Յիսուսին համար իսկական մեծութիւնը ծառայութեան մէջ է եւ ոչ թէ իշխանութեան. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Երբ մենք սորվինք ծառայել, իւրաքանչիւր մեր ուշադրութեան եւ խնամքի արարք, իւրաքանչիւր քնքշութեան արտայայտութիւն, իւրաքանչիւր ողորմութեան գործ, կը դառնայ Աստուծոյ սիրոյն ցոլացումը եւ այդպիսով մենք կը շարունակենք Յիսուսին գործը աշխարհին մէջ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով այդ լոյսին տակ դիտելու ու յիշելու Աւետարանի աշակերտները, որոնք այսօր կը սրբադասուին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 20 Հոկտեմբերին Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Միսիոներականութեան համաշխարհային 98րդ Օրը, որուն այս տարուայ Քահանայապետական Պատգամին բնաբանը քաղուած է Մատթէոս Աւետարանիչէն «Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք» (Մատթ 22,9)։

Սրբադասման արարողութիւն

Նոյն օրը առաւօտեան ժամը 10ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապը գլխաւորեց 14 երանելիներու սրբադասման արարողութիւնը ի ներկայութեան սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի անդամներուն, կարդինալական դասին, եպիսկոպոսներու քահանաներու ու Սուրբերու Երկիրներէն ժամանած հազարաւոր հաւատացեալներու, որոնց շարքին նաեւ Միջին Արեւելիքի երկիրներէն հաւատացեալներ, տրուած ըլլալով որ սուրբերու շարքին էին երեք մարոնի համայնքի պատկան աշխարհական հաւատացեալներ, որոնք իրենց հաւատքը պաշտպանեցին ի գին իրենց կեանքին` ընդունելով նահատակութեան պսակը` 1860 թուականին։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ որոնց շարքին Իտալիոյ Նախագահ Սերճօ Մաթթարելլան։ 

Սրբադասման արարողութիւն
Սրբադասման արարողութիւն

Սուրբերու շարքին դասուեցան Մանուէլ Ռոյզ Լոփէցը իր եօթը ընկերներով, ու Ֆրանչեսքօ, Մութի եւ Ռաֆայէլ Մասսապքի եղբայրները, ապա Հայր Ճուզեփփէ Ալլամանոն, Քոյր Մարի Լէոնի Փարատիսը եւ Քոյր Էլէնա Կուէրրան։

Սուրբ զոհին սկիզբը տեղի ունեցաւ սրբադասման արարողութիւնը, որուն ընթացքին ներկայացումը կատարուեցաւ վերոնշեալ սուրբերու կենսագրականին ու անոնց սրբադասման դատի գործընթացին, որուն աւարտին սրբադասման բանաձեւի ընթերցումով Քահանայապետը յայտարարեց անոնց սրբադասումը ու  անոնց արձանագրութիւնը սուրբերու ոսկեմատեանին մէջ, մինչ երգչախումբը եւ հաւատացեալները միաձայն երգեցին «ԱՄԷՆ»ը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետին քարոզը

Օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանեց Աւետարանական հատուածը որ քաղուած էր Մարկոս Աւետարանիչէն (Մարկ. 10,36-38) որ կը խօսի Յակոբ եւ Յովհաննէս առաքեալներուն Յիսուսին ուղղած խնդրանքի մասին, նստելու մէկը անոր աջ միւսը անոր ձախ կողմը եւ Յիսուս զանոնք կը հրաւիրէ խորհելու իրենց իսկական իղձերու ու սպասումներու մասին։ Անոնք խնդրելով բազմիլ աջ ու ձախ կողմը կը բացայայտեն իրենց փառաւոր Մեսիայի մը սպասումը, համաձայն իշխանութեան տրամաբանութեան, բայց Յիսուս կը հրաւիրէ զանոնք զատորոշելու իրենց այս ձգտումը։

Ծառայութեան առաքելութիւնը

Հուսկ Հարց տալով «կարո՞ղ էք ըմպել բաժակը զոր ես պիտի ըմպեմ» Ան զանոնք կ՛օգնէ հասկնալու թէ իր առաքելութիւնը գերիշխելու առաքելութիւն մը չէ այլ ծառայութեան։ Ան արդարեւ կը ներկայանայ որպէս անիկայ որ կը նուաստանայ, կը սիրէ եւ ինքզինք կը նուիրէ ուրիշներու փրկութեան համար, կանխելով իր իսկ զոհաբերումը։ «Յիսուսին համար իսկական մեծութիւնը ծառայութեան մէջ է եւ ոչ թէ իշխանութեան»։ «Կը յաղթէ ոչ թէ ան, որ կը գերիշխէ այլ ան որ կը ծառայէ սիրով» հաստատեց Սրբազան Պապը.

Սրբադասման արարողութիւն
Սրբադասման արարողութիւն

Աստուծոյ  սիրոյն ցոլացումը

Արդարեւ ասկէ մեկնելով Յիսուս աշակերտներուն կը յայտնէ թէ Ան` որ իրենց մէջ կ՛ուզէ մեծը ըլլայ պէտք է որ դառնայ ծառայ, մարդկային տրամաբանութիւններէն անդին. Եւ այս մտայնութեան փոփոխութեան մարտահրաւէրը հիմնական է անոր համար, որ կ՛ուզէ Յիսուսին հետեւիլ։ Ծառայելը ուստի կը դառնայ քրիստոնեային ապրելաոճը, արարք` որ կը բխի սէրէն եւ ոչ թէ պարտաւորութենէն կամ հաշիւներէն։

«Ծառայութիւնը կը ծնի սէրէն, և սէրը սահմաններ չի ճանչնար, հաշիւներ չընէր, ան կը կը նուիրուի եւ կը զոհուի» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը ու հրաւիրեց չմոռանալ երեք բառերը, որոնք ցոյց կու տան Աստուծոյ ծառայելու ոճը՝ մտերմութիւն, կարեկցանք և քնքշութիւն: Աստուած կը մօտենայ է ծառայելու. Ան դառնում է կարեկից, որպէսզի ծառայէ. Ան թը դառնայ քնքուշ ծառայելու համար: Մտերմութիւն, կարեկցանք և քնքշութիւն…»։

«Երբ մենք սորվինք ծառայել, իւրաքանչիւր մեր ուշադրութեան եւ խնամքի արարք, իւրաքանչիւր քնքշութեան արտայայտութիւն, իւրաքանչիւր ողորմութեան գործ, կը դառնայ Աստուծոյ սիրոյն ցոլացումը եւ այդպիսով մենք կը շարունակենք Յիսուսին գործը աշխարհին մէջ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով այդ լոյսին տակ դիտելու ու յիշելու Աւետարանի աշակերտները, որոնք այսօր կը սրբադասուին։

Սրբադասման արարողութիւն
Սրբադասման արարողութիւն

Նոր սուրբերը ապրեցան Յիսուսին ոճը` ծառայութիւնը

«Անոնք եղան հաւատարիմ ծառաներ, մարդիկ ու կիներ, որոնք ծառայեցին մինչեւ մարտիրոսութիւն, նման Եղբ. Մանուէլ Ռոյզ Լոփեսին ու անոր ընկերներուն, նման Ճուզեփփէ Ալլամանոյին, Քոյր Մարի Լէոնի Փարատիսին եւ Քոյր Էլէնա Կուէրրային։ Այս նոր սուրբերը ապրեցան Յիսուսին ոճը` ծառայութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով հայցել անոնց բարեխօսութիւնը որպէսզի մենք եւս կարողանանք հետեւիլ Քրիստոսին, հետեւիլ անոր ծառայութեան մէջ ու դառնալ աշխարհի համար յոյսի վկաները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2024, 11:26