Մոլութիւններ եւ առաքինութիւններ. Բղջախոհութեան մոլութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապը շարունակելով մոլութիւններու եւ առաքինութիւններու մասին իր խորհրդածութիւններու շարքը այսօր խօսեցաւ բղջախոհութեան մասին, որ սիրոյ սխալ ըմբռնումն է։ Արդարեւ միայն լաւը կը սիրուի։ Կիրքերը գէշ են եթէ սէրը գէշ է, բարի են եթէ սէրը բարի է։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 17 Յունուար 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը մասնակցութեամբ աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Բղջախոհութեան մոլութիւնը

«Կը շարունակենք մոլութիւններու եւ առաքինութիւններու մասին ուղեւորութիւնը եւ հին հայրերը մեզի կը սորվեցնեն, որ որկրամոլութիւնէն յետոյ երկրորդ «դևը», որ միշտ սրտի դռան մօտ կը կանգնի բղջախոհութիւնն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տալով ունկնդրութեան խորհրդածութեան դիտել տալով, որ «մինչ կոկորդը ուտելիքի հանդէպ անյագութիւն է, այս երկրորդ մոլութիւնը անյագութիւն է այլ անձի մը նկատմամբ, այսինքն մարդ արարածներուն միջեւ թունաւոր կապ, մասնաւորապէս սեռային ոլորտէն ներս»։

Այս ուղութեամբ ան  հրաւիրեց յստակ նկատել` թէ «քրիստոնէութիւնը չի դատապարտեր սեռական բնազդը»։ «Աստուածաշունչի գիրք մը` «երգ երգոցը», երկու նշանուած զոյգերու միջեւ սիրոյ հրաշալի բանաստեղծութիւն մըն է» ըսաւ Ան ընդգծելով միաժամանակ, որ «մարդկութեան այսքան գեղեցիկ չափանիշը զերծ չէ վտանգներէ, այն աստիճան` որ Սուրբ Պօղոսը եւս ստիպուած եղաւ հարցը դիմագրաւել Կորնթացիներուն ուղղուած առաջին նամակին մէջ, ուր Ան կը գրէ. «Առ հասարակ կը լսուի թէ ձեր մէջ պոռնկութիւն կայ եւ այնպիսի պոռնկութիւն՝ որ հեթանոսներուն մէջ ալ չկայ, որպէս թէ մէկը իր խորթ մայրը կ’ունենայ»։ Առաքեալին յանդիմանութիւնը կը հայի սեռականութեան սխալ ըմբռնումին ու անոր գործածութեան մի քանի քրիստոնեաներուն միջեւ»։

Զգոյշ ըլլալ այլանդակուած ցանկասիրութենէն

«Սիրահարուիլը ամենամաքուր զգացումներէն մին է եթէ ան աղտոտած չըլլայ արատով» ըսաւ ապա Քահանայապետը։

«Սիրահարուած անձ մը կը դառնայ վեհանձն, կ՛ուրախանայ նուէրներ ընելով, կը գրէ նամակներ եւ բանաստեղծութիւններ։ Կը դադրի ինքնիրեն մտածելէ, որպէսզի ամբողջութեամբ մղուած ըլլայ դէպի միւսը։ Եւ եթէ սիրահարուած անձի մը հարց տանք թէ ո՞րն է սիրոյ պատճառը, ան պատասխան պիտի չգտնէ, անոր սէրը անվերապահ է եւ պատճառ չունի։ Սիրահարուածը կը ճանչնայ միւսին դիմագիծը, ան հակուած է զայն իտէալականացնելու, պատրաստ է խոստումներ տալու, որոնց ծանրութիւնը չի ընկալեր անմիջապէս։ Այս «պարտէզը» ուր հրաշալիքները կը կրկնապատկուին, զերծ չէ չարէն։ Ան այլանդակուած է ցանկասիրութեան դևով, և այս արատը ատելի է, առնուազն երկու պատճառներու համար» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս պապը եւ բացատրեց.

Թունաւոր յարաբերութիւններ

Առաջինը` որովհետեւ կը խորտակէ անհատներու միջեւ յարաբերութիւնները եւ նման իրականութիւն մը փաստելու համար ցաւօք բաւարար են ամենօրեայ լուրերը։ Քանի յարաբերութիւններ, որոնք սկսած էին ամենալաւ ձեւերով ապա դարձան թունաւոր յարաբերութիւններ, որոնք կ՛ուզեն միւսին տիրապետել, զերծ յարգանքէ եւ չափաւորութենէ։ Անոնք սէրեր են, ուր կը պակսի ողջախոհութիւնը, առաքինութիւն մը` զոր պէտք չէ շփոթել սեռական ձեռնպահութեան հետ, այլ ուրիշին երբեք չտիրանալու ցանկութեան հետ: Սիրել` կը նշանակէ յարգել միւսը, փնտռել երջանկութիւնը, մշակել միւսին զգացումներուն նկատմամբ կարեկցանք, տրամադրուիլ մարմնի, հոգեբանութեան և հոգիի իմացութեան, որոնք մերը չեն, և որոնց մասին պէտք է խորհիլ իրենց բերած գեղեցկութեան համար»:

Սիրոյ ճանապարհին վրայ քալել դանդաղ` անիկայ միւսին տիրանալ չի նշանակեր

Բղջախոհութիւնը կը ծաղրէ այս ամէնը. Ան կը յափշտակէ, կը կողոպտէ, արագ կը սպառէ, չ՛ուզեր դիմացինին մտիկ ընել, այլ կը ցանկանայ եւ կ՛ուզէ միայն իր կարիքներն ու հաճոյքները։ Ցանկասէր մարդը միայն դիւրանցումներ կը փնտռէ, ան չի հասկանար, որ սիրոյ ճանապարհին վրայ պէտք է քալել դանդաղ, և այդ համբերութիւնը, որ հեռու է ձանձրոյթի հոմանիշ ըլլալէ, թոյլ կու տայ մեզի երջանիկ դարձնել մեր սիրային յարաբերութիւնները:

Բղջախոհութիւնը մարդը ազատազուրկ կը դարձնէ

«Բայց կայ նաեւ երկրորդ պատճառ մը` որուն համար բղջախոհութիւնը վտանգաւոր մոլութիւն է։ Մարդուս բոլոր հաճոյքներուն մէջ սեռականութիւնը ունի հզօր ձայն մը։ Ան կը ներառէ բոլոր զգայարանները։ Կը բնակի ըլլայ մարմնի ըլլայ հոգեկանի մէջ եւ եթէ կարգաւորուած չէ համբերութեամբ, եթէ չէ գրուած յարաբերութիւններու եւ պատմութեան մը մէջ, ուր երկու անհատներ զայն կը վերածեն սիրառատ պարի, ան կը վերածուի շղթայի, որ մարդը կը զրկէ ազատութիւնէ» հաստատեց Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ «փոռնոկրաֆիային» որ կը խաթարէ սեռական հաճոյքը, բաւարարութիւն` առանց յարաբերութիւններու, որ կարող է յառաջացնել կախուածութեան ձևեր:

Եթէ սեր չկայ, կեանքը տխուր մենակութիւն է

Բղջախոհութեան եւ դիմացինը «առարկայ» դարձնելու դէմ պայքարը կարող է տևել ամբողջ կեանք մը, բայց անոր վարձատրութիւնը անհամեմատելի է՝ համառ կեպով պահպանել այն գեղեցկութիւնը, որ Աստուած գրած է իր ստեղծագործութեան մէջ, երբ կը պատկերացնէր տղամարդու և կնոջ սէրը: Գեղեցկութիւն` որ մեզ կը մղէ հաւատալու, թէ միասին պատմութիւն կառուցելը աւելի լաւ է քան արկածներ հետապնդելը, քնքշութիւն զարգացնելը աւելի լաւ է քան խոնարհիլ սեփականեցնելու դևին առջեւ, ծառայելը աւելի լաւ է, քան նուաճելը: Որովհետև եթէ սեր չկայ, կեանքը տխուր մենակութիւն է», ըսաւ Սրբազան Պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2024, 09:50

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >