադարձութեան կապեր զարգացնելու հոգածութիւնը:
«Այդ կապերը, շարունակեց Քահանայապետը, կը պարտաւորեցնեն միասին փնտռելու ճշմարտութիւնը՝ դասեր քաղելով մէկս միւսի կրօնական աւանդոյթներէն, ․․․ մեզի թոյլ կու տան միասին աշխատիլ, միասին քալել՝ նպատակի մը հետապնդման, մարդկային արժանապատւութեան պաշտպանութեան, աղքատութեան դէմ պայքարի, խաղաղութեան խթանման համար»:
Կրօնական աւանդոյթներու ընդհանուր արժէքներու խթանումը կ’օգնէ հասարակութեան` «յաղթել բռնութեան եւ անտարբերութեան մշակոյթին»
«Միասնութիւնը կը ծնի անձնական բարեկամական կապերէն, փոխադարձ յարգանքէն, այլ տարածքներու եւ այլոց գաղափարներու փոխադարձ պաշտպանութենէն», պնդեց Ֆրանչիսկոս Պապը։
Ան այնուհետեւ յղում կատարեց հանդիպման առթիւ ստորագրուած «Իսթիքլալ 2024 միասնական հռչակագիրին», ուր, շեշտեց Քահանայապետը, «մեծ պատասխանատուութեամբ յանձն կ’առնենք մարդկութեան ապագային սպառնացող լուրջ եւ երբեմն ողբերգական ճգնաժամերը, մասնաւորապէս պատերազմներն ու հակամարտութիւնները, որոնք, ցաւօք, կը սնուին նաեւ կրօնական շահագործմամբ, ինչպէս նաեւ բնապահպանական ճգնաժամը, որ խոչընդոտ դարձած է ժողովուրդներու աճի եւ համակեցութեան համար»։
Ասկէ մեկնելով՝ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր համարեց «խթանել ու ամրապնդել բոլոր կրօնական աւանդոյթներու ընդհանուր արժէքները՝ օգնելով հասարակութեան «յաղթել բռնութեան եւ անտարբերութեան մշակոյթին» (Իստիքլալի Համատեղ հռչակագիր) եւ նպաստել հաշտութեանն ու խաղաղութեանը»։
Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապը խրախուսեց առաջ շարժիլ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ օրհնութիւններով, Պիննեքա Թունկալ Իքա - Bhinneka Tunggal Ika ՝ միաւորուած բազմազանութեան մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ