Սէրը` առաքինութիւններուն մէջ ամենամեծը. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սէրը համբերող է, սէրը ծառայասէր է եւ չի նախանձիր, սէրը չի պարծենար, չի հպարտանար, չի յանդգնիր։ Սէրը սեփական շահը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չի չարախօսեր, անիրաւութեան մէջ չի հրճուիր, կը խայտայ ուրախութեան մէջ։ Սէրը կ՜արդարացնէ ամէն բան, կը հաւատայ, կը վստահի ամէն խոստումի, ամէն բանի կը համբերէ» Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան զոր Ան ներկայացուց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, այնտեղ այս առիթով համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
«Այսօր պիտի խօսինք աստուածաբանական երրորդ առաքինութեան մասին` սէրը, յոսի եւ հաւատքի առաքինութիւններէն ետքը։ Անիկա գագաթնակէտն է համայն ուղեւորութեան` զոր կատարեցինք առաքինութիւններու մասին խորհրդածութիւններու ընթացքին», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան եւ շարունակեց. «Սիրոյ մասին մտածելը սիրտը կը լայնացնէ եւ միտքը կ՛ուղղուի խօսքերուն, որ ներշնչուած են Սուրբ Պօղոսի Կորընթացիներուն առաջին նամակէն, ուր առաքեալը կը հաստատէ «հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մէջ ամենէ մեծը սէրն է» (Ա Կորնթ. 13,13) ։
«Պօղոս նամակը ուղղած է հասարակութեան մը, որ բաւականին կռուարար էր, կային ներքին պառակտումներ, կային այնպիսի մարդիկ, որոնք կը պնդէին, թէ միշտ իրաւացի են և չէին լսեր ուրիշներուն՝ զանոնք համարելով ստորադաս։
Պօղոս անոնց կը յիշեցնէ թէ «գիտութիւնը կը բքացնէ իսկ սէրը կը կառուցէ (Ա Կորընթ. 8,1)....» Պօղոսին մտահոգութիւն այն էր որ Կորնթացիներու հասարակութեան մէջ, ինչպէս այսօր մեր հասարակութիւններուն մէջ, աստուածաբանական սիրոյ առաքինութեան համար տեղ չկար, ու թէ անոնք սխալ կերպով կ՛ըմբռնէին այդ սէրը մինչ ինք կը խօսէր այն սիրոյն մասին «որ չ՛առներ, այլ կը նուիրէ, սիրոյն` որ չերեւնար, այլ կը թաքնուի» նկատել տուաւ Սրբազան Պապը։
«Հինաւուրց Քրիստոնեաները բազմաթիւ բառեր ունէին սէրը սահմանելու համար ապա կեդրոնացան «ակափէ» բառին վրայ, որ մենք կը թարգմանենք սէր» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով, որ «Քրիստոնեաները կարող են սիրել աշխարհի բոլոր սէրերով, սակայն կայ սէր մը, որ աւելի մեծ է ու ան կու գայ Աստուծմէ եւ ուղղուած է դէպի Աստուած, որ մեզ ալ ատակ կը դարձնէ սիրելու զԱստուած ու դառնալու Անոր բարեկամները, ու մեզ կարող կը դարձնէ սիրելու մերձաւորը այնպէս ինչպէս զայն կը սիրէ Աստուած, ահա այս սէրն է, որ մեզ կը մղէ այնտեղ ուր մարդկայնօրէն պիտի չերթայինք. Սէր աղքատին նկատմամբ, անոր` որ մեզ չի սիրեր ու երախտապարտ չէ։ Սէր` նաեւ թշնամիին հանդէպ եւ այս մէկը «աստուածաբանական» է, այսինքն Աստուծմէ կու գայ, եւ Սուրբ Հոգիին գործն է մեր մէջ» յարեց Սրբազան Պապը նշելով` որ «այս սէրը կը տարբերի պարզ սէրէն» ու ակնարկելով Յիսուսի խօսքերուն. «Եթէ սիրէք ձեզ սիրողները ի՞նչ արժանիք ունիք, քանի որ մեղաւորներն ալ կը սիրեն իրենց սիրելիները։ Եթէ բարիք ընէք ձեզի բարիք ընողներուն, ի՞նչ արժանիք ունիք, քանի որ մեղաւորներն ալ նոյն կ՛ընեն» (Ղուկ 6,32-33) ապա կ՛աւելցնէ «բայց դուք սիրեցէք ձեր թշնամիները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն, փոխ տուէք անոր որմէ ակնկալութիւն չունիք առնելու։ Այն ատեն ձեր վարձատրութիւնը մեծ պիտի ըլլայ եւ պիտի կոչուիք Բարձրեալին որդիները, քանի որ ինք ալ բարի է թէ չարերուն թէ ապաշնորհներուն հանդէպ (Ղուկ 35)։
«Այս խօսքերուն մէջ սէրը կը յայտնուի որպէս աստուածաբանական առաքինութիւն եւ կը նշմարենք, որ ասիկա դժուար սէր է, առ աւելին անկարելի զայն ապրելու եթէ չենք ապրիր Աստուծոյ մէջ» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով, որ մեր մարդկային բնութիւնը մեզի սիրել կու տայ այն ինչ որ գեղեցիկ ու բարի է։ Իտէալի կամ մեծ սիրոյ համար կարող ենք նաեւ ըլլալ վեհանձն ու գործել հերոսական արարքնե։ Բայց Աստուծոյ սէրը այս բոլորէն անդին կ՛երթայ։ Քրիստոնէական սէրը կ՛ողջագուրէ այն ինչ, որ սիրելի չէ, ներում կը շնորհէ կ՛օրհնէ անոնք` որ իրեն կը հայհոյեն։ Անիկա միակ բանն է, որ պիտի մնայ մեր մէջ։ Նեղ դուռն է, որուն մէջէն պէտք է անցնիլ հասնելու համար Աստուծոյ Արքայութեան»։
«Որովհետև կեանքի երեկոյեան մենք ոչ թէ ընդհանուր սիրոյ, այլ ճիշտ բարեգործութեան այս սիրոյ հիման վրայ պիտի դատուինք. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի ամէն անգամ, որ նման բարիք մը ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն, որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք (Մատթ . 25,40):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ