Սուրբերը վկաներն են լուսաւոր ուղիներու. Ֆրանչիսկոս Պապին ամենայն սրբոց տօնին օրուայ նուիրուած խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Նոյեմբերի մէկին Լատինաց մօտ Ամենայն Սրբոց տօնն է։ Այս տօնը կը ներառէ բոլոր այն սուրբերը, որոնք Եկեղեցւոյ ցանկէն կրնան բացակայ ըլլալ եւ որոնք մեզի յայտնի չեն։ Արեւմտեան եկեղեցիները նոյն տօնը Նոյեմբեր 1ին կը նշեն։ Ըստ մեր եկեղեցական աւանդութեան, թուականը փոփոխական է, կապուած ըլլալով Խաչի տօնին հետ։ Հետեւաբար, Հոկտեմբերի վերջաւորութեան կամ Նոյեմբերին կրնայ նշուիլ։
Ամենայն սրբոց տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը` կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը մեկնաբանելով օրուան աւետարանական հատուածը, որ քաղուած էր Մատթէոսի Աւետարանէն (Մատթ. 5,1-12) ուր Յիսուս կը Հռչակէ երանութիւնները, «քրիստոնեային անձնաթուղթը եւ սրբութեան ճանապարհ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նշելով` որ «Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ ուղին` սիրոյ ուղին, զոր Ինք անձամբ կտրեց»։
Սրբազան Պապը` Սուրբ Պօղոսի խօսքերով հաստատեց, թէ «Տէրն է` որ մեզ կը սրբացնէ» ու թէ «ասոր համար է, որ մենք նախ եւ առաջ Տիրոջ կը դիմենք Անորմէ խնդրելով, որ մեզ սուրբ դարձնէ, ու մեր սիրտը դարձնէ իրեն սրտին նման սիրտ մը» (Հմմտ. Dilexit nos, 168).։
«Ան իր շնորհքով մեզ կը բուժէ ու մեզ կ՛ազատէ ամէն բաներէ, որոնք մեզի արգելք կը հանդիսանան սիրելու այնպէս ինչպէս ինք մեզ սիրեց, այնպէս` որ, ինչպէս կ՛ըսէր Երանելի Քարլօ Աքութիսը, «միշտ աւելիով քիչ «ես»ի տեղ ըլլայ ու տարածք բացուի Աստուծոյ» յարեց Սրբազան Պապը։
Ան ապա ակնարկեց սրբութեան կոչումին մեր պատասխանին, դիտել տալով, որ «Երկնաւոր Հայրը մեզի չի պարտադրեր իր սրբութիւնը, այլ զայն կը նուիրէ։ Զայն կը սերմանէ մեր մէջ, մեզի համտեսել տալով զայն ու ցոյց տալով անոր գեղեցկութիւնը ապա կը սպասէ ու կը յարգէ մեր «այոն»։ Մեզի կը թողու ազատութիւնը հետեւելու անոր բարի ներշնչումներուն, ու ներգրաւուելու անոր ծրագիրներուն մէջ, մերը ընելու իր զգացումները (Dilexit nos, 179), մենք մեզ դնելով միւսներու ծառայութեան տակ, այնպէս ինչպէս Ինք մեզի սորվեցուց, միշտ աւելի տիեզերական սիրով մը, բաց եւ ուղղուած բոլորին, համայն աշխարհին» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով, թէ մենք այս բոլոր բաները կը տեսնենք սուրբերու կեանքին մէջ, նաեւ ժամանակակից սուրբերուն, ինչպէս զոր օրինակ Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէն որ Աուշուիցի համակեդրոնացման ճամբարին մէջ, խնդրեց մահապատիժի դատապարտուած ընտանիքի մը հօր տեղը առնել, կամ Քալքութայի Սրբուհի Թերեզան, որ իր բոլոր կեանքը նուիրեց աղքատներուն միջեւ աւելիով աղքատներուն ծառայութեամբ, եւ կամ Սուրբ Օսքար Ռոմերօ Եպիսկոպոսը, որ սպաննուեցաւ Եկեղեցւոյ խորանին վրայ, պաշտպանած ըլլալուն համար յետիններուն իրաւունքները բռնարարներու չարաշահումներուն դէմ։
«Անոնց մէջ ու միւս բազմաթիւ սուրբերուն մէջ ճանչնանք մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք ձեւաւորուած են Երանութիւններով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը
ակնարկելով աղքատներուն, հեզերուն, ողորմածներուն, արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունեցողներուն, խաղաղարարներուն: Անձինք` որոնք «Լի են Աստուծմով» եւ ունակ չեն անտարբեր մնալ ուրիշներու կարիքներու նկատմամբ. Վկաները` լուսաւոր ուղիներու, որ հնարաւոր են նաև մեզի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով մենք մեզի հարցեր ուղղելու. Եթէ մենք աղօթքի մէջ Աստուծմէ կը հայցենք սրբակեաց կեանքի շնորհքը ու եթէ յանձնառու ենք ի գործ դնելու Աւետարանին Երանութիւնները մեր ապրած միջավայրին մէջ։
«Մարիամ բոլոր Սուրբերու Թագուհին թող օգնէ մեզի մեր կեանքը դարձնել սրբութեան ուղեւորութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով Ամենայն սրբոց տօնին առիթով Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ