Պրունի. Վաստակաւոր Քահանայապետը արթուն եւ ուշիմ մտքով է։ Ֆրանչիսկոս Պապը նորոգեց աղօթելու հրաւէրը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ Պապին առողջական իրավիճակին մասին արտայայտուելով յայտնեց, թէ Ան անցեալ գիշեր կարողացաւ լաւապէս հանգստանալ ու թէ առ այժմ անոր առողջական վիճակը կը մնայ կայուն։
«Վաստակաւոր Քահանայապետը կարողացաւ հանգիստ ընել անցեալ գիշեր, Ան արթուն ու ուշիմ մտքով է» հաստատեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը պատասխանելով լրագրողներուն ուղղած հարցումներուն։
«Հակառակ, որ վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր - աւելցուց Ան- իրավիճակը այս պահին կայուն է»: Մաթթէօ Պրունին յիշեցուց ապա թէ «Ֆրանչիսկոս Պապը կը նորոգէ հրաւէրը աղօթելու Պենետիկտոս ԺԶ-ին համար եւ Անոր ընկերանալու այս դժուար ժամերու ընթացքին»։
Նշենք թէ համայն եկեղեցին ու աշխարհը, ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին երեկուընէ ի վեր կ՜աղօթեն վաստակաւոր Քահանայապետին համար։ Անոնց շարքին նաեւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցին, որ այս առթիւ հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ «Հայ Կաթողիկէ կղերական դասն ու հաւատացեալները կը միանան Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքի խնդրանքին ու միաձայն աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած, որպէսզի թիկունք կանգնի իր նուիրեալ Ծառային, մխիթարէ զինք ու սփոփէ անոր ցաւերը ու տառապանքները, զոր Ան վեհանձնօրէն կը նուիրէ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն»։
Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առողջութեան վրայ կը հսկեն բժիշկներ ու թէ երէկ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն տուաւ Անոր, Վատիկանի անոր բնակավայր «Mater Ecclesiae» վանքին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ