Սատանային հետ պէտք չէ բանակցիլ` անոր հետ երկխօսութիւն չի կատարուիր. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Տէրը իր Հոգիի զօրութեամբ կը փափաքի այսօր եւս կրկնել չարին «Ել այնտեղէն, հանգիստ թող սիրտը, մի բաժներ աշխարհը, ընտանիքները, հասարակութիւնները, թոյլ տուր, որ անոնք ապրին խաղաղ, որպէսզի աճին ոչ թէ քու այլ իմ Հոգիիս պտուղները, որպէսզի այնտեղ իշխէ սէրը, ուրախութիւնն ու հեզութիւնը եւ բռնութեան ու ատելութեան աղաղակներուն տեղ, ըլլան ազատութիւն, խաղաղութիւն յարգանք ու բոլորի համար խնամք»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 Յունուարի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, որոնց շարքին էին նաեւ Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ամէն տարի յիշատակուող Խաղաղութեան Կարաւանին, որ այս տարի կը բոլորէ իր 45 ամեակը։

Սատանան կ՛ուզէ մեր հոգին շղթայել

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Պապը ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը, զայն կեդրոնացնելով Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ «մեզի կը ներկայացնէ Յիսուսը` որ պիղծ ոգիէ բռնուած մարդ մը կ՛ազատէ», ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով նաեւ, թէ «Սատանան կ՛ուզէ մեր հոգին շղթայել» ու զգուշացնելով «այն շղթաներէն, որոնք կը խեղդեն մեր ազատութիւնը»։

Քահանայապետը առ այդ ակնարկեց մեր սիրտը պատանդի տակ դրած մի քանի «շղթաներուն», ինչպէս ստրկացնող «հակումները» որոնք «ուժ, բարիք ու զգացումներ կը կրծեն», կամ «գերիշխող նորաձեւութիւնները, որոնք կը մղեն դէպի անհնարին կատարելութիւն, սպառողականութեան և հաճոյապաշտութեան, որոնք մարդիկը իրեր կը դարձնեն եւ կը փճացնեն յարաբերութիւնները»։

Հուսկ «փորձութիւնները և պայմանաւորումները, որոնք կը խաթարեն ինքնագնահատումը, հանգստութիւնը և կեանքը ընտրելու ու զայն սիրելու ունակութիւնը», կայ նաեւ «վախը, որ կը ստիպէ մարդուն ապագան դիտել յոռետեսութեամբ», եւ «անհանդուրժողականութիւնը` որ միշտ մեղքը կը փորձէ դնել ուրիշներուն վրայ», կայ նաեւ «իշխանութեան կռապաշտութիւնը, որ կը յառաջացնէ հակամարտութիւններ և կը դիմէ զէնքերու, որոնք կը սպանեն կամ կ՛ օգտագործէ տնտեսական անարդարութիւնը և մտքի շահարկումը»:

Յիսուս եկաւ մեզ ազատելու այս չարի կապանքներէն

«Յիսուս եկաւ մեզ ազատելու այս բոլոր կապանքներէն» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով առակին ու սատանային, որ Յիսուսին կ՛աղաղակէ «Ի՞նչու միջամուխ կ՛ըլլաս...եկար մեզ կորուստի մատնելո՞ւ»։ Մինչ Յիսուս կը պատասխանէ «Լռէ եւ ել այդ մարդէն»։

Յիսուս իշխանութիւնԸ ունի վտարելու սատանան։ Սատանային հետ բանակցութիւն պէտք չէ կատարել, Յիսուս երբեք անոր հետ երկխօսութիւն չէ հաստատած։ Ուստի երբ մենք մեզ զգանք փորձութեան մէջ դիմենք Յիսուսին», յորդորեց ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «Տէրը իր Հոգիի զօրութեամբ կը փափաքի այսօր եւս կրկնել չարին «Ել այնտեղէն, հանգիստ թող սիրտը, մի բաժներ աշխարհը, ընտանիքները, հասարակութիւնները, թոյլ տուր, որ անոնք ապրին խաղաղ, որպէսզի աճին, ոչ թէ քու` այլ իմ Հոգիիս պտուղները, որպէսզի այնտեղ իշխէ սէրը, ուրախութիւնն ու հեզութիւնը եւ բռնութեան ու ատելութեան աղաղակներուն տեղ, զետեղուին ազատութիւն, խաղաղութիւն յարգանք ու բոլորի համար խնամք»։

Սրբազան Պապը խորհրդածութիւնը աւարտեց անգամ մը եւս յանձնարարելով սատանային հետ երկխօսութիւն չի հաստատելու եւ դիմելու միշտ Յիսուսին` որպէսզի գործէ իմ մէջս ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին պաշտպանութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2024, 12:08

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >