Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն. «Սուրբ Հոգին եւ Սուրբ Պսակի խորհուրդը»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սուրբ Հոգին եւ Սուրբ Պսակի խորհուրդը» այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 23 Հոկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան կեդրոնական նիւթը, զոր Ան ներկայացուց շարունակելով խօսիլ ու խորհրդածել «Հոգին և հարսը. Սուրբ Հոգին Աստուծոյ ժողովուրդը կ՛առաջնորդէ հանդիպելու Յիսուսին՝ մեր Յոյսին» նիւթի մասին։
Սուրբ Հոգին սիրոյ միութիւն
Խորհրդածութեան սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձ կատարելով անցեալ շաբթուայ իր խորհրդածութեան, նուիրուած Սուրբ Հոգիին` Եկեղեցւոյ Հաւատքին մէջ, նշեց, թէ Սուրբ Հոգիի մասին Եկեղեցւոյ խորհրդածութիւնը կանգ չառաւ հաւատամքի վրայ ու շարունակուեցաւ ըլլայ Արեւելքի ըլլայ Արեւմուտքի մէջ, Եկեղեցւոյ Հայրերու ու Վարդապետներու ուսուցումներուն միջոցաւ եւ ասկէ մեկնելով ուզեց այսօրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացնել Սուրբ Պսակի խորհուրդին մէջ Սուրբ Հոգիի դերակատարութեան վրայ, մեկնելով Սուրբ Օգոստինոսի ուսուցումներէն։
«Ան կը բացատրէ, որ սէրը կ՛ենթադրէ մէկը, որ կը սիրէ, մէկ մը, որ սիրուած է ու նոյնինքն սէրը, որ զանոնք կը միացնէ։ Սուրբ Երրորդութեան մէջ, Հայրը ան է` որ կը սիրէ, Որդին՝ սիրուածը, և Սուրբ Հոգին սէրը, որ կը միացնէ զանոնք։ Ուստի Քրիստոնեաներու Աստուածը «մէկ» Աստուած է բայց ոչ միայնակ։ Անոր միութիւնը հաղորդութեան ու սիրոյ միութիւն է, որուն մէջ Սուրբ Հոգին Հօր ու Որդոյն աստուածային «մենք»ն է, տարբեր անձերու միջեւ միութեան խթանը. Եկեղեցւոյ միութեան սկիզբը, որ արդարեւ տարբեր անձերէ բաղկացած «մէկ մարմին» է» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով քրիստոնէական ամուսնութեան Խորհուրդին։
Ամուսնութիւնը մարդու ու կնոջ պարգեւ դառնալու խորհուրդ
«Անիկա մէկը միւսին, մարդուն ու կնոջ պարգեւ դառնալու Խորհուրդն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով, թէ այդպէս է որ զայն մտածած է Արարիչը երբ մարդը ստեղծեց իր պատկերին համաձայն` այր ու կին։ Առ այդ մարդկային զոյգը առաջին ու տարրական իրականացումն է սիրոյ հաղորդութեան, որ է Սուրբ Երրորդութիւնը» նկատել տուաւ Քահանայապետը նշելով, որ «ամուսնացած զոյգը եւս կը կազմէ յոգնակի անձ, «մենք» մը, կենալով մէկը միւսին դիմաց որպէս «ես» ու «դուն» մը եւ աշխարհի դիմաց որպէս «մենք» մը։
«Որքա՜ն գեղեցիկ է լսել, որ մայր մը իր երեխաներուն կ՛ըսէ. «հայրդ և ես...», ինչպէս Մարիամը ըսաւ Յիսուսին, երբ զայն գտան տաճարին մէջ տասներկու տարեկանին (տես Ղուկաս 2.48)։ Եւ լսել, թէ ինչպէս հայր մը կ՛ըսէ. «Մայրդ և ես», կարծես թէ ըլլային մէկ անհատ։ Որքա՜ն կարիքն ունին զաւակները ծնողներու այս միութեան եւ որքան անոնք կը տառապին երբ այս մէկը պակսի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով` որ «այս կոչումին համապատասխանելու համար, ամուսնութիւնը կարիք ունի թիկունքին Անոր որ նոյնինքն «Պարգեւն» է, Սուրբ Հոգիին։
Աւազի վրայ կառուցուած ամուսնութիւններ
«Արդարեւ այնտեղ ուր Ան մուտք կը գործէ պարգեւ դառնալու կարողութիւնը կը վերածնի» հաստատեց հուսկ Քահանայապետը անգամ մը եւս մէջբերելով Եկեղեցւոյ հայրերուն խօսքերը ու ակնարկելով այսօրուայ իրողութեան, ուր շատ մը ամուսնութիւններ կառուցուած են ոչ թէ ժայռի, այլ աւազի վրայ, որոնք անյաջողութիւններով կը պսակուին եւ որուն սուղ գինը կը վճարեն միշտ զաւակները։
«Հարկաւոր է կրկնել Կանայի հարսանիքի ժամանակ Տիրամօր Յիսուսին ուղղած Խօսքերը. «Գինի չունին» (Յովհ 2,3). Սուրբ Հոգին ան է` որ կը շարունակէ հոգեւոր գետնի վրայ կատարել հրաշքը, զոր գործեց Յիսուս այդ առիթով, այսինքն փոխել վարժութեան ջուրը ու զայն դարձնել միասին ապրելու նոր ուրախութիւն մը։ Ասիկա պատրանք մը չէ, այլ Սուրբ Հոգիին շատ մը ամուսնութիւններուն մէջ գործած իրականութիւնը, երբ անոնք կը մօտենան իրեն ու կը հայցեն Անոր օգնութիւնը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց թելադրելով` ամուսնացեալներուն տրուած իրաւական, հոգեբանական եւ բարոյական բնոյթ ունեցող տեղեկութիւններուն հետ միասին, խորացնել նաեւ Սուրբ Հոգիին մասին հոգեւոր պատրաստութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ