Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հունգարիոյ մէջ ամուր արմատներ ունեցող ժողովուրդը կոչուած է կամուրջներ կառուցելու»

Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց Հունգարիա կատարած ճամբորդութեան մասին, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Հունգարիոյ քաղաքական իշխանութիւններուն, տեղական եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ քաջ եւ յիշողութեամբ հարուստ Հունգարացի ժողովուրդին, նկատել տալով որ Փուտափեշտի ճամբորդութեան ընթացքին զգացած է բոլոր Հունգարացիներուն գորովը ու այսօր իր իղձն է զրուցել այդ այցելութեան մասին երկու պատկերներու միջոցաւ՝ արմատներ ու կամուրջներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 3 մայիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր Իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը կեդրոնացուց նախորդ օրերուն Հունգարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան վրայ յայտնելով, որ երեք օր առաջ Հունգարիայէն վերադարձած է ու կը փափաքի շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք պատրաստեցին եւ ընկերացան այս աղօթքի ճամբորդութեան։

Նորին Սրբութիւն ապա իր երախտագիտութիւնը վերանորոգեց Հունգարիոյ քաղաքական իշխանութիւններուն, տեղական եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ քաջ եւ յիշողութեամբ հարուստ Հունգարացի ժողովուրդին նկատել տալով, որ Փուտափեշտի ճամբորդութեան ընթացքին զգացած է բոլոր Հունգարացիներուն գորովը ու այսօր իր իղձն է զրուցել այդ այցելութեան մասին երկու պատկերներու միջոցաւ՝ արմատներն ու կամուրջներ։

Արմատներ

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ կատարած է ուխտագնացութիւն մը ժողովուրդի մը մօտ, որուն պատմութիւնը՝ ինչպէս ըսած է նախապէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ պապը, «յատկանշուած է շատ մը սուրբերով եւ մարտիրոսներով՝ շրջապատուած խոնարհ եւ աշխատասէր բազմաթիւ մարդոցմով»։ (Բարի գալուստի արարողութեան ընթացքին ճառը, Պուտափեշտ, 6 դեկտեմբեր, 1996)։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Հունգարիոյ մէջ իսկապէս ականատես եղած է պարզ եւ աշխատասէր անձերու, որոնք հպարտօրէն կը պաշտպանեն իրենց արմատներու հետ կապը ու այս արմատներուն շարքին նախ եւ առաջ կան այն սուրբերը, որոնք իրենց կեանքը տուին ժողովուրդին համար ու որոնք վկայեցին սիրոյ աւետարանը, սուրբեր որոնք լոյս դարձան խաւար պահերուն. անցեալի բազմաթիւ սուրբեր, որոնք այսօր կը յորդորեն յաղթահարել պարտուողականութեան վտանգը եւ վաղուան վախը, յիշեցնելով որ Քրիստոս մեր ապագան է ։

Նորին Սրբութիւն ապա անդրադառնալով Հունգարացի ժողովուրդին պատմութեան մէջ կրած տառապանքներուն նշեց, որ Հունգարացի ժողովուրդի քրիստոնէական զօրաւոր արմատները ենթարկուած են շատ մը փորձութիւններուն։ 1900 թուականներուն անաստուածութեան հալածանքի ժամանակ քրիստոնեաները ենթարկուած են դաժան յարձակումներուն. սպաննուած են եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւորներ կամ ալ զրկուած են իրենց ազատութենէն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ այսօր եւս, ազատութիւնը վտանգուած է։ «Նախ սպիտակ ձեռնոցներով, անզգայացնող սպառողականութիւնէն, որով մարդը կը բաւարարուի քիչ մը փոքր նիւթական բարեկեցութեամբ՝ մոռնալով անցեալը ու կը լողայ անհատական չափով ստեղծուած ներկայի մը մէջ ։ Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ երբ կը սկսինք միակ մեր անձին մասին մտածելու ու կատարելու այն ինչ որ մեզի հաճելի է այն ժամանակ մեր արմատները կ՝ենթարկուին տառապանքի ու անիկա համայն եւրոպայի վերաբերող հարց մըն է ուր ուրիշներու նուիրուիլը, հասարակութիւն զգալը, միասնաբար երազելու գեղեցկութիւնը եւ բազմաթիւ ընտանիքներու ստեղծումը տագնապի տակ են։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց խոկալ արմատները պահելու կարեւորութեան մասին, նկատել տալով որ միայն խորը թափանցելով արմատները կ՝աճին դէպի վեր եւ պտուղները կու տան։

Կամուրջներ

Այս կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Պուտափեշտը ծնած է 150 տարիներ առաջ քաղաքներու միջեւ միացումով ու հռչակաւոր է կողմերը միացնող ու անցնող կամուրջներով։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ Հունգարիան յանձնառու է վաղուայ համար կամուրջներ կառուցելու , մեծ է անոր ուշադրութիւնը բնապահպանութեան խնամքի համար ինչպէս նաեւ կայուն ապագային համար ու աշխատանքը կը տարուի կառուցելու համար սերունդներուն տարեցներու, երիտասարդներու միջեւ կամուրջներ, որ այսօր անփոխարինելի մարտահրաւէր է բոլորին համար։

«Հունգարիոյ մէջ կան նաեւ կամուրջներ, որոնք եկեղեցին կանչուած է տարածելու դէպի այսօրուան մարդիկը, որովհետեւ Քրիստոսի հռչակումը չգտնուիր լոկ անցեալի կրկնութեան մէջ, այլ միշտ կարիքը ունին թարմացումի, որպէսզի օգնէ մեր ժամանակուան այր մարդոց ու կանանց՝ վերագտնելու Յիսուսը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ, որ ինք Հունգարիա կատարած այցելութենէն շատ տպաւորուած մնացած է երաժշտութեան կարեւորութենէն, որ Հունգարիոյ մշակոյթին բնորոշ յատկանիշ է։ «Ամէն տեղ երաշտութիւն կը հնչէր. երգեհոն, դաշնամուր, ջութակ, բազմաթիւ գործիքներ եւ երգեր։ Երգեցին հաշմանդամ երիտասարդները «կեցցէ երաշտութիւնը» երգը որ կը նշանակէ կեցցէ՚ ներդաշնակութիւնը, կեցցէ՚ եղբայրութիւնը որ կեանքի յոյս ու ուրախութիւն կը շնորհէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց հրապարակային ունկնդրութիւնը, յիշելով որ Հունգարացի ժողովուրդը մեծ ջերմեռանդութիւն ունի Տիրամօր հանդէպ, որուն նուիրուած են առաջին թագաւորը՝ Սուրբ Ստեփանոսը ու յարգանքի համար Տիրամօր կը դիմէին առանց իր անունը արտասանելու կոչելով միայն թագուհի տիտղոսներով։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը աւարտեց հրաւիրելով Հունգարիոյ թագուհիին յանձնել այդ սիրելի երկիրը, թագուհի խաղաղութեան յանձնել աշխարհի մէջ կամուրջներու կառուցումը ու Երկինքի Թագուհիին յանձնել մեր սիրտերը, որպէսզի անոնք արմատանան Աստուծոյ սիրոյն ներքեւ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2023, 09:19

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >