2024.12.22 Angelus

Օրհնենք մանուկ սպասող մայրերը եւ Աստուած գովաբանենք կեանքի հրաշքին համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սաստիկ ցուրտի եւ ի յայտ եկած հարբուխի ախտանիշներուն ի տես Քահանայապետը նախընտրեց Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը գլխաւորել իր բնակարանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուրէն խորհրդածելով Մարիամի եւ Եղիսաբեթի մայրութեան մասին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 դեկտեմբեր 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը` սաստիկ ցուրտի եւ ի յայտ եկած հարբուխի ախտանիշներուն ի տես նախընտրեց Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը գլխաւորել իր բնակարանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուրէն, փոխանակ առաքելական պալատի իր աշխատանքային գրասենեակի պատուհանէն։

Նորին Սրբութիւնը այս առիթով նախ ցաւ արտայայտեց հրապարակ չգտնուելուն համար ապա ներկայացուց խորհրդածութիւնը զոր կեդրոնացուց օրուան Աւետարանական հատուածին վրայ, որ քաղուած էր Ղուկաս աւետարանիչէն ու կը խօսէր (հմմտ Ղուկ. 1,39-45) Մարիամին` հրեշտակի աւետումէն ետքը, իր զարմուհի Եղիսաբեթին տուած այցելութեան մասին։

Աստուծոյ մօտիկութիւնը

«Անոնց հանդիպումը հանդիպում է երկու երջանիկ կիներու մայրութեան արտակարգ շնորհքին համար. Մարիամ յղացած էր Յիսուս աշխարհին Փրկիչը եւ Եղիսաբեթ, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, իր արգանդին մէջ կը կրէր Յովհաննէսը` որ պիտի հարթէ Մեսիային ճանապարհը» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով` որ Աւետարանիչին մեզի փոխանցած պատգամը, Սուրբ Ծնունդէն մի քանի օրեր առաջ, այն է թէ Աստուծոյ փրկագործ գործունէութեան հրաշալի նշաններուն մասին խոկալը, պէտք չէ, որ մեզ Անորմէ հեռու զգացնէ, այլ օգնէ ճանչնալու Անոր ներկայութիւնը ու Անոր մեզի մօտ եղող սէրը` ինչպէս իւրաքանչիւր կեանքի պարգեւին մէջ, իւրաքանչիւր մանուկի։ Այս «A tua immagine» յայտագիրին մէջ կարդացի շատ գեղեցիկ նախադասութիւն մը. Ոչ մէկ մանուկ սխալ մըն է» ըսաւ Քահանայապետը։

Օրհնենք մայրերը ու գոհութիւն մատուցենք Աստուծոյ կեանքի հրաշքին համար

Ան ապա հրաւիրեց անտարբեր չմնալ մանուկ սպասող մայրերու գեղեցկութեան դիմաց, «օրհնենք զանոնք ու Աստուած փառաբանենք կեանքի հրաշքին համար` այնպէս ինչպէս ըրաւ Եղիսաբեթը «օրհնեալ ըլլաս կիներուն մէջ եւ օրհնեալ ըլլայ պտուղը քու արգանդիդ մէջ» (Ղուկ 1,42), ապա օրհնաբանենք Աստուած Մարիամի նման ըսելով «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր», որպէսզի օրհնուած ըլլայ իւրաքանչիւր մայրութիւն, ու աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր մօր միջոցաւ փառաբանուի Աստուծոյ անունը, որ մարդոց ու կիներուն կը վստահի մանուկներուն կեանք պարգեւելու իշխանութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ ապա ակնարկեց Յիսուս Մանկիկի արձանիկներու օրհնութեան աւանդութեան, նշելով թէ ինք եւս իր հետ բերած է իր Յիսուս մանկիկի արձանը զոր իրեն նուիրած է Սանթա Ֆէյի Արքեպիսկոպոսը, ու հրաւիրեց մենք մեզի հարց տալու եթէ բաւարար կերպով գոհութիւն կը յայտնենք Տիրոջ, եթէ զայն կը փառաբանենք ու կ՛օրհնաբանենք ու եթէ կը պաշտպանենք կեանքին սուրբ եւ անձեռնմխելի արժէքը։«Մարիամ` բոլոր կիներուն մէջ օրհնեալը, մեզ կարող թող դարձնէ զարմանքի եւ երախտագիտութեան զգացում ապրելու ծնեալ կեանքի խորհուրդին առջեւ» ըսաւ Քահանայապետը եզրափկելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2024, 12:25

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >