Տէրը ունկնդրելը լոյս կը սփռէ մեր սրտերուն և մեր կեանքին մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Պիղատոսին աշխարհը կը տարբերի Յիսուսի աշխարհէն։ Անոր աշխարհը այն վայրն է ուր զօրաւորը կը յաղթէ տկարին, հարուստը աղքատին, բռնարարը խոնարհին։ Իսկ Յիսուսին թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ։ Անոր աշխարհը նոր աշխարհ է, յաւիտենական, զոր Աստուած կը պատրաստէ բոլորին իր կեանքը տալով մեր փրկութեան համար... Աշխարհը որուն թագաւորն է Յիսուս, կործանուած արարչագործութիւնը կը փրկէ չարէն աստուածային սիրոյ զօրութեամբ որ կ՜ազատէ եւ կը ներէ ու արդարութիւն եւ խաղաղութիւն կը պարգեւէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ Յիսուս Տիեզերքի Թագաւոր տօնի եւ ԵՀՕ նուիրուած սուրբ պատարագը մատուցելէն ետքը` կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ սովորութեան համաձայն ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած (Յովհ. 18,33-37) այն հատուածը որ կը խօսի Յիսուսի ու Պիղատոսի միջեւ կայացած խօսակցութեան երբ վերջինս Յիսուսին հարց կու տայ եթէ ինք Հրեաներուն Թագաւորն է` հասկնալու համար թէ որքանով ան վտանգ կրնայ հանդիսանալ իր դիրքին եւ կայսրութեան։

Պիղատոսին ու Յիսուսին թագաւորութիւնը

«Յիսուս կը հաստատէ թէ` այ՛ո ինք թագաւոր է, բայց այլ տեսակ Թագաւոր։ Յիսուս թագաւոր է այն չափով որ ինք վկայ է, «Ես ծնած եմ եւ աշխարհ եկած վկայելու համար ճշմարտութեան»։ Յիսուսին` Մարմնացած Բանին, թագաւորական իշխանութիւնը կը բացայայտուի անոր իսկական եւ արդիւնաբեր խօսքին մէջ, որ աշխարհը կը փոխէ» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը եւ շեշտը դրաւ «աշխարհ» բառին վրայ դիտել տալով որ Պիղատոսին աշխարհը կը տարբերի Յիսուսի աշխարհէն։ Անոր աշխարհը այն վայրն է ուր զօրաւորը կը յաղթէ տկարին, հարուստը աղքատին, բռնաբարը խոնարհին։ Իսկ Յիսուսին թագաւորութիւնը այս աշխարհէն չէ։ Անոր աշխարհը նոր աշխարհ է, յաւիտենական, զոր Աստուած կը պատրաստէ բոլորին իր կեանքը տալով մեր փրկութեան համար» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը եւ աւելցուց թէ անիկայ «երկնքի թագաւորութիւնն է, զոր Քրիստոսի աշխարհ բերաւ տարածելով շնորհք եւ ճշմարտութիւն։ Աշխարհը որուն թագաւորն է Յիսուս, կործանուած արարչագործութիւնը կը փրկէ չարէն աստուածային սիրոյ զօրութեամբ որ կ՜ազատէ եւ կը ներէ ու արդարութիւն եւ խաղաղութիւն կը պարգեւէ։

Տիրոջ ձայնը լոյս մեր կեանքին համար

«Հակառակ երկխօսութեան, Պիղատոսը չի հասկանար ճշմարտութիւնը և կ՛ որոշէ խաչել Յիսուսը` խաչին վրայ գրելով «Հրեաներու թագաւորը», առանց հասկնալու անոր իմաստը» դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա հաստատեց թէ «Տիրոջ ձայնը ունկնդրելը լոյս կը սփռէ մեր սրտերուն ու մեր կեանքին վրայ» եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց մենք մեզ հարցաքննելու ու հասկնալու թէ ի՞նչպէս կ՛ըմբռնենք Յիսուսը ու եթէ անոր դէմքին մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ ողորմած դէմքը, որ մշտապէս կը ներէ, միշտ կը ներէ, ու մեզ կը սպասէ ներերու» յարեց Նորին Սրբութիւնը մինչ խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով միասին աղօթելու Տիրամօր մինչ «յոյսով կը սպասենք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2024, 12:10

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >