Բազմաթիւ երկիրներ իրենց օգնութիւնը կը մատուցեն Ափրիկէին զէնք մատակարարելով` այս մէկը գայթակղութիւն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետի վերջին առաքելական ճամբորդութիւնը առանցքը կազմեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան։Աղօթենք` որպէսզի համայն Ափրիկէի մէջ բուսնին Աստուծոյ սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան Թագաւորութեան սերմերը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 8 փետրուարին Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ կայացած Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ ներկայացուց խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ափրիկեան ցամաքամասի երկու երկիներ` Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն եւ Հարաւային Սուտան անցեալ օրերուն կատարած առաքելական միջազգային ճամբորդութեան վրայ։

«Գոհաբանութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ ինծի թոյլ տուաւ կատարել ժամանակէ ի վեր ցանկացած այս ճամբորդութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան սկիզբը յայտնելով, թէ ինք ունէր երկու երազներ` այցելել քոնկոլացի ժողովուրդը, ապա Հարաւային Սուտանի բնակչութիւնը` խաղաղութեան ուխտագնացութեամբ` Քանթրըպուրրիի առաջնորդ Ժասթին Ուելպիին եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ ընդհանուր Վարիչ Եայն Կրինշիլտսը։

Ճամբորդութեան առաջին փուլ Քինշասան

«Մենք միասին գացինք վկայելու համար թէ կարելի ու անհրաժեշտ է համագործակցիլ տարբերութիւններու մէջ, մասնաւորապէս եթէ կը բաժնեկցուի Քրիստոսին մէջ հաւատքը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նախ Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան մայրաքաղաք Քինշասայի մէջ անցուցած երեք օրերուն ու անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով Երկրին Նախագահին եւ պատկան իշխանութիւններուն իրեն վերապահած ընդունելութեան համար։

Բաւ է շահագործել Ափրիկէն

Սրբազան Պապը հուսկ խօսեցաւ Նախագահական պալատին մէջ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումին ու անոնց ուղղած իր ճառին որուն մէջ Քոնկոն ներկայացուց որպէս ադամանդ մը, որ դժբախտաբար «դարձաւ կռիւի եւ բռնութեան առիթ...» ըսաւ Քահանայապետը նշելով, թէ Քոնկոն ու նաեւ Ափրիկեան ցամաքամասի այլ երկիրներ չարաշահումի ենթարկուած են, գաղութատիրութեան թիրախ են եւ կողոպտուած։ Այս բոլորին դիմաց երկու բառեր արտասանեցի` առաջինը ժխտական «կը բաւէ», կը բաւէ Ափրիկէն շահագործել եւ երկրորդ դրական` «միասին», միասին արժանապատւութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով,միասին Քրիստոսի անունով, մեր յոյսը»։

Խաղաղութիւն ձեզի

«Քրիստոսի անունով ապա համախմբուեցանք Սուրբ Պատարագի մեծ արարողութեան ընթացքին, որուն առթիւ կրկնեցի «Խաղաղութիւն ձեզի» (Յովհ. 20,19) ... եւ ուրղտերէն, որպէս աղբիւր կարող է վերսկսիլ նոր ուղեւորութիւն մը` ներումի հաղորդութեան եւ առաքելութեան ուղեւորութիւն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսելով նաեւ Քինշասայի մէջ ունեցած այլ հանդիպումներու մասին, ինչպէս Երկրին արեւելեան շրջանի բռնութիւններու զոհերուն հետ, եւ ուր, ըսաւ Քահանայապետը, «մարդիկ կ՛ապրին վախի եւ անապահովութեան մէջ, զոհաբերուած անօրէն գործունէութիւններու զոհասեղանին վրայ»։

Ոչ բռնութեան

Ունկնդրեցի մի քանի զոհերու, յատկապէս կիներու ցնցող վկայութիւնները, որոնք ապա Խաչին ոտքին զետեղեցին մահուան գործիքներ ու զէնքեր եւ անոնց հետ միասին «ոչ» ըսի բռնութեան եւ յուսալքումին եւ այս հաշտութեան եւ յոյսին։

Խաղաղութիւն հայցող երիտասարդներուն աղաղակը

«Հանդիպեցայ ապա Երկրի բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ շնորհակալութիւն յայտնելու եւ քաջալերելու զանոնք։ Անոնց աղքատներուն հետ աշխատանքը աղմուկ չի յառաջացներ բայց բարին կ՛աճեցնէ» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով նաեւ երիտասարդներուն ու կրօնուսոյցներուն հետ ունեցած հանդիպումին` «որոնց առաջարկեցի հինգ ուղիներ. Աղօթք, հասարակութիւն, ազնւութիւն, ներում եւ ծառայութիւն»։

Ժողովուրդին ծառաները

«Թող Տէրը լսէ անոնց աղաղակը, որ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն կը հայցէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսեցաւ կղերական դասին հետ ունեցած հանդիպումին որոնց յորդորեցի ըլլալ «ժողովուրդին ծառաները` որպէս Քրիստոսի սիրոյն վկաները յաղթահարելով երեք փորձութիւններ` հոգևոր միջակութիւն, աշխարհիկ յարմարաւէտութիւն և մակերեսայնութիւն... ապա Եպիսկոպոսները հրաւիրեցի ըլլալու Աստուծոյ գթութեան, մօտիկութեան եւ քնքշութեան նշանները»։

Հարաւային Սուտանի մայրաքաղաք` Ճուպա

«Ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը տեղի ունեցաւ Ճուպայի մէջ` Հարաւային Սուտանի մայրաքաղաքը, Պետութիւն` որ ծնունդ առաւ 2011ին», շարունակեց Սրբազան Պապը մատնանշելով այս հանգրուանի համամիութենական բնոյթին` «խաղաղութեան համամիութենական ուխտագնացութիւն» որ կատարուեցաւ այդ երկրի մէջ պատմական ներկայութիւն երկու Եկեղեցիներու առաջնորդներուն հետ` Անկլիքան Հաղորդութիւնը եւ Սքովտիայի Եկեղեցին։ Այս մէկը եղաւ մի քանի տարիներ առաջ սկիզբ առած ուղեւորութեան մը ժամանման կէտը, որ մեզ տեսաւ համախմբուած Հռոմի մէջ 2019 թուականին, Սուտանցի Իշխանութիւններուն հետ, յանձն առնելու հակամարտութիւնը յաղթահարելու եւ խաղաղութիւնը կառուցելու յանձնառումը։ Թէեւ հաշտութեան գործընթացքը յառաջ չի գնաց եւ նորածին Հարաւային Սուտանը զոհ է իշխելու եւ հակառակութեան հին տրամաբանութեան, որ կ՛արտադրէ պատերազմ, բռնութիւն, փախստականներ ու ներքին տեղահաններ» յարեց Սրբազան Պապը նշելով ,թէ խօսքը ուղղելով Իշխանութիւններուն հրաւիրեց «ոչ» ըսել կաշառակերութեան եւ զինավաճառութեան եւ այո հանդիպումին ու երկխօսութեան։ 

Ոչ կաշառակերութեան եւ զինավաճառութեան

Բազմաթիւ երկիրներ իրենց օգնութիւնը կը մատուցեն Ափրիկէին զէնքեր մատակարարելով` այս մէկը գայթակղութիւն է» հաստատեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու դարձեալ կրկնեց` «ոչ»  կաշառակերութեան եւ «ոչ» զինավաճառութեան աւելցնելով` որ «միայն այսպէս է, որ կարելի է զարգացումը, մարդիկը կարող կ՛ըլլան աշխատիլ խաղաղութեան մէջ, հիւանդները բուժում ստանալ, մանուկները դպրոց յաճախել»։

Համամիութենական աղօթք

Հարաւային Սուտանի այցելութեան համամիութենական բնոյթը ի յայտ եկաւ մասնաւորապէս Անկիլքան եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ եղբայրներուս հետ կատարած միասնական աղօթքի ընթացքին, որով վկայեցինք թէ կրօնը եղբայրութիւն է, խաղաղութիւն է, հաղորդութիւն է եւ թէ Աստուած Հայր է եւ կ՛ուզէ միշտ իր զաւակներուն բարիքը։

Տեղահանները

Հարաւային Սուտանը 11 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Երկիր է, ուր զինեալ հակամարտութեան պատճառաւ անոնցմէ երկու միլիոնը ներքին տեղահաններ են եւ այլ երկու միլիոն քաղաքացիներ ապաստան գտած են սահմանակից երկիրներ։ Ասոր համար հանդիպեցայ ներքին տեղահաններու խումբի մը հետ եւ մասնաւորապէս կիներուն ուղղելով խօսքս քաջալերեցի դառնալ նոր Հարաւային Սուտանի մը սերմերը` զուրկ բռնութենէ, հաշտուած եւ խաղաղ։

Եզրափակիչ պատարագ

Տեղական Եկեղեցւոյ Հովիւներուն ու նուիրեալ անձերուն հետ միասին նայեցանք Մովսէսին որպէս տիպար Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութեան։ Հուսկ պատարագի ընթացքին որ եղաւ եզրափակիչ հանդիպումը Հարաւային Սուտանի եւ համայն ճամբորդութեան, արձագանք դարձայ Աւետարանին, քրիստոնեաները խրախուսելով ըլլալ Երկրին աղն ու լոյսը։

Աղօթենք որպէսզի Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան Հարաւային Սուտանի եւ համայն Ափրիկէի մէջ բուսնին Աստուծոյ սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան Թագաւորութեան սերմերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2023, 09:54

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >