«Միշտ ալ փնտռենք բարիին ճանապարհը` ներողամիտ ըլլալով մեր եղբայրներուն հետ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Եղբայրական ներողամտութեիւնը (Մատթ. 18,15-20) սիրոյ ամենավսեմ արտայայտութիւններէն մին է ու նաև ամենախստապահանջներէն մէկը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր Աւետարանը մեզի կը խօսի եղբայրական ներողամտութեան մասին (Մատթ. 18,15-20) որ սիրոյ ամենավսեմ արտայայտութիւններէն մին է ու նաև ամենախստապահանջներէն մէկը։ Երբ հաւատքի մէջ եղբայր մը սխալ մը կը գործէ քու դէմդ, դուն առանց բարկութեան, օգնէ անոր սխալը սրբագրելով»։ Կիրակի 10 սեպտեմբեր 2023ին կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս խօսքերով սկսաւ աւանդական խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսին խօսքերը։

 «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա՛ գտիր զինք եւ առանձին յանդիմանէ։ Եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար եղբայրդ։ Բայց եթէ մտիկ չընէ, առ հետդ մէկ կամ երկու հոգի, որպէսզի ամէն հարց վճռուի երկու կամ երեք վկաներու բերնով։ Եթէ մերժէ զանոնք, եկեղեցւոյ իմացուր, իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, քեզի համար թող ըլլայ որպէս հեթանոս մը կամ մաքսաւոր մը»։

Խուսափիլ բանբասանքէն

«Դժբախտաբար, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, առաջին բանը, որ կը յայտնուի անոր շուրջ, որ կը սխալի բանբասանքն է, որով բոլորն ալ կ՛մանան սխալի մասին, անոր բոլոր մանրամասնութիւններով, բացի շահագրգռուած կողմը։ Այս բանը արդար չէ եւ հաճելի չէ Աստուծոյ» նկատել տուաւ Սրբազան Պապը, աւելցնելով, թէ ինք երբեք չի յոգնիր կրկնելէ` որ «չարախօսութիւնը մարդոց ու ընկերութիւններուն մէջ ժանտախտ մըն է, որովհետեւ կը յառաջացնէ բաժանում, տառապանք եւ գայթակղութիւն ու երբեք օգուտ չէ կատարելագործուելու և աճելու համար»։

Եղբօրը հետ խօսիլ դէմ առ դէմ

«Սուրբ Պերնարտոս Քիարավալլէն` հոգեւոր մեծ վարդապետ մը կ՛ըսէր, թէ «անպտուղ հետաքրքրասիրութիւնը ու մակերեսային խօսքերը հպարտութեան սանդուխդի առաջին աստիճաններ են, որոնք դէպի վեր չի տանիր, այլ դէպի վար, մարդը սուզելով դէպի կորուստ եւ կործանում» յարեց Քահանայապետը հաստատելով, որ «Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ վարուիլ այլ կերպով, հրաւիրելով մեզի մեր եղբօր հետ խօսիլ «դէմ առ դէմ», որպէսզի օգնենք որ հասկնայ իր սխալը»։

Ներողամտութիւնը ներգրաւելով հասարակութիւնը 

«Այս մէկը ընելու ենք անոր բարիքին համար քաջութիւնը ունենալով խոնարհութեամբ ու արիութեամբ իրականութիւնը ըսելու երեսին», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով, թէ եթէ անիկա մտիկ չընէ Յիսուս կը խրատէ մեր հետ տանիլ այլ երկու կամ երեք հոգի, բայց ուշադիր` «ոչ թէ շատախօս խումբ մը» այլ անձեր, որոնք իրենց կարգին կ՛ուզեն իրենց եղբօր բարիքը» ու եթէ զանոնք ալ մերժէ` Յիսուս կը խրատէ ներգրաւել հասարակութիւնը։ Բայց հոս ալ պէտք է ընդգծել թէ այս մէկը չի նշանակեր անձերը պախարակել հրապարակաւ, այլ միացնել ուժերը, որպէսզի օգնենք, որ ան փոխէ իր ընթացքը» ըսաւ Քահանայապետը նշելով ,որ «մատնացոյց ընելը լաւ չէ ու յաճախ աւելի դժուար կը դարձնէ ընդունիլ սխալը»։

«Ասոր համար հասարակութիւնը մինչ կը դատապարտէ սխալը պէտք է անհատին զգացնել տայ քնքշութեամբ ու աղօթքով մօտիկութիւնը, միշտ պատրաստ ըլլալով նուիրելու ներում եւ վերսկսելու» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Բանալ մեր բազուկները

Ուստի մենք մեզի հարց տանք. Ի՞նչպէս կը վարուինք անոր հետ, որ մեր դէմ կը մեղանչէ։ Իմ մէջս կը պահե՞մ այդ մէկը կամ բարկութեամբ կը լեցուիմ։ Զայն չարախօսութեան պատճառ կը դարձնե՞մ։ Կամ կը ջանամ իրեն հետ խօսիլ։ Կ՛աղօթե՞մ անոր համար, օգնութիւն կը խնդրե՞մ բարիք գործելու։ Իսկ մեր հասարակութիւնները իրենց վրայ կ՛առնե՞ն հոգը անոր` որ կը սայթաքի, որպէսզի կարողանայ ոտքի կանգնիլ եւ սկսիլ նոր կեանք մը։ Անոնք մատնացոյց կ՛ընեն մեղադրեալը կամ կը բանան իրենց բազուկները»։

Մարիամ` որ շարունակեց սիրել հակառակ, որ լսեց մարդիկը որ իր Զաւակը կը դատապարտէին, մեզի թող օգնէ միշտ ալ փնտռելու բարիին ճանապարհը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2023, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >