«Ես կը հաւատամ Սուրբ Հոգիին: Սուրբ Հոգին Եկեղեցւոյ հաւատքի մէջ». Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին շարունակեց խօսիլ ու խորհրդածել «Հոգին և հարսը. Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ հանդիպելու Յիսուսին՝ մեր Յոյսին» նիւթի մասին, այս անգամ որպէս խորհրդածութեան նիւթ ընտրելով «Սուրբ Հոգին Եկեղեցւոյ հաւատքի մէջ»։
Սուրբ Հոգին Եկեղեցւոյ մէջ
Այսօրուայ խորհրդածութեամբ կը սկսինք խօսիլ «Անոր Եկեղեցւոյ մէջ ներկայութեան ու գործունէութեան մասին», ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու դիտել տալով, որ առաջին երեք դարերու ընթացքին Եկեղեցին կարիք չէր զգացած յստակ ձեւակերպում մը տալու Սուրբ Հոգիի նկատմամբ հաւատքին համար։
«Արդարեւ նախնական Հաւատամքի մէջ կը կարդանք «կը հաւատանք Հօր Աստուծոյ...Յիսուս Քրիստոսի... եւ Սուրբ Հոգիին» եւ «միայն հերետիկոսութիւնն է, որ Եկեղեցին մղեց յստակացում ներկայացնելու այդ հաւատքի մասին» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ այս գործընթացը սկիզբ առաւ չորրորդ դարուն Սուրբ Աթանազիոյի հետ, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Ժողովի ընթացքին, 381 թուականին, որ սահմանեց Սուրբ Հոգիին աստուածութիւնը երեք բառերով. «Կը հաւատամ Սուրբ Հոգիին, որ Տէր է ու կեանք պարգեւող, որ կը բխի Հօրմէն ու Որդիէն։ Հօր ու Որդւոյն հետ փառաբանուած ու պաշտուած է եւ խօսեցաւ մարգարէներու միջոցաւ»։
Սուրբ Հոգիին ամենակարեւոր մենաշնորհը «կեանք պարգեւող» ըլլալն է
«Մեծն Սուրբ Բարսեղը կը հաստատէ Երրորդութեան երեք անձանց հաւասարութիւնը, որոնք ունին նոյն փառքը և նոյն երկրպագութիւնը: Այս սահմանումը միայն մեկնակէտ էր: Եկեղեցւոյ պաշտամունքն ու աստուածաբանութիւնը ժամանակի ընթացքին աւելի յստակօրէն պիտի հռչակէին Սուրբ Հոգիի աստուածութիւնը», ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով, թէ ինչպէս Լատին Եկեղեցին շուտով ընդունեց «Սուրբ Հոգին կը բխի Հօրմէն ու Որդիէն» սահմանումը, մինչ Արեւելքի Եկեղեցիները դժուարութիւն ունեցան ընդունելու զայն։
«Թէեւ ժամանակը չէ այս հարցը քննարկելը, այժմ որ երկխօսութեան կլիմայ մը գոյութիւն ունի երկու եկեղեցիներու միջեւ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, թէ այսօր մենք կարող ենք արժեւորել Սուրբ Հոգիին ամենակարեւոր մենաշնորհը որ է «կեանք պարգեւող» ըլլալը։
Սուրբ Հոգիին պարգեւած կեանքը
«Ի՞նչ կեանք կու տայ Սուրբ Հոգին» Հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու բացատրեց. «ի սկզբանէ, Աստուծոյ շունչը բնական կեանք կու տայ Ադամին, զայն դարձնելով կենդանի արարած։ Եւ Նոր արարչութեան մէջ Սուրբ Հոգին ան է որ հաւատացեալներուն նոր կեանք կը պարգեւէ, Քրիստոսին կեանքը, գերբնական կեանք, Աստուծոյ զաւակներու կեանքը։ Սուրբ Պօղոս արդարեւ Հռովմէացիներուն ուղղած թուղթին մէջ կը գրէ «Քանզի Քրիստոս Յիսուսով կեանքի հոգիին օրէնքը զիս ազատեց մեղքի եւ մահուան օրէնքէն (8,2).
Զարգացնենք Սուրբ Հոգիի հանդէպ հաւատքը
Մեզի համար մխիթարիչ իրականութիւնը այն է, որ կեանքը զոր մեզի կը պարգեւէ Սուրբ Հոգին յաւիտենական կեանք է։ Յարութեան խոստում է։ Հաւատքը մեզ կ՜ազատէ այն սարսափէն ընդունելու որ ամէն բան վերջ պիտի գտնէ այստեղ, թէ տառապանքի եւ անարդարութեան փրկանք մը գոյութիւն չունի։ Եւ այս մէկին հաւաստիացումը կր գտնենք Առաքեալին այլ խօսքերուն մէջ. «Իսկ եթէ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանողին Հոգին ձեր մէջ բնակած է, ուրեմն անիկա որ Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, պիտի կենդանացնէ ձեր մահկանացու մարմիններն ալ իր Հոգիովը որ ձեր մէջ կը բնակի» (հռոմ 8,11)։
«Զարգացնենք այս հաւատքը Սուրբ Հոգիի հանդէպ, նոյնիսկ անոնց համար որոնք առանց յանցանքի, չեն կարող իմաստ տալ իրենց կեանքին։ Ու չմոռնանք շնորհակալութիւն յայտնել Անոր` որ իր կեանքի գնով մեզի համար ստացաւ այս թանկարժէք նուէրը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ