2024.11.17 Angelus

Չկաշկանդուինք երկրային բաներու, որոնք կ՛անցնին այլ Աստուծոյ Խօսքին` որ առ յաւէտ է. Ֆրանչիսկոս Պապը

Յարութեան խոստումի լոյսին ներքոյ, իւրաքանչիւր իրականութիւն կը վերագտնէ նոր իմաստ մը. «նոյնիսկ նեղութիւններու, ճգնաժամերու, ձախողումներու ժամանակ Աւետարանը մեզ կը հրաւիրէ նայիլ կեանքին և պատմութեան առանց վախ ունենալու կորսնցնել այն, ինչ որ կ՛աւարտի, բայց ուրախութեամբ այն ամէն բանի համար, որ կը մնայ. Աստուած մեզի համար կը պատրաստէ կեանքի և ուրախութեան ապագայ»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 17 նոյեմբեր 2024ի Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ առաւօտեան աղքատներու համաշխարհային օրուան նուիրուած սուրբ պատարագը գլխաւորելէն ետքը, կէսօրին, առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն առաջ սովորութեան համաձայն ներկայացուց խորհրդածութիւն մը ներշնչում քաղելով օրուան աւետարանական հատուածէն որ քաղուած էր Մարկոսի Աւետարանէն (Գլ. 13) ու յատկապէս Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն վրայ` «Արեւը պիտի խաւարի ու լուսինը պիտի նսեմանայ» եւ «Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին բայց իմ խօսքերս պիտի չանցնին»։

Անցողական ու մնայուն բաները

«Կեդրոնանանք անցողական եւ մնայուն բաներու վրայ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նախ խօսելով այն բաներու մասին` որոնք կ՛անցնին, դիտել տալով, որ կեանքի ընթացքին երբ կը գտնուինք տագնապի մէջ կամ կը փորձարկենք ձախողութիւն մը, կամ երբ մեր շուրջ կը տեսնենք ցաւ` որ պատճառուած է պատերազմէ, բռնութենէն, բնական աղէտներէ, մենք այն տպաւորութիւնը ունինք, որ ամէն ինչ վերջացած է ու թէ նոյնիսկ ամենագեղեցիկ բաները կ՛անցնին։ Բայց եւ այնպէս տագնապներն ու ձախողութիւնները, նոյնիսկ եթէ ցաւալի են, կարեւոր են, որովհետեւ մեզի կը սորվեցնեն իւրաքանչիւր մէկ բանին տալ իր շիտակ կշիռը եւ մեր սիրտը չի կաշկանդել այս երկրի իրականութիւններուն, որոնք պիտի անցնին եւ սահմանուած են մայրամուտի»։

Ամէն բան կ՛անցնի բայց Յիսուսին խօսքերը կը մնան

Միեւնոյն ատեն Յիսուս մեզի կը խօսի այն բաներու մասին` որոնք կը մնան, Ամէն բան կ՛անցնի բայց իր խօսերը երբեք պիտի չանցնի` անոն կը մնան առ յաւէտ։

Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ վստահելու Աւետարանին, որ ունի փրկութեան ու յաւիտենականութեան խոստում մը։ Արդարեւ մինչ ամէն բան կ՛անցնի Քրիստոս կը մնայ։ Եւ Անոր մէջ` օր մը պիտի վերագտնենք այն բաները եւ այն անձերը` որոնք անցան ու մեզի ընկերացան երկրային մեր գոյութեան ընթացքին»։

Աստուած մեզի համար կը պատրաստէ կեանքի և ուրախութեան ապագայ

«Յարութեան այս խոստումի լոյսին ներքոյ, իւրաքանչիւր իրականութիւն կը վերագտնէ նոր իմաստ մը` ամէն ինչ կը մեռնի ու նաեւ մենք պիտի մեռնինք, բայց ոչ մէկ բան պիտի կորսնցնենք, որովհետեւ այդ մահը պիտի ըլլայ նոր կեանքի մը սկիզբը» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով, որ «նոյնիսկ նեղութիւններու, ճգնաժամերու, ձախողումներու ժամանակ Աւետարանը մեզ կը հրաւիրէ նայիլ կեանքին և պատմութեան առանց այն վախին թէ պիտի կորսնցնենք այն, ինչ որ կ՛աւարտի, բայց ուրախութեամբ այն ամէն բանի համար, որ կը մնայ. Աստուած մեզի համար կը պատրաստէ կեանքի և ուրախութեան ապագայ»:

Չկաշկանդուինք աշխարհիկ բաներուն ու կապուինք Տիրոջ Խօսքերուն

«Ուստի մենք մեզի հարց տանք` կաշկանդուած ենք երկրային բաներու որոնք շուտով պիտի անցնին կամ կապուած ենք Տիրոջ Խօսքերուն` որոնք կը մնան ու մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի յաւիտենականութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց աղօթել Սուրբ Կոյին` Մարիամին որ ամբողջութեամբ վստահեցաւ Աստուծոյ Խօսքին, որպէսզի բարեխօսէ մեզի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2024, 12:07

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >