«Բարին գործենք պարզութեամբ եւ առանց երեւնալու». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 10 նոյեմբեր 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւոներու մասնացկութեամբ, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, աղօթքէն առաջ ներկայացնելով խորհրդածութիւն մը զոր կեդրոնացուց Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած (Մարկ 12,38-44) օրուան ծիսական հատուածին վրայ, որուն մէջ Յիսուս Երուսաղէմի տաճարին մէջ ժողովուրդին առջեւ կը դատապարտէ որոշ դպիրներու կեղծաւոր վերաբերմունքը։
Որոշ դպիրներու կեղծաւոր վերաբերմունքը
«Իսրայելի հասարակութեան մէջ անոնց վստահուած էր կարեւոր դեր մը` կ՛ընթերցէին, կ՛արտագրէին եւ կը մեկնաբանէյին սուրբ Գրութիւնները եւ այս պատճառով անոնք մեծ յարգանք կը վայելէին, և մարդիկ յարգանքով կը վերաբերէին անոնց հետ» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով սակայն որ անոնց վարուելակերպը յաճախ չէր համապատասխաներ իրենց ուսուցումներուն ու թէ անոնցմէ շատեր միւսներուն կը նայէին «վերէն վար» արհամարհելով ժողովուրդը ու նոյնիսկ գողութիւն կատարելով ու կողոպտելով այրիները։
Կաշառակեր մարդիկ
«Անոնք փոխանակ իրենց յանձնուած դերը գործածելու միւսներուն ծառայելու համար, զայն կը դարձնէին գործիք ամբարտաւանութեան ու այս մէկը կը պատահէր նաեւ աղօթքի մէջ, որ անոնց համար, Տիրոջ հետ հանդիպում ըլլալէ կը դադրէր ու կը դառնար առիթ երեւնալու ու մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու», նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը հաստատելով, թէ «անոնք կը վերաբերուէին կաշառակեր մարդոց նման, գործելով անարդարութիւններ ու իրենց համար անպատժելիութիւն ապահովելով»։
Յիսուսին զգուշացումը
«Յիսուս կը զգուշացնէ հեռու մնալ այս մարդոցմէ ու անոնց օրինակին չի հետեւիլ եւ ընդհակառակը իր խօսքով եւ իր օրինակով իշխանութիւնը կը ներկայացնէ այլ ձեւով` որպէս զոհաբերում ու խոնարհ ծառայութիւն, մայրական ու հայրական քնքշութիւն մարդոց նկատմամբ, յատկապէս աւելիով կարիքաւորներուն։ Կը հրաւիրէ անոնք որոնք պատասխանատուութիւններ կը կրեն իրենց դիրքէն միւսներուն նայելու ոչ թէ զանոնք նուաստացնելու այլ ոտքի կանգնեցնելու համար, անոնց տալով յոյս եւ օգնութիւն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով մենք մեզ հարցաքննելու թէ ինչպիսի վարմունք ունինք, եթէ խոնարհ ենք, վեհանձն ու մարդիկը կը յարգենք ու եթէ աւելիով դիւրաբեկ եղբայրներուն մեր օգնութեան ձեռքը կ՛կերակրենք։
«Սուրբ Կոյս Մարիամը թող մեզի օգնէ պայքարելու համար կեղծաւորութեան փորձութեան դէմ , ու բարին գործելու պարզութեամբ եւ առանց երեւնալու» ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ